Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Երբ մենք կը քալենք քաղաքին խճողուած փողոցներուն մէջ, երբեմն մեզի համար դժուար կ՛ըլլայ մայթերէն քալելը, կամ փողոցը անցնիլը` սփռուած ապրանքներուն, կամ երթեւեկը դանդաղեցնող ինքնաշարժներուն պատճառով:
Սակայն գիտէի՞ր, թէ այս առօրեայ կեանքը շատ աւելի խրթին է Թայլանտի մայրաքաղաք Պանքոքի մօտ Սամութ Սոնկքրամի նշանաւոր շուկային մէջ… որուն մէջէն կ՛անցնի շոգեկառքի գիծը:
***
Շուկան տարածուած է 500 մեթր երկայնքի մը վրայ եւ կ՛ընդգրկէ հարիւրաւոր վաճառականներու խանութները: Հոն ամէն ինչ կարելի է գտնել` ուտելիք, հագուստներ, յուշանուէրներ…
Սակայն օրական 6 անգամ ամէն մարդ կը հաւաքէ դուրսը շարուած ապրանքները, որպէսզի շուկային մէջէն անցնող շոգեկառքին անցքը կարելի դառնայ: Շոգեկառքը իր ճչակը կ՛արձակէ եւ դանդաղօրէն կը յառաջանայ: Անոր կառքերը կ՛անցնին գիծին երկայնքին զգուշութեամբ շարուած պտուղներու, բանջարեղէններու, պղպեղներու սեղաններուն մօտէն:
Վաճառականները կը հաստատեն, որ ասիկա բնաւ վտանգաւոր չէ: Անոնցմէ շատերը տասնեակ տարիներով այդ շուկային մէջ կ՛աշխատին եւ ո՛չ մէկ արկածի հանդիպած են:
Այս շուկան զբօսաշրջիկներուն համար չէ նախատեսուած: Թայլանտի բնակիչները հոն կ՛երթան իրենց գնումները ընելու: Սակայն անշուշտ հոն կարելի է հանդիպիլ նաեւ բազմաթիւ հետաքրքրասէր օտարներու, որոնք կու գան նկարելու սեղաններուն, վաճառականներուն եւ ասոնց յաճախորդներուն քսուելով անցնող շոգեկառքը:
Անհաւատալի… Բայց Իրաւ
- Երկրագունդը այնքան արագ կը դառնայ, որ կարծէք հասարակածին վրայ կանգնած անձ մը կը ճամբորդէ ժամական 1600 քմ արագութեամբ:
- Կիտրոնը կրնայ աւելի շաքար պարունակել, քան` ելակը:
- Մեր տիեզերքը մօտաւորապէս 13,7 միլիառ տարեկան է:
- Ըստ ուսումնասիրութիւններու, երբ իրարու հաւասար կարողութիւններ ունեցող երկու խումբերը իրարու դէմ կը մրցին, կարմիր տարազ հագած խումբին յաղթանակը աւելի հաւանական է:
- Աշխարհի ամէնէն կարճ պատերազմը տեւած է 38 վայրկեան:
- Երկրագունդի մթնոլորտին ամէնէն բարձր խաւին հասնելու համար պէտք է իրարու վրայ շարել աւելի քան 100 հազար ընձուղտներ:
- Փիղերը կրնան մարդոցմէ աւելի արագ վազել:
- Մենք օրական աւելի քան մազի 100 թել կը կորսնցնենք:
- Տաք արիւնով գորտ մը կարկաչումի աւելի արագ կը կռկռայ, քան` պաղ արիւնով գորտ մը:
- Կարմիր գոյն տեսնելով սիրտդ աւելի արագ կը տրոփէ:
- Ադամանդի կարգ մը կտորներ աւելի քան մէկ միլիառ տարուան են:
- Մեր ոտքերը ունին աւելի քան 500 հազար քրտինքի գեղձեր:
- Աշխարհի հանքերէն հաւաքուած ամբողջ ոսկին կրնայ լեցնել ողիմպիական երկու լողաւազան:
- Ձեռնարկի մը ընթացքին մարդ մը շաքարով ծածկուած 49 տոնաթներ կերաւ 8 վայրկեանէն:
- Աւելի քան 1000 երկրագունդեր կրնան բաւել Լուսնթագ մոլորակին մէջ:
- Մէկ միլիառ տարի առաջ երկրագունդին վրայ օրերը կը տեւէին միայն 18 ժամ:
- Ալասքայի մէջ գոյութիւն ունին 30 մեթր բարձրութիւն ունեցող աւազաբլուրներ:
- Թագուհի մեղուն կրնայ մէկ օրուան մէջ մինչեւ 2000 հաւկիթ ածել գարնան եղանակին:
- Կնոջ սիրտը ընդհանրապէս աւելի արագ կը տրոփէ, քան` այր մարդուն սիրտը:
- Կարգ մը գորտեր կրնան ձմրան տոկալ ինքզինքնին գրեթէ ամբողջովին սառեցնելով:
- Նիւ Մեքսիքոյի շրջանի քարայրներէն մէկուն մէջ գտնուած է 4000 տարուան փոփքորն:
- Մողէսը իր լեզուն դուրս կը հանէ հոտուըտալու համար:
- Երեւակ մոլորակին օղակները բաղկացած են սառոյցէ եւ քարերէ:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Ամէն տարի Թայլանտի մէջ կը տօնուի Լոյ քրաթոնկի փառատօնը` Լոյսի փառատօնը: Ամէն մարդ քրաթոնկ մը կը շինէ, կամ կը գնէ` զայն ջուրին վրայ դնելու եւ ձգելու, որ հեռանալով հետը տանի վատ բախտը, կամ անցած տարուան մեղքերը, եւ հետը բերէ բախտը նոր տարուան համար:
Քրաթոնկը փոքրիկ նաւակ մըն է, կամ ծփացող կողով մը, որ աւանդականօրէն շինուած է զգուշօրէն ծալուած պանանի տերեւներէ: Իւրաքանչիւր քրաթոնկ լեցուած կ՛ըլլայ ծաղիկներով, խունկի երեք ցպիկներով, եւ մէջտեղը դրուած կ՛ըլլայ մոմ մը:
Աւանդութիւն է, որ մարդիկ մաղթանք մը կատարեն կամ աղօթք մը արտասանեն, երբ իրենց նաւակը կը դնեն ջուրին վրայ:
Կ՛ըսուի, որ եթէ կեդրոնի մոմը հեռանալով փայլուն կերպով վառի, մաղթանքը պիտի իրականանայ:
***
Կրնաս դուն ալ քու քրաթոնկդ յղանալ` ներշնչուելով սիւնակի մէջի օրինակներէն` այս նոր վերամուտին մաղթանք մը կատարելով:
Մտածենք
Քանի՞ Տարեկան Եմ
1.- Գարունը Պետիկէն 3 տարի մեծ է:
2.- Յովիկը եւ Ալինը նոյն տարիքը ունին:
3.- Արամը Գարունէն 2 տարի մեծ է:
4.- Պետիկը 9 տարեկան է:
5.- Ալինը Արամէն 3 տարի աւելի պզտիկ է, իսկ Մարալէն 2 տարի աւելի մեծ:
Քանի՞ տարեկան է իւրաքանչիւր մանուկ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել բազկաթոռին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել այս թիւերու տախտակը: