Մոսկուան կը տեսնէ Եւրոպական Միութեան հերթական փորձերը` ամէն գնով միջամտելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին եւ դուրս մղելու Ռուսիան: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման, շրջանին մէջ ամուր խաղաղութեան, երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման միակ բանալին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններու ամբողջական կեանքի կոչումն է», նշած է Զախարովան:
Ան աւելցուցած է, որ Մոսկուան պարբերական հաղորդակցութիւններ կը պահպանէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ:
Զախարովա խօսած է նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւն տեղակայելու մասին` նշելով, որ Եւրոպական Միութիւնը տակաւին ատիկա չէ որոշած:


