Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հռոմի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի լողարշաւի ախոյեանութիւնը բաւական անյաջող եղաւ հայրենի լողորդներուն համար, որոնք ոչ համոզիչ արդիւնքներ արձանագրելով աւարտեցին իրենց ելոյթները:
Թէեւ Արթուր Բարսեղեան արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնքներ, սակայն զտումի արգելքը չկրցաւ յաղթահարել եւ դուրս մնաց հետագայ պայքարէն:
4×100 մեթրի մրցումներուն, հայրենի կազմը գրաւեց նախավերջին դիրքը: