Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Քիլիան Էմպափէի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական խիստ լարուած են:
Նշուեցաւ, որ յունուար 2023-ին, երբ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումները սկսին, ան անմիջապէս պիտի հեռանայ փարիզեան ակումբէն:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 23 տարեկան ֆութպոլիստը կ՛ուզէ միանալ Անգլիոյ փոխախոյեան Լիվըրփուլին:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ 12 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 11 կոլ:


