Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանրապատումներ

Յուլիս 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

(126)

Երբ եւրոպական քաղաքի մը մէջ ապրող Անթիլիասի դպրեվանքէն շրջանաւարտ սարկաւագի մը բարեկամ մը կը հարցնէ. «Ի՞նչ կ’ընես, ինչպէ՞ս կ’ապրիս, ապրուստդ ինչպէ՞ս կ’ապահովես», ան հետեւեալ սրամիտ պատասխանը կու տայ. «Ես հիմա երեք սեղանի կը սպասարկեմ: Երկուշաբթիէն շաբաթ մարդոց ստամոքսի սեղանին կը սպասարկեմ (ճաշարանի մը մէջ կ’աշխատէր), իրիկունները հայ մամուլի սեղանին կը սպասարկեմ (հայ թերթի մը սրբագրիչ էր), կիրակիները Աստուծոյ սուրբ սեղանին կը սպասարկեմ» (հայ եկեղեցիի մը մէջ սարկաւագութիւն կ’ընէր):

(127)

1984-ին, որպէս Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գաւազանակիր, վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանամ Յունաստանի վրայով Դանիա այցելութեան ընթացքին: Աթէնքի մէջ երաժիշտ Սահակ արք. Այվազեան վեհափառը կը հիւրընկալէ իր տունին մէջ եւ դաշնակի վրայ իր հեղինակած կտորներէն կը նուագէ: Գարեգին կաթողիկոս առ ի գնահատանք` կ՛ըսէ սրբազանին. «Տաճատ սրբազանին հիմնադրամով Անթիլիասի մէջ պիտի հրատարակեմ երաժշտական ստեղծագործութիւններդ»: Սահակ սրբազան կը պատասխանէ. «Շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ առաջարկին համար, սակայն մերժելով կը մերժեմ, որովհետեւ Տաճատ սրբազանը ո՛չ ականջ եւ ո՛չ ալ ձայն ունէր…»:

(128)

Արսէն արք. Պէրպէրեանն է պատմողը. «Վազգէն Ա. կաթողիկոսի գաւազանակիրն եմ` տակաւին երիտասարդ վարդապետ եւ Երեւան-Մոսկուա-Փարիզ երկար ու յոգնեցուցիչ ճամբորդութեամբ վերջապէս կը ժամանենք Փարիզ: Բարերարներ եւ ազգայիններ, Սերովբէ սրբազանին գլխաւորութեամբ, մեզ կը դիմաւորեն ու պանդոկ կը տանին: Կը բարձրանանք վեհափառ հայրապետին

յարկաբաժինը: Փոխանակ առիթ տալու, որ ան հանգիստ ընէ, կը շրջապատեն զինք եւ ոտքի վրայ կը շարունակեն զրուցել: Գիտես` վեհափառը շատ փափկանկատ էր եւ չ՛ըսեր, որ յոգնած է, անօթի է, ծարաւ է: Նոյնիսկ չի նստիր: Թերեւս կը մտածէ, որ եթէ ոտքի մնայ կրնան անդրադառնալ, թէ պէտք է աւելի շուտ մեկնին: Սակայն` անօգուտ, հասկցող չկայ: Ես ալ ուժասպառ եմ, բայց քիչ մը անդին գաւազանը բռնած` կայնած եմ վեհափառին ետեւը: Մէյ մըն ալ կը նշմարեմ, որ երկուքիս միջեւ կլոր սեղանիկի մը վրայ պտուղներու բլուր մը կայ: Երբ ամէն մարդ խօսակցութեամբ տարուած է, ձեռքս կը նետեմ տանձի մը եւ չար բախտէս պտուղներու բլուրը փուլ կու գայ եւ վեհափառին ու խօսակիցներուն ոտքերուն միջեւ կը թաւալի: Վազգէն կաթողիկոս ետ կը դառնայ եւ զարմացկոտ կը յարէ. «Էս ի՞նչ պատահեց»: Իսկ ես առանց ձայն հանելու կը սկսիմ պտուղները հաւաքել եւ փլած բլուրս վերականգնել ու կ՛անդրադառնամ, որ պտուղները փլասթիքէ տեքորասիոն էին…»:

(129)

Լիբանանէն Ժընեւ ժամանած պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատուին բջիջայինին կը հեռախօսէ եւ կ՛առաջարկէ, որ յաջորդ հինգշաբթի ժամը 1:00-ին «Ինթերքոնթինանթալ» պանդոկը ճաշի սեղանի վրայ հանդիպին: Պատասխանատուն կը հաստատէ ժամադրութիւնը: Հինգշաբթի ժամը 12:50-ին մնացած լիբանանցին պանդոկին ճաշարանը կը հասնի եւ մինչեւ ժամը 13:15 իր հիւրը կը սպասէ: Ապա կը հեռախօսէ եւ կը հարցնէ ուշացումին պատճառը: Միւսը կը պատասխանէ, որ ինք ճիշդ ժամը 1:00-էն ի վեր Փարիզի «Ինթերքոնթինանթալ» պանդոկին ճաշարանը զինք կը սպասէր: Փաստօրէն կը պարզուի, որ երբ լիբանանցին Ժընեւէն ՄԱԿ-ի պատասխանատուի բջիջայինին հեռախօսած եւ Ժընեւի «Ինթերքոնթինանթալ» պանդոկին համար պայմանաւորուած է, ան արդէն իսկ գործով Փարիզ կը գտնուէր եւ Փարիզի «Ինթերքոնթինանթալ» պանդոկը գացած է… Ահաւասիկ բջիջայինը ունի նաեւ իր անպատեհութիւնները…

