Երէկ` չորեքշաբթի, 3 օգոստոսին արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` «ընդդէմ սփիւռքահայերու Հայաստան մուտք գործելու ապօրինի արգելքի»:
Մասնակիցները բարձրացուցած էին հայերէն եւ անգլերէն գրութիւններով պաստառներ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ կեդրոնացուած էին մեծաքանակ ոստիկանական ուժեր:
«Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ սեպ խրելը անթոյլատրելի է», յայտարարեցին բողոքի ցոյցին մասնակիցները:
Բողոքի ցոյցին ժամանակ ելոյթներ ունեցան սփիւռքահայեր, որոնք իրենց վրդովմունքը արտայայտեցին ներկայ իշխանութիւններու` սփիւռքահայ գործիչներու նկատմամբ դրսեւորած վարքագիծին, Հայաստանը սփիւռքէն տարանջատելու փորձերուն նկատմամբ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանը իր ելոյթին մէջ յայտարարեց. «Մենք բոլորս քաջ կը գիտակցինք, որ Հայաստանի, Արցախի եւ առհասարակ` հայ ազգի յարատեւութեան հիմնական երաշխիքներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը»:
«Վերջին գործողութիւնները կը փաստեն, որ ներկայ իշխանութիւնները ամէն քայլի կը դիմեն այդ երաշխիքը թուլացնելու համար: Ոեւէ հայ իրաւունք չունի շեղելու մեր հիմնական նպատակներէն: Սրբազան պայքարը կը շարունակուի», ըսաւ ան:


