Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուահապ. «Լիբանանը Շրջափակումէ Դուրս Բերելու Ներքին Որոշում Տրուած Է»

August 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի վերջին որոշումը, որ կը վերաբերէր Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան մը սկսելու:

Ուահապ նշեց, որ ոեւէ անհատ, որ վերջին փուլին արձանագրուած զարգացումները առարկայական կերպով կը մեկնաբանէ, նոյն քայլին կը դիմէ: «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնն ու Ուալիտ Ժոմպլաթը արաբական թղթածրարին առումով զոհողութիւններու չեն ուղղուիր եւ սակարկութիւն չեն կատարեր: Անոնք անձնասպանական չեն` կարգ մը քրիստոնեաներու նման, որոնք անձնասպանական ծրագիրներ ունին», յայտնեց ան:

Ուահապ նկատել տուաւ, որ այսօր կարգ մը քրիստոնեայ ուժեր արկածախնդրութիւններ կը կատարեն, «այդ պատճառով ալ անոնք Թաէֆը պիտի կորսնցնեն, եւ մենք ալ իրենց պատճառով պիտի տուժենք: Ինքզինք պարտադրող հարցումը այն է, թէ ո՞վ կ՛երաշխաւորէ հանրապետութեան նախագահութեան, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին եւ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնները քրիստոնեաներուն պահելու հանգամանքը», ըսաւ ան:

Ուահապ ընդգծեց, որ արաբեւիսրայէլեան տագնապին առումով անկարելի է չէզոք կեցուածք ըլլայ, իսկ ոմանց կողմէ ներկայացուած չէզոքութեան թեզը անարժէք է այս փուլին ընթացքին:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանը շրջափակումէ դուրս բերելու ներքին որոշում տրուած է: «Լիբանանի մէջ կեանքը փոխուած է, եւ լիբանանցիները պէտք է ընտելանան այս նոր կենցաղին, որ նոր իրականութիւնն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու մեծ յոյսեր ունի, ինչպէս նաեւ մեծ եւ հիմնական խոչընդոտներ, «իսկ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն կարողութիւն ունի հաստատութիւնները ամրապնդելու, եւ զինուորական փորձառութիւնը կը հաստատէ բանակի հրամանատարին արհեստավարժութիւնը», յայտնեց ան:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Շնորհակալութիւն Յայտնեց Քազիմիի

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Սուրիա Բոլոր Դիւրութիւնները Կը Տրամադրէ` Տեղահանուածներու Վերադարձը Ապահովելու Նպատակով»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.