(130)

Նայրոպի (Քենիա) եմ միջեկեղեցական ժողովի մը եւ տեղւոյն աւետարանական եկեղեցիի պատուելին հետեւեալը կը պատմէ. «Երբ Եւրոպայէն առաջին միսիոնարները կու գան Ափրիկէ եւ կը սկսին Աստուածաշունչը քարոզել, կ՛անդրադառնան, որ հոն համարներ կան, որոնք ափրիկեցիները պիտի չկարենան հասկնալ. ուրեմն զանոնք կը պատշաճեցնեն մեր տեղական պայմաններուն», եւ մեզի գործնական օրինակներ կը թուէ իրենց աւանդութիւններէն ու բարքերէն եւ զանոնք կը համեմէ նահապետական զրոյցներով: Կը յիշեմ մեր Գողթան երգերու պատառիկները եւ կ՛ափսոսամ, թէ որքա՜ն բան կորսնցուցած ենք… Չեմ մոռցած պատուելիին տուած սա այնքա՜ն դիպուկ օրինակը. «Սաղմոսներուն մէջ կը կարդանք. «[Աստուած] Ձիւնը կը պարգեւէ բուրդի պէս. եղեամ կը ցանէ մոխիրի պէս» (Սղ. 147.16): Մենք թարգմանած ենք. «Բամպակը կը պարգեւէ բուրդի պէս. եղեամ կը ցանէ մոխիրի պէս», որովհետեւ մեր մօտ ձիւն չի գար. մեր ժողովուրդը ձիւնի շնորհաբեր զգայնութիւնը չունի, սակայն բամպակինը ունի»:

(131)

2004-ին Ս. Էջմիածնէն եւ Անթիլիասէն վեց սրբազան Գահիրէ կը գտնուինք միջեկեղեցական ժողովի եւ այլ հանդիսութիւններու մասնակցելու համար: Եգիպտոսի առաջնորդն ու Ազգային իշխանութիւնը Նեղոս գետի վրայ շրջան ընող նաւուն վրայ տրուող ընթրիքով կը պատուէ մեզ: Ընթրիքի կիսուն բարձրաձայն երաժշտութիւն կը հնչէ, եւ պարուհի մը կը մտնէ նաւուն առաջին յարկը, ուր այլ սեղանակիցներու հետ կ՛ընթրենք նաեւ մենք` վեց սրբազաններս, եւ կը սկսի պարել սեղանին գլուխը բազմած Տիրայր արք. Մարտիկեանին մօտ: Սրբազան հայրը անմիջապէս տեղէն կ՛ելլէ եւ երկրորդ յարկ կը բարձրանայ, իսկ պարուհին ուրիշ սեղաններ կ՛երթայ: Քիչ ետք Տիրայր սրբազան երկրորդ յարկէն վազելով առաջին յարկ կը վերադառնայ եւ իրեն յատուկ զուարթախօսութեամբ Ազգային իշխանութեան ատենապետին կ՛ըսէ. «Չգիտցայ, որ ինծի համար բերեր էիք այս պարուհին. ուր որ գացի, ետեւէս եկաւ: Հազիւ վեր փախած էի եւ պատշգամը կանգնած` գետը կը դիտէի, ետեւէս վեր հասաւ…»:

Կ՛որոշենք յաջորդ օրը երեկոյեան վեց սրբազաններով «Հիլթըն» պանդոկը հանդիպիլ եւ սուրճ մը առնել: Երբ հոն կը հասնինք, կը զարմանանք, որ ասեղ ձգելիք տեղ չկայ: Երկար տարիներ Միջին Արեւելք ծառայած փորձառու սրբազան մը կ՛ըսէ. «Հինգ վայրկեան սպասեցէք, ես հիմա տեղ բանալ կու տամ», եւ քիչ մը անդին կայնած սպասեակին կը մօտենայ ու ձեռքը գումար մը կը դնէ: Մէյ մըն ալ կը տեսնենք, որ սպասեակը պանդոկին ներսէն կլոր սեղան մը դարձնելով եւ քանի մը սեղաններ ասդին-անդին հրելով տեղ կը բանայ եւ սրճարանին ճիշդ կեդրոնը կը նստեցնէ մեզ: Հիւրընկալ սրբազանը կը յարէ. «Այս երկիրներուն մէջ կարսոնին նուէրը սկիզբէն եւ առատ եթէ տաս, անկարելին կարելի կ՛ըլլայ»:

(132)

Եգիպտոսի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանն է պատմողը. «Գիտէք` մեր մօտ ֆուլն ու ֆալաֆիլը շատ ընդհանրացած ճաշեր են: Հայաստանէն նոր եկած եմ Եգիպտոս եւ երկուքին ալ ծանօթ չեմ: Առաջնորդարանի պաշտօնեաները անընդհատ ֆուլը կը գովեն: «Սրբազա՛ն հայր, կառքով մինչեւ առաջնորդարանի փողոցը եկող մարդ մը կայ, որ այնքա՜ն համով ֆուլ ունի. պէտք է մէյ մը փորձէք, չէք զղջար եւ ամէն օր պիտի ուզէք»: Վերջապէս զիս կը համոզեն: Գրասենեակիս պատուհանէն կը նայիմ, որ առաջնորդարանի մեր սպասաւորը մեծ ամանը բռնած` կարգի կեցած է ֆուլ ծախողի կառքին քովը, մինչ ծախողը ֆուլը կը լեցնէ, եւ իշուկն ալ պոչը ամանին մէջ կը մտցնէ: Հիմա հասկցա՞ք, թէ ինչո՛ւ շատ համով ֆուլ ունի այս մարդը…»:

(133)

Վանքուվըր հոգեւոր հովիւ եղած առաջին երկու տարիս համալսարանը կ՛ապրէի եւ կը ճաշէի: Օր մը կ՛որոշեմ մօտակայ չինական ճաշարանը ընթրել: Վեց սեղանով փոքրիկ ճաշարան մըն է. մարդը խոհարարն է եւ կինը` սպասեակը: Նախ ապուր կ՛ապսպրեմ. շատ համով է, բայց քանի մը դգալ խմելէ ետք կնոջ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ կը խնդրեմ, որ տանի ու գլխաւոր ճաշը բերէ: «Չսիրեցի՞ք արդեօք», ազնուօրէն հարց կու տայ: «Սիրեցի, շատ համեղ էր. սակայն կը խնդրեմ, որ տանիք», կը պատասխանեմ: Կինը կը տանի եւ տասը վայրկեան յետոյ հաւն ու փիլաւը կը բերէ: Ասկէ ալ քանի մը դգալ կ՛ուտեմ եւ հաշիւը կը խնդրեմ: Այս անգամ չինացի կինը մայրական գուրգուրանքով կ՛ըսէ. «Կը ներէք. եթէ մեր այս ճաշերը չհաւնեցաք, մի՛ վճարէք. ձեզի ուրիշ ճաշ հրամցնենք. ձուկ, միս, ի՛նչ որ ուզէք: Եթէ անոնք ալ չսիրէք, դարձեալ մի՛ վճարէք: Մենք կ՛ուզենք, որ մեր յաճախորդները ուրախ մնան, միշտ մեր մօտ գան եւ մեզի նոր յաճախորդներ ղրկեն»: Կնոջ սրտբացութենէն քաջալերուած` կը պատասխանեմ. «Դուք շատ անկեղծ էք, եւ ձեր ճաշերը շատ համով են: Շատ ուրախ եղայ, որ ձեր ճաշարանը եկայ: Ես չինական ճաշ շատ կը սիրեմ եւ նորէն պիտի գամ: Յայտնեմ, որ ես 11 տարեկանիս վանք մտած եմ, 19 տարեկանիս վարդապետ ձեռնադրուած եմ, վանքին մէջ ապրած եմ եւ միշտ հաւաքաբար ճաշած եւ աղօթած եմ. հիմա 25 տարեկան եմ եւ Լիբանանէն Վանքուվըր առանձին եկած եմ` ուսանելու ու հովւութիւն ընելու եւ այսօր առաջին անգամ ըլլալով առանձինս ճաշարան եկայ եւ ահաւասիկ չկրցայ ճաշս ուտել»: Չեմ գիտեր, թէ չինացի «մաման» ամբողջապէս հասկցա՞ւ ըսածս, սակայն ես ստիպուած եղայ վճարելու եւ անմիջապէս ճաշարանէն դուրս ելլելու, որովհետեւ մաքուր օդի խիստ կարիքը ունէի…

(134)

Մօրենական մեծ մայրս Ալեքսանտրեթէն թրքախօս յոյն եղած է: Մայրս կը պատմէ, թէ մայրը իր երկու աղջիկներուն սորվեցուցած է, որ երբ անախորժ հիւր մը գայ իր տունը, եւ ինք «Մաւրօ» (յունարէն` «սեւ») ըսէ, անմիջապէս սեւ սուրճ կը հրամցնեն, որպէսզի ան խմէ եւ մեկնի: Այլապէս հիւրը կը մեծարեն հարց տալով, թէ ինչպիսի՞ սուրճ կը փափաքի խմել եւ ըստ այնմ կը պատրաստեն եւ քիչ մը ուշ կը հրամցնեն…

(Շար. 14)

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաց Նամակ` Հայաստանի Հանրապետութեան Անարժան Վարչապետին

Յաջորդը

Կլիմայական Խնդիրներ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?