Միջազգային Անդրադարձներ` Հայաստանի Վրայ
Ազրպէյճանի Յարձակումին Մասին
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ Պաքուի շղթայազերծած յարձակումին վերաբերեալ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Ծայրայեղ մտահոգութիւն կը յայտնենք այս տարուան 13 սեպտեմբերի գիշերը հայ-ազրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներու մէջ կացութեան կտրուկ սրման նկատմամբ:
«Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու կացութեան հետագայ սրումէն, զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ խստօրէն պահպանելու զինադադարը` համաձայն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն:
«Մենք սերտ կապի մէջ ենք Պաքուի եւ Երեւանի հետ: Հայաստանի ղեկավարութենէն ստացուած է դիմում` գոյութիւն ունեցող երկկողմանի համաձայնագիրներուն համապատասխան եւ ՀԱՊԿ-ի միջոցով կացութեան լուծման աջակցելու խնդրանքով:
«Կ՛ակնկալենք, որ Ռուսիոյ միջնորդութեան շնորհիւ այս տարուան 13 սեպտեմբերին Մոսկուայի ժամանակացոյցով ժամը 9:00-ին զինադադարի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը պիտի գործադրուի ամբողջութեամբ:
«Առաջուան պէս կը մեկնինք անկէ, որ վիճելի խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական ճամբով, իսկ սահմանային հարցերու շուրջ` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման երկկողմանի յանձնախումբի աշխատանքի ծիրին մէջ»:
Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադար ձեռք բերուած է:
Անոր համաձայն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ զինադադարը ձեռք բերուած է Ռուսիոյ ջանքերուն շնորհիւ, ներառեալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի զրոյցէն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքէն ետք:
Ըստ Քարասինի, երկու երկիրներու սահմանին վրայ տիրող կացութեան առնչութեամբ տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելու, որովհետեւ Երեւանը դիմած է ՀԱՊԿ-ին:
Պլինքըն Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու
Բոլոր Զինուորական Գործողութիւնները
Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ դադրեցնելու բոլոր զինուորական գործողութիւնները: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ:
Պլինքըն, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ, շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգ են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի երկայնքին յարձակումներու, ներառեալ Հայաստանի մէջ բնակավայրերու եւ քաղաքային ենթակառոյցներու դէմ հարուածներու մասին հաղորդումներով:
Ան նշած է, որ ինչպէս նախապէս յստակօրէն նշուած է, տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ:
Մինչ այդ, Պլինքըն Հայաստանի վարչապետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ամերիկեան կողմի խոր մտահոգութիւնը արտայայտած է ստեղծուած կացութեան նկատմամբ եւ անթոյլատրելի նկատած կացութեան հետագայ լարումը: Ան Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը յայտնած է ջանքեր գործադրելու` կացութիւնը կայունացնելու ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Մայքըլ Քարփենթըր «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին զինուորական գործողութիւններն ու Հայաստանի քաղաքային կառոյցներու դէմ հարուածներու մասին տեղեկութիւնները անընդունելի են եւ պէտք է անյապաղ դադրեցուին: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չունի զինուորական լուծում, դիւանագիտութիւնը պէտք է յաղթէ»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տագնապին սրումը:
Ըստ հրապարակման, Ուաշինկթըն մտահոգ է շրջանին մէջ աճող լարուածութեամբ եւ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն գիշերը զրուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին զինուորական գործողութիւններու, ներառեալ Հայաստանի տարածքը գնդակոծելու առնչութեամբ:
«Պլինքըն Ալիեւին կոչ ուղղած է դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները եւ ընդգծած, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի ձգտին բախումներու դադրեցման ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ֆրանսան ՄԱԿ–ի Ապահովութեան
Խորհուրդի Նիստի Կը Հրաւիրէ
Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի կը հրաւիրէ` քննարկելու համար Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի կացութեան սրումը: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Էլիզէի պալատին:
Մաքրոնի Եւ Միշելի Կեցուածքները
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Մաքրոն Փաշինեանի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անթոյլատրելի նկատած է լարուածութեան հետագայ խորացումը եւ շեշտած կացութիւնը լիցքաթափելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Փաշինեան մանրամասն ներկայացուցած է Հայաստանի գերիշխան տարածքին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած յարձակումին պատճառով ստեղծուած կացութիւնը:
Շարլ Միշել նշած է, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է ջանքեր գործադրելու` հետագայ մագլցումը կանխարգիլելու համար:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը աւելի ուշ յայտարարեց. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմաններուն վրայ մարտերու մասին տեղեկութիւնները ծայրաստիճան մտահոգիչ են: Անոր համաձայն, «անհրաժեշտ է լիարժէք եւ կայուն զինադադար»:
«Խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը այլընտրանք չունին, զանոնք ապահովելու համար դիւանագիտութիւնը եւս այլընտրանք չունի», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Միշել` տեղեկացնելով, որ կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ:
Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի խնդրանքով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար պիտի մեկնի Պաքու եւ Երեւան` աշխատելու հետագայ լարուածութիւնը կանխարգիլելու ուղղութեամբ:
«Լը Ֆիկարօ», յղում կատարելով Էլիզէի պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան, կը հաղորդէ, որ Մաքրոն կոչ ուղղած է յարգելու զինադադարը եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ նշած է, որ պատրաստ է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկելու կացութիւնը եւ կողմերու տրամադրութեան տակ է տագնապին առնչուող եւ ատկէ բխող հարցերը բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով լուծելու համար:
Քենաանի. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Սահմաններու
Որեւէ Փոփոխութիւն Անթոյլատրելի Է.
Թեհրան Պատրաստ Է Տարակարծութիւնները Լուծելու Համար
Որեւէ Օգնութիւն Տրամադրելու»
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան եւ սահմանային տագնապի սրման վերաբերեալ` երկիրներուն կոչ ուղղելով զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ վէճերը լուծելու խաղաղ ճամբով` միջազգային օրէնքի հիման վրայ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անգամ մը եւս ընդգծած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կողմէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու որեւէ փոփոխութեան անթոյլատրելիութիւնը:
Ընդգծելով, որ Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի այս հարցին առնչուած արձանագրուած զարգացումներուն, Քենաանի յայտարարած է երկու երկիրներու` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը եւ Թեհրանի երկու դրացի երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու համար որեւէ օգնութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը:
Ալիեւ Խորհրդակցութիւն Կատարած Է
Զինեալ Ուժերու Ղեկավարութեան Հետ
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խորհրդակցութիւն կատարած է զինեալ ուժերու ղեկավարութեան հետ` քննարկելու հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը:
Նախագահական գրասենեակին համաձայն, խորհրդակցութիւնը, որուն մասնակցած է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, Ալիեւին զեկուցած է. «Երկու երկիրներու սահմանին հայկական զինեալ ուժերու սադրանքները կասեցուած են, բոլոր անհրաժեշտ առաջադրանքներն ու յանձնարարութիւնները կատարուած են»:
«Յառաջացած լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը կը կրէ», ընդգծուած է:
Չաւուշօղլու Ու Պայրամով Հեռաձայնով Քննարկած Են
«Հայ–Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Հայկական Սադրանքները»
Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, թէ Ճէյհուն Պայրամովի հետ քննարկած են «հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կատարուած հայկական սադրանքները»:
«Հայաստան պէտք է դադրեցնէ իր սադրանքները եւ կեդրոնանայ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու եւ համագործակցութեան վրայ», գրած է Չաւուշօղլու:
Պայրամով իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին «ընդգծուած է Հայաստանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններու կատարման եւ յարձակումի դադրեցման կարեւորութիւնը»:
Պորել. «Մենք Կը Յորդորենք Անմիջապէս Դադրեցնել
Բռնութիւնները Եւ Վերադառնալ Բանակցութիւններու»
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցած զինուորական բախումը վտանգաւոր մագլցում է, որ պէտք է դադրեցուի:
«Մենք կը յորդորենք անմիջապէս դադրեցնել բռնութիւնները եւ վերադառնալ բանակցութիւններու: Եւրոպական Միութիւնը կապի մէջ է երկու կողմերուն հետ` լարուածութեան մեղմացման նպաստելու համար», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Պորել:
Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար թուիթըրեան գրառումով անդրադարձաւ 13 սեպտեմբերին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ Պաքուի շղթայազերծած յարձակումին:
«Հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին մարտերը եւ աշխուժ հրետակոծութիւնները պէտք է անյապաղ դադրեցուին: Եւրոպական Միութիւնը սերտ կապի մէջ է կողմերուն հետ` նպաստելու լարուածութեան մեղմացման», կը գրէ Քլաար:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ կրակոցը դադրեցնելու` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը բանակցութիւններու համար կը մեկնի Հայաստան եւ Ազրպէյճան:
ՕԹԱՆ Զինուորական Գործողութիւններու
Անյապաղ Դադրեցման Եւ Լարուածութեան
Շտապ Մեղմացման Կոչ Կ՛ուղղէ
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով օգնականի տեղակալ, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինան արձագանգած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին Պաքուի շղթայազերծած յարձակումին:
«Շատ մտահոգուած եմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանի երկայնքին յարձակումներէն, ներառեալ Հայաստանի մէջ բնակավայրերուն եւ քաղաքային ենթակառոյցներուն հասցուած հարուածներուն նկատմամբ: ՕԹԱՆ-ը զինուորական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման եւ լարուածութեան շտապ մեղմացման կոչ կ՛ուղղէ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Քոլոմինա:
Վրաստան Պատրաստ Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ
Սրած Տագնապը Լուծելու Համար Միջնորդ Ըլլալու
Վրաստանը պատրաստ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սրած տագնապը լուծելու համար միջնորդ ըլլալու: «Ռեկնում» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ ըսած է Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան նախագահ Իրաքլի Քոպախիծէ:
«Մենք չափազանց շահագրգռուած ենք ատով, եւ եթէ Վրաստանը կարենայ միջնորդի դեր խաղալ, մենք ամէն ինչ պիտի ընենք ատոր նպաստելու համար», ըսած է կուսակցութեան նախագահը:
ՀԱՊԿ–ի Մնայուն Խորհուրդի Անդամները
Խիստ Մտահոգութիւն Յայտնած Են
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մնայուն խորհուրդի անդամները խիստ մտահոգութիւն յայտնած են հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած կացութեան նկատմամբ եւ քննարկած կացութեան լուծման համար ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմներու հաւանական գործարկման վերաբերեալ առաջարկները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը:
«13 սեպտեմբերին հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մնայուն խորհուրդի արտակարգ նիստը` ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան ղեկավարութեան եւ միացեալ սպայակոյտի պետ, զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովի մասնակցութեամբ:
«Նիստին նախագահող, ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ու լիազօր ներկայացուցիչ Վիքթոր Պիյակով գործընկերներուն տեղեկացուցած է հայ-ազրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներու մէջ կացութեան զարգացման մասին եւ այդ առնչութեամբ յայտնած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմումի մասին` ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն:
«Խորհուրդի անդամները խիստ մտահոգութիւն յայտնած են ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ եւ քննարկած են կացութեան լուծման համար ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմներու հաւանական գործարկման վերաբերեալ առաջարկները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
ՄԱԿ–ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ`
Անյապաղ Լարուածութեան Վերջ Տալու Քայլեր Ձեռնարկելու
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ ուղղեց անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու սահմանային լարուածութիւնը թուլացնելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ընդհանուր քարտուղարը խորապէս մտահոգ է սահմանին վերսկսած բախումներու մասին հաղորդումներով: Անթոնիօ Կութիերես կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու լարուածութեան վերջ տալու ուղղութեամբ, առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ գոյութիւն ունեցող հարցերը լուծելու երկխօսութեան ու գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերու միջոցով», ըսած է անոր բանբերը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ յորդորած է հաւատարիմ մնալ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ իր աջակցութիւնը յայտնած շրջանին մէջ միջնորդական բոլոր ջանքերուն:
Կիպրոս Կը Դատապարտէ
Ազրպէյճանի Յարձակումը
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան կտրուկ սրման նկատմամբ` դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած յարձակումը:
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան կտրուկ սրումին նկատմամբ, որ Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող դիրքերու վրայ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումին հետեւանքն է: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ յարձակումը եւ կոչ կ՛ուղղէ` յարգելու 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի համաձայնագիրը` լարուածութիւնը արագօրէն թուլացնելու համար: Կիպրոսի Հանրապետութիւնը կ՛աջակցի վէճերու խաղաղ լուծման` միջազգային իրաւունքի հիման վրայ», նշուած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Քոնկրեսական Կեցուածքներ
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Փալոն «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարեց 13 սեպտեմբերին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ Պաքուի շղթայազերծած յարձակումին վերաբերեալ:
«Խստօրէն կը դատապարտեմ Հայաստանի հարաւային շրջանին վրայ Ազրպէյճանի անխոհեմ զինուորական յարձակումը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը պէտք է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ աշխատին շրջանին մէջ խաղաղութիւն ապահովելու համար», գրած է ան:
Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճիմ Քոսթա «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ես կը դատապարտեմ Ազրպէյճանի` Հայաստանի վրայ չսադրուած յարձակումը: Սիրտս կը ցաւի Հայաստանի ժողովուրդին համար, եւ ես ամուր կանգնած եմ անոնց կողքին: Ազրպէյճանը չ՛ուզեր ենթարկուիլ խաղաղութեան հոլովոյթին, եւ մենք պէտք է զանոնք պատասխանատուութեան ենթարկենք»:
Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճեքի Սփիր յայտարարեց. «Վրդոված եմ Ազրպէյճանի կողմէ հայկական խաղաղ քաղաքներու ուղղութեամբ զանգուածային հրետանային կրակ բանալու հաղորդագրութիւններով: Որպէսզի յստակ ըլլայ` անոնք միջազգայնօրէն ճանչցուած հայկական քաղաքներ են, ոչ թէ վիճելի տարածքներ: Անբարեխիղճ է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն զինուորական աջակցութիւն տրամադրել Ազրպէյճանին»:
Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց. «Ասիկա զինադադարի կոպտագոյն խախտում է եւ ուղղակի յարձակում Հայաստանի գերիշխանութեան վրայ: Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրեցնեն Ազրպէյճանին տրամադրուող բոլոր օգնութիւնները` անյապաղ եւ ընդմիշտ»:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռապըրթ Մենենտեզ իր Դիմատետրի էջին վրայ գրեց, որ հայկական քաղաքներու եւ անմեղ բնակիչներու հրետակոծումը անընդունելի է եւ անօրինական: «Աշխարհը պէտք է դիմադրէ բռնատիրական դաժանութեան: Միացեալ Նահանգները պէտք է դադրեցնեն Ազրպէյճանի անվտանգութեան ապահովման ուղղուած աջակցութիւնը»:
Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներու Արձագանգը
Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ Վալերի Պուայէ «Թուիթըր»-ի գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ խախտուած է գերիշխան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
«2020 թուականի բեմագրութիւնը կը կրկնուի: Այս գիշեր Սիւնիքի եւ այլ վայրերու մէջ ազրպէյճանական ռմբակոծումներու պատճառով խախտուած է գերիշխան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Եթէ Ազրպէյճանի կողմէ այս յարձակումը հաստատուի, ապա պիտի պահանջուի միասնական եւ անյապաղ միջազգային արձագանգ», գրեց Պուայէ:
Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Այս գիշեր մտքերս Հայաստանի եւ հայերուն հետ են: Ազրպէյճանը լայնածաւալ յարձակումի անցած է` անգամ մը եւս խախտելով մեր բարեկամ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը. վաղը ես անմիջապէս պիտի դիմեմ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնէին, որպէսզի Ֆրանսան աջակցի Հայաստանին»:
Փրովանս-Ալփ շրջանի խորհուրդի նախագահ Ռենօ Մուզելիէ իր կարգին յայտարարեց. «Յատկապէս մտահոգիչ են այն լուրերը, որոնք մեզի կը հասնին Հայաստանէն: Եթէ Հայաստանի գերիշխանութեան վրայ Ազրպէյճանի այս յարձակումը հաստատուի, ապա միջազգային արձագանգը պէտք է ըլլայ անյապաղ եւ հաւաքական»: