Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ ՀԵՏ

March 5, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆ
(ՁԻՒՆԱԿԱՆ)

«Ազդակ»-ը առաջին անգամ տեսած եմ մեր գիւղի` Քօրքիւնէի տուներէն մէկուն մէջ, ասկէ շուրջ 60 տարի առաջ:

Մեր գիւղի երիտասարդներէն մէկը` Սառա Նէնէրենց Ժոզէֆը (այս ընտանիքին մէջ էրիկ մարդ կար, բայց գիւղացիք տանտիկնոջ` գիւղի դայեակ Սառա Նէնէրին անունով կը կոչէին զայն), իրենց տան պատին վրայ խմորով  փակցուցած էր մեզի համար անծանօթ թերթ մը: Քեսապի մէջ մարդիկ կը կարդային Հալէպի «Արեւելք»-ը: Պատին վրայի թերթը տարբեր էր «Արեւելք»-էն:

Ժոզէֆը, բոլոր գիւղացիներուն պէս, բողոքական եւ դաշնակցական էր: Ոչ դաշնակցականները կամ անկէ հրաժարեալները ներգաղթած էին: Եթէ երիտասարդը տան պատին վրայ փակցուցած էր այդ թերթը, ուրեմն կարեւոր բան մը ըլլալու էր: Այլապէս, Թուրիկին օթէլը աշխատող իր Յովհաննէս եղբայրը այդ թերթը չէր ղրկեր մինչեւ հեռաւոր Քեսապ: Ինչ որ կը յիշեմ անկէ, թերթէն,  մօրուսաւոր մարդոց  նկարներ էին, տարօրինակ գծագրութիւն մը եւ ահագին մեծ ու փոքր գիրեր: Աւելի ուշ պիտի կարենայի հասկնալ, որ այդ գծագրութիւնը Դաշնակցութեան զինանշանն էր: Մօրուսաւորներն ալ հիմնադիրներն էին Դաշնակցութեան:

Երիտասարդին եւ միւս գիւղացիներուն համար սրբութեան պէս բան մըն էր այդ թերթը… Յաճախ կը խօսէին անոր մասին: Կարծէք` որոշ ակնածանքով կը նայէին պատին վերի մասին վրայ փակցուած թերթին` «Ազդակ»-ին:

Թերթը հոն մնաց, մինչեւ որ դեղնեցաւ, եւ ես անունն ու վերնագիրը կարդալու չափ մեծցայ: Բնաւ չէի կրնար մտքէս անցընել, որ օր մը այդ թերթին մէջ գրելու չափ «մեծ մարդ» պիտի դառնայի: Գիւղին մէջ մարդու մը մեծութիւնը կը չափուէր գրել-կարդալով:

Աւելի ուշ Այնճարի մէջ պիտի մտերմանայի այդ թերթին: Մեր դպրոցին մօտ տեղ մը, երիտասարդ մը խանութ բացաւ յիսունական թուականներուն: Արամիկենց տղան թէեւ նպարավաճառի խանութ բացած էր, բայց հօրը ցուցմունքով «Ազդակ» ալ ծախելու սկսաւ: Դարձայ թերթին բաժանորդ եւ մոլի ընթերցող: Երբ ձիւնը Տահր էլ Պայտարի ճամբան փակէր, թերթը չէր հասներ գիւղ, եւ ես, բնականաբար, կը նեղուէի:

Աւելի ուշ Պէյրութի մէջ եւս «Ազդակ»-ը պիտի դառնար կարեւոր «ընկերակից» մը:

Գրելու որոշ հակում սկսած էի ցուցաբերել երկրորդականի տարիներէս: Հոդ, Հայկազեանի մէջ, աւելի ուժ տուած էի «խզմզելու»: Երկու¬երեք գրութիւններ լոյս տեսած էին Սիմոնեանի «Սփիւռք»-ին մէջ: Կը փափաքէի աշխատակցիլ նաեւ «Ազդակ»-ին: Ասոր տէրն ու պատասխանատուն Հայկ Պալեանն էր: Իսկ Հայկին դուստրը` Անին, դասընկերուհիս էր: Իր միջոցով  ժամադրութիւն առի եւ ուղղուեցայ «Ազդակ»-ի խմբագրատունը, Զարիֆ թաղ: Գետնայարկ տեղ մըն էր: Վախվխելով վար իջայ. մեծ մարդու պիտի ներկայանայի: Ուրախ էի եւ հպարտ, բայց նաեւ` մտահոգ:

Ընդարձակ, ըսել կ՛ուզեմ բաւական ընդարձակ,  սրահ մըն էր «Ազդակ»-ի խմբագրատուն¬տպարանը, որուն մէկ անկիւնը երկու փոքր սենեակներ ձեւաւորուած էին, տախտակորմով: Երկու անուններ, որոնց ծանօթ էի թերթէն, հիմա միս ու ոսկոր դարձած էին` Հայկ Պալեան եւ Տիգրան Ոսկունի: Մինչեւ որ կարենայի գրութիւնս յանձնել Պալեանին, բաւական քրտինք թափեցի: Հայկ աչք մը նետեց, ձեռագիրս ահռելի էր: Քանի մը հարցում հարցուց, ապա գրութիւնս դրաւ սեղանին վրայ` նայիմ կարդամ ըսելով:

Աւելի նստիլը յարմար չէր այլեւս: Ելած ատենս նկատեցի գրաշարական արկղները եւ մամուլի մեքենան: Տողաշար մեքենայ` լինոթիփ, չկար:

Յաջորդ քանի մը օրերուն անհամբեր  սպասեցի. պիտի տպուէ՞ր գրութիւնս: Երբ վերջապէս լոյս տեսաւ յօդուածս, մեծապէս ուրախացայ եւ հպարտացայ: «Մեծութեան» ճամբան բռնած էի: Այլեւս սկսայ աւելի համարձակ դառնալ: Խմբագրատան աւելի ծանօթացայ: Իմ այնքան հաւնած թերթս շատ համեստ միջոցներով լոյս կը տեսնէր: Երկու կամ երեք գրաշարներ եւ մամուլի միակ մեքենայ մը. տողաշար մեքենայի չգոյութիւնը բաւական «յետամնացութիւն» կ՛ենթադրէր: Մամուլը կ՛աշխատցնէր ուրիշ Պալեան մը` Տիգրան: Մարդը թերթին թուղթերը, ձեռքով, մէկ առ մէկ կը յանձնէր հին մամուլին գլաններուն: Բաւական տաղտկալի գործ էր:

Աստիճաններուն տակ, փոքր քառակուսիի մը վրայ երկար սեղան մը դրուած էր: Ցրուիչները հոն կ՛աշխատէին: Քանի մը ցրուիչներ կային, բոլո՛րն ալ տարեց: Մէկուն անունը կը յիշեմ` ընկեր Մինաս: Կարճահասակ ժրաջան մարդ մըն էր: Օր մը, այս ցրուիչը հիւանդացած ըլլալով, թերթին սեփականատէր` Հայկ ստիպուած եղած էր իր ինքնաշարժին մէջ դնել Մինասը, որպէսզի բաժանորդներուն հասցէները ցոյց տար: Ի՛նք  բաժնած էր թերթը բաժանորդներուն: Հայ խմբագրի ճակատագի՞ր…

Իբրեւ խմբագիր եւ սեփականատէր` Պալեան «բնականաբար» զանազան պարտաւորութիւններ ունէր: Ատոնց կարգին էին թերթին օրինակներէն մաս մը ծալել, ատոնց վրայ հասցէները փակցնել` նամակատուն ղրկելու համար: Բնականաբար գրասեղանին վրայ կը փայլէր նաեւ մկրատը, ուրիշ թերթերէ յօդուածներ մկրատելու կամ աշխատակիցներուն յօդուածները «կոկելու» համար:

Առաջին գրութեանս տպուելէն ետք, այլեւս աւելի համարձակ դառնալ սկսած էի: Թէեւ ընկ. Հայկ կը թելադրէր, որ անգլերէնէ թարգմանութիւններ կատարէի, ես կը յամառէի ինքնագիր յօդուածներով աշխատակցիլ:  Ես ինծի համար ծածկանուն մըն ալ ընտրած էի` Գեւօ: Երգիծական բովանդակութեամբ բաներ մը կը յօրինէի: Պարոնեանի եւ Պէշիկթաշլեանի հմայքներուն տակ ինկած էի… Ամէն պարագայի, «Ազդակ»-ին աշխատակցիլս մեծ հպարտութիւն  կը ներշնչէր ինծի…

1965-ին Դաշնակցութիւնը պիտի գնէր «Ազդակ»-ը Հայկ Պալեանէն: Իբրեւ կարապի երգ` Պալեան «Ազդակ»-ի բացառիկ մը հրատարակեց` նշելու համար իր հոգեհարազատին` թերթին կտրած 38 տարիներու երկար եւ դժուար ճամբան:

Ես պիտի շարունակէի աշխատակցիլ թերթին, բայց` առանց կանոնաւոր կշռոյթի: Մերթ, տարիներով, ոչ  մէկ գրութիւն կու տայի: Բայց ես զիս կը շարունակէի «Ազդակ»-ի մէջ «գրող» համարել:

«Ազդակ» պիտի կերպարանափոխուէր կուսակցութեանը սեփականութիւնը դառնալէ ետք: Առաջին հերթին պիտի օժտուէր տողաշար (լինոթիփ) կազմածով եւ մեծ ու ինքնագործ մամուլով: Էջերը պիտի բարձրանային 8-ի, ապա` 10-ի հասնելու համար: Նախկին վտիտ, չորս էջնոց  թերթը հիմա աւելի բովանդակալից պիտի ըլլար:

