Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 40.400 լ. ոսկի է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ Թաէֆի սահմանադրութիւնը բարեփոխումի ենթարկել կը նշանակէ Լիբանանը դարձեալ զետեղել լիբանանեան գարնան արհաւիրքներուն մէջ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 3000 լ. ոսկիով, մազութը` 4000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը սղած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 753.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 770.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 896.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 449.000 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց Լեռնալիբանանին վերաբերող հարցեր: Մաուլաուիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Ուալիտ Պաարինի եւ Ահմետ Խէյր, որոնք քննարկեցին Աքքարի եւ Մընիէի կարիքներն ու բարգաւաճման հարցերը: Մաուլաուի ընդունեց նախկին երեսփոխան Մանսուր Ղանեմ Պոնը, որուն հետ քննարկեց Քեսրուան Ֆթուհի վերաբերող հարցեր:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ: Ժեմայէլ ընդգծեց յանդուգն նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել բոլոր փշոտ հարցերը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ազգային երաշխիք է` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան անոր թեկնածութիւնը կը պաշտօնականացուի, երբ պայմանները ապահովուին: Թոնի Ֆրենժիէ հաստատեց, որ իրենք պիտի չընտրեն հանրապետութեան նախագահ մը, որ ճակատումի ծրագիրով առաջադրած է իր թեկնածութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ տակաւին չկայ նախագահական թեկնածու մը, որ կարողութիւն ունենայ ներքին իմաստով բաւարարաչափ քուէներ ունենալու եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու: Ան աւելցուց, որ թեկնածուներու առումով համախմբումը տակաւին յստակ որոշում չունի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ նախագահական պաշտօնավարութեան նստաշրջանի վերջին տասը օրերուն ընթացքին կարելի պիտի չըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրել, այլ` պիտի կազմուի կառավարութիւն եւ պիտի ստորագրուի ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ ամերիկեան եւ սէուտական դեսպանատուները նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը զետեղեցին ամէնէն դժուար եւ հեռաւոր առանցքին վրայ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարի Հըզպալլայի պատասխանատու Նաուար Սահիլիի հետ: Սահիլի Իպրահիմին յայտնեց Հըզպալլայի պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու այս հարցին լուծման: Սահիլի յայտնեց, որ Հըզպալլայի կարողութիւնները Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին տրամադրութեան տակ կը դնէ:

 

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ «Բարոյագիտութիւն – Փիլիսոփայական Ակնարկ» Աշխատութիւնը

Յաջորդը

Ֆայեատ. «Եգիպտական Կազ Ներածելու Համաձայնութեան Ուշացումին Պատճառը Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Երաշխիքներ Չշնորհելն Է»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.