Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ Լիբանանի կրտսերներու ազգային խումբը, որ վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած Արաբական ախոյեանութեան, տիրացաւ երեք պրոնզ մետալի:
Լիբանանի համար պրոնզ մետալներ ապահովողները հանդիսացան Էրիք Մելքի (45 քկ), Ֆրանսուա Եազպեք (59 քկ) եւ Քարլ Մանսուր (68 քկ):
Նշենք, որ այս խաղերը Լիբանանի համար լաւագոյն պատրաստութիւնը եղան այս ամսուան ընթացքին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք թեքուանտոյի կրտսերներու աշխարհի ախոյեանութեան:


