Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Միջազգային Օրուան Նախօրեակին Տօնակատարութիւն` «Մօտէն Ճանչնանք ԼՕԽ-ը Նշանաբանով

March 3, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական, դաստիարակչական եւ քարոզչական յանձնախումբերուն, երէկ` ուրբաթ, 2 մարտ 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, յատուկ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Յասմիկ Գէորգեան, որ վեր առաւ հայ կնոջ դերն ու տեղը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ` նշելով, որ 20-րդ դարուն կինը որոշ չափով ազատագրուեցաւ, բայց տակաւին կան պահանջներ, որոնց համար հայ խաչուհին կը շարունակէ իր պայքարը` այս մեծ կազմակերպութեան ճամբով:

Ապա ԼՕԽ-ի պատմականն ու գործունէութիւնը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը ներկայացուեցաւ Մարալ Հարպոյեանի ընթերցումով:

Այս առիթով օրուան խօսքը արտասանեց Կոմիտաս արք. Օհանեան, որ թուելէ ետք արտաքին միջազգային ճակատներու վրայ կնոջ մղած պայքարը ազատութեան համար, ընդգծեց հայ կնոջ դերակատարութիւնը:

Կոմիտաս սրբազան ըսաւ, որ «1894-1896-ի Սասնոյ ապստամբութիւնը, 1909-ի Ատանայի կոտորածը եւ օսմանեան բազմաթիւ վայրագութիւնները անհրաժեշտ դարձուցին հայ ֆետայիին օգնութեան փութացող հայուհիներու միացեալ կազմակերպութեան մը հիմնումը: Ահա այս առաջադրանքով է որ Էտուըրտ Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան) 1910-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ (Նիւ Եորք, ապա` Պոսթըն) հիմը դրաւ Հայ կարմիր խաչին, որ հետագային կոչուեցաւ Հայ օգնութեան միութիւն, որուն մէկ ճիւղն է ԼՕԽ-ը:

«Յարգանք ու պատիւ հայ կիներուն, երէց, մեզմէ հեռացած թէ այժմ գործող քաջարի հայուհիներուն», ընդգծեց արք. Օհանեան:

Մէջ ընդ մէջ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի երգչախումբը: Նաեւ` կարդացուեցաւ ԼՕԽ-ի վեթերան ընկերուհիներէն Լոլա Սասունի (Հռիփսիմէ Մեծատուրեան), Հեղուշ Փափազեանի, Ջաւօ Շանթի եւ Վարվառէ Սահակեանի կենսագրականները:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Մարալ Յովհաննէսեան, որ նշելով ԼՕԽ-ի իրագործումները` կոչ ուղղեց հայուհիներուն անդամագրուելու ԼՕԽ-ի շարքերուն եւ զարկ տալու հայութեան վերելքին ու յառաջդիմութեան:

Իսկ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր ուղղած պատգամին մէջ դրուատեց ՀՕՄ-ի ու ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը:

«ՀՕՄ-ը եւ անոր ճամբով ԼՕԽ-ը, հայ կինը դրին, զետեղեցին կիներու միջազգային քարտէսին վրայ», ընդգծեց Գեղամ սրբազան` ողջունելով եւ շնորհաւորելով հայ կինը` Կիներու միջազգային օրուան առիթով: Ձեռնարկը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազանին պահպանիչով:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Եւ Գծագրութեան Դպրոցի Կիսամեայ Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Ջութակահարների Աշխարհի Միակ Արհեստավարժ Երկեակը` Ճենտերեճեանները

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.