1978-ին թերթին խմբագիրը` Վաչէն, նախկին աշակերտներէս մէկն էր: Նոյն տարուան աշնան լիբանանեան պատերազմը նոր եւ զօրաւոր բռնկում մը ունեցած էր: Այս անգամ հայութիւնը ուղղակի թիրախ դարձած էր: Մեծ թիւով հայրենակիցներ Այնճար «գաղթած» էին: Յուսահատական վիճակ մը կը թեւածէր լիբանանահայ գաղութին վերեւ: Հակառակ այդ իրողութեան` «Ազդակ» կը շարունակէր հրատարակուիլ` բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով: Ոչ միայն այդ, այլ նաեւ աշխատանք կը տարուէր նոր աշխատակիցներ ապահովելու համար: Ինծի ալ դիմած էր խմբագրութիւնը: Կ՛որոշէի նոր ստորագրութեամբ մը` Ձիւնական, աշխատակցութիւնս բերել: Պէտք է ըսել, որ 1978¬1982, չորս տարիները, Ձիւնական ստորագրութեամբ եղան աշխատակցութեան բեղուն շրջան մը ինծի համար: Հրեաներու Պէյրութ  ներխուժումը, 1982-ին, թափս կոտրեց:  Բայց վերջին տարիներուն, ցայսօր, որոշ խանդավառութեամբ «Ազդակ»-ի մէջ կ՛երեւի Ձիւնականը:

Հիմա շուրջ կէս դար, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար` 46 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ վախվխելով վար իջած էի Զարիֆի խմբագրատան աստիճաններէն: «Ազդակ»-ը ինծի համար եղած է անբաժան ընկերակից մը: Իբրեւ պարզ ընթերցող կամ աշխատակից` անոր մէջ գտած եմ որոշ հարազատութիւն մը:

Բնաւ մտքէս չէի կրնար անցընել այն օրերուն, երբ մեր գիւղի Սառա Նէներենց տան պատին վրայ իմ ճանչցած «Ազդակ»-ս, ա՛յսքան տեղ պիտի ունենար կեանքիս մէջ:

«Ազդակ»-ի 80 տարիներու  կտրած ճամբան, բնականաբար,  պիտի ըլլար վերիվայրումներով լեցուն:  Այդ ճամբուն վրայ ան պիտի ճաշակէր Համաշխարհային Բ. պատերազմին «հրամցուցած» բոլոր դառնութիւնները: Աւելի ուշ, 1975-ին պայթած լիբանանեան ահեղ պատերազմը, որ ցարդ կը շարունակուի, նորանոր խնդիրներ պիտի ստեղծէր թէ՛ գաղութին եւ թէ՛ «Ազդակ»-ին համար: «Ազդակ»-ին հրատարակուիլը, մանաւանդ` սահման կտրելը, պատերազմի օրերուն, հերոսապատում մը եղած են: Հակառակ ներկայի տագնապին` ուրախալի է հաստատել եւ շեշտել` «Ազդակ»-ի թէ՛ հրատարակութեան շարունակումը եւ թէ՛ յատկապէս անոր յառաջապահի դերը:

Այսօր 80 տարիներու այդ երթը մեծապէս ողջունելի է: Մենք սովորութիւն ունինք միշտ մենք մեր ազգը եւ մեզ ամբաստանել այն բանով, որ իբր թէ յարատեւել չենք գիտեր: Լիբանանահայ մամուլը ուրիշ բան կ՛ըսէ: Իսկ յատկապէս «Ազդակ» կ՛ապացուցէ, որ ո՛չ, հայը յարատեւել գիտէ` հակառակ իր դէմ ծառացող բազմաթիւ խոչընդոտներու, վկա՛յ անոր ութսունամեակը: Նոյնիսկ ան կրցած է, հակառակ վերջին երկու տարիներու շատ տագնապալի կացութեան եւ լիբանանահայ գաղութին ակնյայտ նօսրացման, նորանոր նուաճումներ արձանագրել: Կրցած է յատկապէս արհեստագիտութեան նորագոյն միջոցներ օգտագործելով` միշտ լաւագոյնը տալ հեռու թէ մօտիկ ընթերցողներուն:  Շնորհիւ իր ելեկտրոնային բաժանմունքին, բազմահազար նախկին լիբանանահայեր, որոնք ցրուած են աշխարհով մէկ, կը հետեւին Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան առօրեային:

«Ազդակ» այսօր համասփիւռքեան թերթ է: Տակաւին, հայրենիքին  մէջ եւս իր տեղը ունի:

Անձնապէս, անցնող շուրջ կէս դարու ընթացքին, կեանքիս իմաստաւորումին մէկ մեծ մասը կը պարտիմ  Հայ Մամուլի այս կենսունակ եւ ութսունամեայ անդամին:

Իբրեւ «Ազդակ»-ի ներկայ աշխատակիցներուն հնագոյնը` սրտագին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ կը փոխանցեմ «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքին: Իւրաքանչիւր անդամին, տնօրէնին, աշխատակիցներուն, սրբագրողներուն եւ շարողներուն եւ մինչեւ ցրուիչներուն, կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ լաւագոյն օրեր:

Շնորհաւոր 80-ամեակ եւ տարոսը` հարիւրամեակ եւ աւելի՛ն…

 

Մարտ, 2007

Նախորդը

Լրագրող Մարդուժ Եւ Ընթերցող Մարդուժ («Ազդակ»-Ի 85-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Տեղեկատուութեան «Մշակոյթը» Եւ «Պատգամին» Ընկալումը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.