12 սեպտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Կոփիրքինի հետ:
Կարեւոր նկատուեցաւ հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութիւնը, արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը, Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ անխափան եւ լիարժէք կապի ապահովումը եւ այս պարունակին մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութիւնը:
Միտքեր փոխանակուեցան հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն ու շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցերու շուրջ: