Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Օգնել Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Երկարաժամկէտ Խաղաղութիւն Գտնելու Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Փրայս

Յուլիս 28, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ բոլոր մակարդակներուն վրայ կը շարունակեն աշխատանքը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ` շարունակելով առաջարկել ամերիկեան կողմի աջակցութիւնը` յանուն երկարաժամկէտ ու համապարփակ խաղաղութեան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:

Լրագրողը անոր յիշեցուցած է, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն վերջերս հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի վարչապետին ու Ազրպէյճանի նախագահին հետ` վերահաստատելով կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հոլովոյթին աջակցելու պատրաստակամութիւնը: Ան հետաքրքրուած է, թէ արդեօք ատիկա կը նշանակէ՞, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած նախկին նման առաջարկները մերժուած էին, ինչին ի պատասխան Փրայս պատասխանած է. «Ո՛չ, ատիկա այդպէս չէ: Ատիկա կը նշանակէ, որ մենք կրցած ենք հասնիլ որոշակի յառաջընթացի, եւ մեր, հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներու հետ շարունակական հաղորդակցութիւններու եւ դիւանագիտական բանակցութիւններու միջոցով կը կարծենք, որ կրնանք շարունակել այս ընթացքը: Անշուշտ, արտաքին գործոց նախարարը տարբեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւններու հետ, սակայն այս կառոյցին մէջ կան մեծ թիւով մարդիկ` բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք իրենց գործընկերներուն հետ տարբեր մակարդակներու վրայ հաղորդակցութիւններու մէջ եղած են` շարունակելու գործընթացը եւ վերահաստատելու մեր օգնութեան առաջարկը, որովհետեւ մենք երկարաժամկէտ, համապարփակ խաղաղութիւն կ՛ուզենք»:

Լրագրողի նշումին, որ ի տարբերութիւն արտաքին գործոց նախարարութեան, որ իր յայտարարութիւններուն մէջ շարունակաբար կը յիշատակէ խնդիրի կարգաւորման հոլովոյթին մէջ միջնորդ մարմինի` Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի մասին, Ազրպէյճանի նախագահը ամէն օր կը վատաբանէ զայն, Փրայս պատասխանած է. «Մենք մեր յայտարարութիւններուն մէջ յստակ ըսած ենք, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են աջակցելու այս երկու երկիրներուն` համախոհ գործընկերներուն որեւէ տարբերակով կամ ձեւաչափով, որ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Մենք 1994 թուականէն ի վեր Մինսքի խմբակի համանախագահ ենք, սակայն ինչպէս արդէն ցոյց տուած ենք, մենք նաեւ կ՛ուզենք երկիրներու հետ կապուիլ երկկողմանի ձեւաչափով` օգնելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին գտնելու երկարաժամկէտ, համապարփակ խաղաղութիւն»:

 

 

Նախորդը

Հացի Տագնապը Կը Սաստկանայ, Իսկ Նախարարական Յանձնախումբը Պետական Պաշտօնէութեան Հատուցումներ Կը Ճշդէ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ Կը Քննարկեն Ապաշրջափակման Հարցով Թեքնիք Աջակցութիւն Տրամադրելու Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?