Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթ օր անդրադարձած է 31 օգոստոսի պրիւքսելեան հանդիպումին վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան:
«Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ խաղաղութեան համաձայնագիրի պատրաստութեան հոլովոյթը հիմնուած պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի հինգ առաջարկներուն վրայ, որոնք Հայաստանի կողմէ` ընդունուած են:
«Հայկական կողմի Ազրպէյճանի առաջարկած հինգ կէտերուն վերաբերեալ տեսակէտը անփոփոխ է: Ինչպէս նախապէս ըսած ենք, 10 մարտ 2022-ին Ազրպէյճանի կողմէ փոխանցուած առաջարկներուն մէջ մեզի համար անընդունելի ոչինչ կայ: Այլ բան, որ այդ առաջարկները չեն ներառեր Հայաստան-Ազրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան օրակարգի բոլոր հարցերը: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն փոխանցած մեր պատասխանով մենք ամբողջացուցած ենք օրակարգը, եւ հետեւաբար` այդ հիմքին վրայ պատրաստ ենք խաղաղութեան բանակցութիւններու շարունակութեան:
«Ասիկա անգամ մը եւս վերահաստատուած է վարչապետ Փաշինեանի կողմէ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած վերջին քննարկումներուն ընթացքին:
«Այս տեսակէտը չլսելը կամ չլսելու փորձերը հայկական կողմին հիմք կու տան կասկածելու Ազրպէյճանի` խաղաղութեան հասնելու մտադրութեան անկեղծութեան: Աւելի՛ն, բանակցութիւններու շարունակական կամայական, իրականութեան չհամապատասխանող մեկնաբանութիւնները եւ համաձայնութիւններու կատարումէն խուսափիլը մեզի կ՛արտօնեն մտածել, որ Ազրպէյճան մտադիր է տապալել խաղաղութեան հոլովոյթը եւ ուժի կիրարկման միջոցով շարունակել ցեղային զտումներու իր քաղաքականութիւնը»:
Ալիեւ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ
Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Հիմնուած Պիտի Ըլլայ
Պաքուի Առաջարկած Եւ Երեւանի Կողմէ
Ընդունուած 5 Սկզբունքներուն Վրայ»
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ուրբաթ օր յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները գործնական բանակցութիւնները «խաղաղութեան համաձայնագիր»-ի շուրջ հիմնուած պիտի ըլլան Պաքուի առաջարկած եւ Երեւանի կողմէ ընդունուած հինգ սկզբունքներու վրայ: Այս մասին հաղորդեց «Ինթըրֆաքս»-ի ազրպէյճանական ծառայութիւնը:
«Այս հինգ սկզբունքները կը ներառեն երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, տարածքային պահանջներէն փոխադարձ հրաժարումը, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկումը, սահմաններու սահմանազատումը եւ հաղորդակցութիւններու բացումը:
«Այս սկզբունքները Ազրպէյճանի կողմէ առաջարկուած են Հայաստանին: Հայաստանի վարչապետը զանոնք ընդունած է: Ատիկա վերահաստատուած է նաեւ երկու օր առաջ Պրիւքսելի մէջ մեր հանդիպումին ընթացքին», Իտալիոյ մէջ լրագրողներուն ըսած է Ալիեւ:


