Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ չինական ուժեր պիտի ուղղուին Ռուսիա` մասնակցելու համար միացեալ ռազմափորձերու:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ 30 օգոստոսէն 5 սեպտեմբեր նախատեսուած ռազմափորձերուն իր մասնակցութիւնը Ռուսիոյ հետ երկկողմանի գործակցութեան համաձայնութեան ծիրին մէջ է:
«Նպատակը ռազմափորձերուն մասնակից երկիրներու բանակներուն միջեւ գործնական ու բարեկամական համագործակցութեան խորացումն է, մասնակից կողմերուն միջեւ ռազմավարական գործակցութեան մակարդակի ամրապնդումը եւ ապահովական տարբեր սպառնալիքներու դիմակայման կարողականութեան ամրապնդումը», աւելցուց Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նշեց, որ ռազմափորձերուն կը մասնակցին Հնդկաստանը, Պիելոռուսիան, Մոնկոլիան, Տաճիկիստանն ու այլ երկիրներ:
Ասիկա երկու երկիրներուն մասնակցութեամբ երկրորդ ռազմափորձն է: Առաջինը Արաբական ծովուն մէջ ռուս-չինական «Խաղաղութեան ծով-2022» ռազմափորձն էր, որ տեղի ունեցաւ 25 յունուար 2022-ին: