Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Ծեր Ծա՞ռը…

Օգոստոս 6, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ալերսէ Միլենարիօ Փաթականիի նոճի տեսակի ծառ մըն է, որ կը գտնուի Չիլիի մէջ: Կ՛ենթադրուի, որ ան 5000 տարուան ծառ մըն է, եւ հետեւաբար` աշխարհի ամէնէն ծեր ծառը:

Չիլիցի մասնագէտ մըն է, որ կ՛ենթադրէ, թէ գտած է աշխարհի ամէնէն ծեր ծառը: Ներկայի մրցանիշը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու, Քալիֆորնիոյ շրջանի մէջ գտնուող 4853 տարեկան սոճի մը, ճանչցուած` Մաթուսալեմոն անունով:

Տաքթըր Ճոնաթան Պարիչիվիչ ծառին տարիքը հաշուելու տարբեր ձեւեր գործածած է ճշդելու համար Ալերսէ Միլենարիօ Փանթակոնիի նոճի ծառին տարիքը: Ան հասած է այն եզրակացութեան, որ Չիլիի մէջ գտնուող այս ծառը 5484 տարեկան է: Այս ձեւով ան կը դառնայ աշխարհի վրայ ամէնէն հին ծառը, որ 600 տարի աւելի «մեծ» է, քան` ներկայ տիտղոսը կրող ծառը:

***

Ալերսէ Միլենարիօ ծառը կը պատկանի սեքոա ծառերու ընտանիքին: Այս ծառերը դանդաղօրէն կ՛աճին եւ կրնան մինչեւ 45 մեթր բարձրութիւն ունենալ: Ըստ Պարիչիվիչի, նոճին շատ խոցելի է: Անոր ճեղքերուն մէջ կ՛աճին մամուռներ, քարաքոսներ եւ ուրիշ տեսակի բոյսեր: Մասնագէտը կը հաւատայ, որ ծառին միայն 28 առ հարիւրը իսկապէս կենդանի է:

Միակ գլխաւոր հարցը այն է, որ բազմաթիւ այցելուներ կու գան զմայլելու այդ ծեր ծառով, եւ այս ձեւով կրնան վնասել անոր կենդանի մնացած վերջին բաժինները: Մասնագէտը կ՛ըսէ, որ այդ ծառը իր ընտանիքի անդամներէն մէկուն նման է, զայն տեսնել` ինչպէս առիւծ մը վանդակի մը մէջ բանտարկուած, իրեն մեծ վիշտ կը պատճառէ:

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Բոյսը
Գտնուած Է Աւստրալիոյ Մէջ

Անիկա կը տարածուի աւելի քան 180 քիլոմեթրի վրայ եւ կը ծածկէ մօտաւորապէս 200 քառ. քմ: Այս բոյսը  «Փոսիտոնիա Օսթրալիս» կոչուած ջրախոտ մըն է:

Ան փոսիտոնիա ընտանիքին պատկանող ծովային խոտ մըն է, որ գտնուեցաւ մասնագէտներու կողմէ Շարք Պէյ ծովածոցի ջուրերուն մէջ, աւստրալիական Փըրթ քաղաք 800 քմ դէպի հիւսիս:

Բոյսը, որ կը տարածուի 180 քմ-ի վրայ եւ կը ծածկէ մօտաւորապէս 200 քառ. քմ համապատասխան է 2 հազար ֆութպոլի դաշտերւ տարածքին:

Սկիզբը գիտնականները կը փորձէին գտնել, թէ քանի՞ տարբեր տեսակի բոյսեր կ՛աճէին ծովածոցի ջուրերու խորքը: Ծինային քննութիւններ կատարելէ ետք անոնք անդրադարձան, որ այդ «բուսականութիւնը» չէր պատկաներ որեւէ այլ տեսակի բոյսի ընտանիքի:

Ըստ նախահաշիւներու, այս բոյսը 4500 տարեկան է:

Ձեռային Աշխատանք

 Օրիկոմի Հովահար Մը

Այս տաք օրերուն անհրաժեշտ է միշտ մօտը ունենալ փոքրիկ հովահար մը` քիչ մը զովութիւն յառաջացնելու, մասնաւորաբար երբ ելեկտրական հովահարները չեն աշխատիր…

Այս ձեռային աշխատանքին համար դուն պարզապէս պէտք պիտի ունենաս թուղթի եւ ներկերու` հովահարդ զարդարելու համար:

Ուշադրութեամբ հետեւէ սիւնակին մէջի բացատրական պատկերներուն եւ ապա հովահարին տուր ուզած կերպարանքդ:

Ժամանց

 

Կրնա՞ս օգնել խոտի կտորին` գտնելու համար ելքի ճամբան, ճամբուդ վրան օգնելով նաեւ անոր ընկերոջ` շերեփագիին:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգերը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը հաւասար է, անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարումին:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Երկնային Վաչկատուններ

RelatedPosts

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025
Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞
Մանկապատանեկան

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Ապրիլ 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?