Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-Ին Մէջ Ճենտերեճեան Եղբայրներուն Կատարումները Արժանացան Ներկաներու Բարձր Գնահատանքին

March 6, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին կիրակի, 4 մարտ 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նուագահանդէս` կատարողութեամբ Արմէն (ջութակ 1) եւ Աշոտ (ջութակ 2) Ճենտերեճեաններուն, դաշնակի ընկերակցութեամբ Իզապէլ Գայայեանի:

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անունով խօսք առին տոքթ. Սեպուհ Այնթէպլեան (անգլերէն) եւ Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան (հայերէն): Անոնք հաստատեցին, որ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան իսկական ցուցանիշը եղաւ իր տնօրէններով ու ուսուցիչներով եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին հետ կնքած իր համաձայնագիրով տարիներու վրայ երաժշտական կապի կամուրջ մը ստեղծեց` հաստատ քայլերով մասնագիտական ուսում ջամբելու համար երաժշտութեան ուսանողներուն: Անոնք նկատել տուին, որ Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճեան եղբայրները Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ աւելի քան 40 տարիներ իրենց դրոշմը ձգած են եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած: Անոնք շնորհակալական խօսք ուղղեցին Արմէն ու Աշոտ Ճենտերեճեաններու եւ Իզապէլ Գայայեանին, որ ձեռնարկին իր մասնակցութեամբ ցոյց տուաւ սփիւռք – Հայաստան գործակցութեան գործնական դրսեւորումը, ձեռնարկի հովանաւորներ Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլին, որոնք քաջալեր հանդիսացան Համազգայինի առաքելութեան, ինչպէս նաեւ ներկաներուն, որոնք կը հաւատան Համազգայինի առաքելութեան եւ կը վստահին իրենց զաւակները «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին, որ արուեստով եւ մշակոյթով կը հարստացնէ զիրենք:

Այնուհետեւ Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճեաններ` ընկերակցութեամբ Իզապէլ Գայայեանի, առաջին բաժինով ներկայացուցին Քորելիի, Վիվալտիի, Հայտենի եւ Հենտելի երաժշտական ստեղծագործութիւններէն կտորներ, իսկ երկրորդ բաժինով` Նարեկացիի, Շուպերթի, Պրամզի, Վիենիավսքիի եւ Ազարաշվիլիի ստեղծագործութիւններէն, որոնց մշակումը իրենք կատարած էին:

Ճենտերեճեան եղբայրները իրենց նուագած 21 կտորներով արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

 

Նախորդը

1050-Ամեայ Թանկարժէք Անին

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւն. Հայ Դատի Ընդհանուր Ուղղութիւններուն Եւ Մարտահրաւէրներուն Մասին Դասախօսեց Շահան Գանտահարեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.