Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի համար ոսկի մետալ մը ապահովեց Համեստ Աֆրիկեան:
42 քկ դասակարգին մէջ Աֆրիկեան բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով 4-1 արդիւնքով յաղթեց անգլիացի իր մրցակիցին` Սերենա Մալիին եւ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Իսկ 66 քկ դասակարգի աւարտականին, Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Սամուէլ Սիրամարգեան, որ իր կարգին նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր ճակատումը, Հայաստանի համար ապահովեց երկրորդ ոսկի մետալը:
Ան իր յաղթանակը արձանագրեց ուքրանացի Ալեքսէյ Թաթարենքոյի դէմ, 5-0 արդիւնքով:


