Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Շատ Մեծ Նախաձեռնութեան Առիթով «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ճանաչումէն Հատուցում» (Անթիլիաս, 23-25 փետրուար 2012)

March 3, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այդպէս խորագրուած էր խորհրդաժողովը:

Թղթակցութիւն ընելու միտում չունիմ: Աշխատանքը ըրին եւ կ՛ընեն տեղական հայ եւ օտար լրատուամիջոցները: Նաեւ` պատկերներով եւ ձայնով:

Գրեթէ երկու եւ կէս օր, անթերի կազմակերպութեամբ եւ ժամացուցային ճշգրտութեամբ նիստեր գումարուեցան:

Սփիւռքը նման միջազգային մասնակցութեամբ եւ նոյնքան մասնագիտական բովանդակութեամբ գիտաժողով հաւանօրէն չէր ունեցած: Փարիզ տեղի ունեցան, անցեալին, Հայ դատին նուիրուած միջազգային գիտաժողովներ: Այս անգամ նիւթը ընդհանուր սահմանում չունէր, այլ խտացեալ էր: «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում»:

Ի հարկէ գիտաժողովէ մը պէտք չէ սպասել ո՛չ կարգախօսներ եւ ո՛չ ալ պատգամներ, թէեւ այդ փորձութիւնը միշտ առկայ է, մանաւանդ` ժողովրդային մակարդակի վրայ:

Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան Արամ Ա. կաթողիկոս հեղինակաւոր կերպով հովանաւորեց եւ հունաւորեց: Միջազգային օրէնքի իրաւաբաններ, մասնագէտներ, համալսարանի դասախօսներ եւ ատեաններու նախագահներ, երեսուն հեղինակութիւններ, ելոյթներ ունեցան: Անոնք եկած էին Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներէն եւ համալսարաններէն, Ամերիկայէն, նաեւ` Թուրքիայէն: Բազմազգ ժողով մը: Հրաւիրուած էին բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ անձնաւորութիւններ:

Հաւանօրէն իրենք` այդ երեսուն մասնագէտները, կրցան հետեւիլ եւ ըմբռնել եղած արտայայտութիւնները, արդէն զրոյցը ընթացաւ իրենց միջեւ: Այդ երեսուն անձերէն դուրս, վեհարանի դահլիճին մէջ գտնուողները հետեւեցան, բայց կը կարծեմ, որ անկարելի էր իւրացնել, ինչ որ կ՛ըսուէր: Գէթ ես յաւակնութիւնը չունէի լրիւ հասկնալու հեղեղանման ելոյթները եւ մասնագիտական նրբութիւնները: Բայց կը լսէի եւ միաժամանակ կը մտածէի:

Զիս անհանգստացուցած էր հայերէն յայտարարութեան մէջ գործածուած «հատուցում» բառը, քանի որ մեր կորուստին եւ անսակարկելի պահանջին յարաբերաբար, «հատուցում»-ը նուազուրդ կը թուէր: Դադարի մը դիմեցի միջազգային ատեանի մը դատաւորին: Ժողովի լեզուն անգլերէնն էր: Ան բացատրեց, որ անգլերէնի մէջ Reperation-ը կը ներառէ կորուստներու հատուցումը եւ սրբագրութիւնը: Այսինքն բռնագրաւուած հայրենիքի պահանջը կարելի չէ նիւթական հատուցումով բաւարարել: Շփոթը կրնայ բխիլ հայերէն բառի ընթացիկ իմաստէն, որուն թերեւս պէտք է ընկերացնել հայոց ազգի իրաւունքի վերականգնում բացատրութիւնը:

Բացման իր խօսքով, Կիլիկիոյ կաթողիկոսը արտայայտուեցաւ որպէս իրաւատէր: Արդարեւ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը սեփականատէր է վանքերու, եկեղեցիներու եւ այլ կալուածներու, որոնք կը գտնուին ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոս ճշդեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ միաժամանակ անհրաժեշտ է վերականգնել հողի իրաւունքը: Այսինքն Ցեղասպանութեան ճանաչումը հարցին լուծումը չէ: Անգլերէն խօսքին մէջ յստակօրէն գործածեց land բառը, հող:

Երկու օր շարունակ բացատրուեցան օրէնքներ, յիշուեցան բազմաթիւ ցեղասպանութիւններ, որոնց նկատմամբ որոշումներ կայացուեցան, պատիժներ սահմանուեցան: Երբ հրատարակուին այս կարեւոր խորհրդաժողովի ընթացքին խօսուածները, անոնք օգտակար կ՛ըլլան մեզի, մանաւանդ` նորերուն, սորվելու համար, թէ անոնք ի՞նչ կրնան բերել մեզի, յաճախ ենթակայական ճառէն անդին, Հայկական հարցին տալու համար արդիական եւ իրաւական բնոյթ: Այսինքն, ճիշդ հասցէագրումով, կ՛այժմէականանայ Հայկական հարցը:

Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքէն ետք ելոյթները եղան մասնագիտական, որոնք անպայմանօրէն չէին առնչուեր հայկական կացութեան, բայց օգտակար են միշտ` բաղդատութեան եւ յիշեցման համար: Կրկին յիշուեցաւ, անպատժելիութեան պարագային, Հիթլերի խօսքը, թէ` ո՞վ կը յիշէ հայոց ջարդերը:

Վահէ Թաշճեանի եւ Քեն Խաչիկեանի ելոյթները եւս անբաւարար պիտի ըլլային այս բարձրամակարդակ խորհրդաժողովին առանցք դարձնելու Հայկական հարցը, եթէ երկու թուրքեր, Թաներ Աքչամ, Քլարք համալսարանի պատմութեան դասախօս, եւ Սայիտ Չեթինօղլու` Անգարայի անկախ համասլարանի դասախօս, հանդէս չգային պատմական տուեալներով եւ թրքական օրէնքներու կամայականութիւններու եւ հակասութիւններու արժեւորումներով: Այսինքն տեսակէտներու փոխանակութիւնը ներելու, զղջումի, մարդկայնական, մարդասիրական եւ այդ կարգի բարոյական ոլորտէ փոխադրուեցաւ իրաւունքի հաստատման ոլորտ` միաժամանակ ընդունելով թուրք կառավարութեան ոճիրը եւ հայոց ինչքի կամայական իւրացումը, ճշդելով, որ Թուրքիան իրաւունք չունի բռնագրաւուած պահելու հայոց ինչքը` ըստ կացութեան մշակուած օրէնքներով եւ հրամանագիրներով:

Թուրքիան իրաւունք չունի իւրացնելու հայոց սեփականութիւնները. այս մասին արտայայտուած են միջազգային մասնագէտներ, հայկական դիմումի մը վրայ (տեսնել Անտրէ Մանտելշթամի գիրքը` «Հայկական հարցը Ազգերու լիկային առջեւ»):

Այս խորհրդաժողովը, Թաներ Աքչամի եւ Սայիտ Չեթինօղլուի մասնակցութեամբ եւ ելոյթներով repentance-ի, եթէ այսպէս կարելի է ըսել, մեղայական զղջումի յանդուգն քայլ մըն էր, յանդուգն, քանի որ ըսուած է թուրքերու կողմէ: Օրէնքներու եւ անոնց պրոնզեայ քանդակի դէմքը ճեղքուեցաւ: Հաւատացի, որ արդարութիւն մը կարելի է` անցնելով ոչ միայն օրէնքներու խաչաձեւ ուղիներով, այլ նաեւ` իմաստութեան եւ բարոյականութեան: Թուրք Սայիտ Չեթինօղլու մտաւորական պարկեշտութեամբ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամները սեփականազրկելու ընթացք եղած է եւ կայ:

Ինչ որ յաճախ ըսած եւ կրկնած եմ, Ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար, եւ ինչքի տիրացման այդ ընթացքը տեւականացման ձգտած է Թուրքիոյ յաջորդական կառավարութիւններու հրապարակած օրէնքներով (լքեալ գոյքերու կամ հարստութեան տուրքի, վարլըք վերկիսի):

Խորհրդաժողովի աւարտին Կիլիկիոյ կաթողիկոսը` Արամ Ա., կալուածագրերու թղթածրար ի ձեռին, յայտնեց, որ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻՆ պիտի ձեռնարկուի:

Ցեղասպանութեան ճանաչման բարոյական բաւարարութենէն անդին երթալով` Հայկական հարցը կը դառնայ իսկապէս Հայ դատ, հասնելով միջազգային դատական ատեաններու առջեւ:

Եւ հակառակ ըսուածին եւ գրուածին` պայքարի նոր էջ կը բացուի, որպէսզի պարտուողական ոգիով չըսուի, թէ` պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել…

Եթէ ձեռնածալ նստինք, այդ էջերը վերստին չեն գրուիր, եւ մոխիրը կը ծածկէ զանոնք:

27 փետրուար 2012

 

 

Նախորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. «Գէորգ Գանտահարեան` Ամէնուն Ուսուցիչը»

Յաջորդը

Հայրենալքման Աղէտը…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.