Հ Ա Ն Գ Ի Ս Տ
ՏԷՐ ԱՐՍԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
եւ
Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովն ու հոգեւորականաց դասը
դառն կսկիծով կը գուժեն վախճանումը
Թեմիս քահանայից դասու հանգստեան կոչուած անդամներէն`
ԱՐԺ. ՏԷՐ ԱՐՍԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Յուլիս 29 2022-ին
Հանգուցեալին վերջին օծման եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. պատարագի,
Կիրակի, Յուլիս 31, 2022-ին
Տան Կարգ առաւօտեան ժամը 9:00-ին
Եկեղեցւոյ Կարգ եւ Վերջին օծում առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Ս. Պատարագի աւարտին, հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Այնճարի գերեզմանատան մէջ:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեան եւ որդին՝ Վահագն
Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Լիւսիլ Քէշիշեան եւ զաւակները՝ Հայկ եւ Նարեկ
Տէր եւ Տիկին Սեդրակ Հաւաթեան եւ զաւակները՝ Գաբրիել եւ Վիքի
Գէորգ, Սրբուհի եւ Շուշան Քէշիշեաններ (Ամերիկա, Հայաստան)
Եւ համայն Քէշիշեան, Քէնտիրճեան, Քէրքէզեան, Գուճանեան, Երկանեան, Յովհաննիսեան, Գարապոյաճեան եւ Հաւաթեան գերդաստաններ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբոր եւ խնամիին՝
ԱՐԺ. Տ ԱՐՍԷՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
(Ծնեակ 1929-ին, Մուսալեռ)
վախճանումը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 29 Յուլիսի առաւօտեան, Այնճարի իր բնակարանին մէջ։
Վերջին օծման կարգը պիտի կատարուի կիրակի, 31 Յուլիսի առաւօտուն, Սուրբ պատարագի ընթացքին։ Այնուհետեւ վախճանեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Այնճարի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Յետ թաղման արարողութեան ցաւակցութիւններ կ՝ընդունուին Այնճարի Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի «Մուսալեռ» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։00, իսկ երկուշաբթի, առաւօտեան ժամը 11։00-էն երեկոյեան ժամը 6։00, Ազգահին Առաջնորդարանի «Եռագոյն» սրահին մէջ։
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԱՆՕ ՇԷԿԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 31 յուլիս 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը, ֆրանսերէն եւ անգլերէն գիտնալը` պայման, նաեւ պէտք է քաջածանօթ ըլլալ համակարգիչի ծրագիրներու գործածութեան:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել` garobiju@inco.com.lb
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի վարպետ`
– Ադամանդաշարի
– Ոսկերիչի (սետեքեր)
– Ոսկի փայլեցնողի
Դիմել` հեռ. 03-207772 եւ 01-266514 թիւերուն:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի ինքնաշարժի երիտասարդ վարորդի մը, 20-էն 40 տարեկան: Հետաքրքրուողները «Սի. Վի.»-ները կրնան ղրկել artcha@inco.com.lb
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի գրասենեակին մէջ վաճառող երիտասարդի մը, 20-էն 40 տարեկան: Հետաքրքրուողները «Սի. Վի.»-ները կրնան ղրկել artcha@inco.com.lb