Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցողին Վերաբերեալ Իրանի Սկզբունքային Դիրքորոշումները Յստակ Են, Որեւէ Երկիմաստութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Քենաանի

September 20, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այլ հարցերու շարքին անդրադարձած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին վրայ Պաքուի շղթայազերծած յարձակումին` ընդգծելով, որ հարաւային կովկասեան շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ Իրանի անկեղծ ու յստակ դիրքորոշումը բազմիցս տարբեր մակարդակներով արտայայտուած է, եւ որեւէ երկիմաստութիւն չկայ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:

«Ցաւօք, անցեալ երեքշաբթի օրուընէ մենք ականատես եղանք սահմանային նոր տագնապներու սկիզբին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, ինչ որ պիտի յանգեցնէ երկու կողմերու մեծ թիւով զոհերու եւ վիրաւորներու: Հիմնուելով դրացնութեան քաղաքականութեան վրայ եւ փորձելով կառուցողականօրէն օգնել շրջանային ճգնաժամերու լուծման` Իրան որքան կարելի է շուտ սկսաւ քաղաքական ջանքերը», նշած է ան:

Իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի վարչապետը Իրանի նախագահին հետ զրուցած է, այդ զրոյցի ընթացքին նախագահ Ռայիսին յայտնած է Իրանի տեսակէտներն ու դիրքորոշումները խնդիրին առնչութեամբ եւ հայկական կողմին ներկայացուցած է իր քաղաքական առաջարկները:

«Ինչպէս նախապէս, Իրանը, որ ճգնաժամի սկիզբէն որեւէ օգնութիւն չէ խնայած տագնապներուն վերջ տալու համար, արագ գործած է եւ դիւանագիտական ջանքերով փորձած է զինադադար հաստատել եւ երկու երկիրներու սահմաններուն վրայ խաղաղութիւնը վերականգնել: Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումները յստակ են, եւ մենք կը հաւատանք քաղաքական մօտեցումներու եւ լուծումներու կիրարկման անհրաժեշտութեան` տագնապները դադրեցնելու, լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ քաղաքական երկխօսութեան մէջ մտնելու` երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու համար»:

«Ինչ կը վերաբերի շրջանի աշխարհաքաղաքականութեան, Իրանի քաղաքականութիւնը յստակ է, եւ մենք կը կարծենք, որ այն, ինչ որ կրնայ այդ վէճերը լուծելու օգնել, երկու երկիրներուն մէջ  երկխօսութիւններ սկսելու քաղաքական կամքի գոյութիւնն է եւ շրջանային շրջանակներու օգտագործումը, որ պիտի օգնէ վերջ տալ տագնապներուն», յայտարարած է բարձրաստիճան դիւանագէտը` աւելցնելով, որ Իրան պատրաստ է օգնելու վերջ դնելու լարուածութեան եւ լուծելու տարակարծութիւնները` հիմնուելով երկու կողմերուն հետ բարի դրացիական քաղաքականութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւններու վրայ:

 

Նախորդը

Պլինքըն Դարձեալ Ալիեւին Կոչ Ուղղած Է` Պահպանելու Զինադադարը Եւ Զօրքերը Մարտէն Դուրս Բերելու

Յաջորդը

Ամերիկեան Կողմի Նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով Եռակողմ Հանդիպում

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Մէջ Իրանի  Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան  Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ

October 13, 2026
Հայաստանի Ազգային Ժողովը  Վաւերացուց ՔՈՓ17-ի Համաձայնագիրը
Հայկական

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ՔՈՓ17-ի Համաձայնագիրը

October 13, 2026
Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.