Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի աղջկանց պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Բ. դասակարգի Բ. խմբակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները չկարենալ յաղթահարելէ ետք, Հայաստանի հաւաքականը 9-18-րդ դիրքի մրցումին 74-58 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ալպանիայէն:
Նշենք, որ հայրենի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին թէեւ յաղթանակ մը արձանագրեց Վրաստանի դէմ (49-46), սակայն անկէ ետք կրեց երկու պարտութիւն` Իսրայէլէն (102-40) եւ Գերմանիայէն (101-30):
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի 16 տարեկանէն վար աղջկանց Գ. դասակարգի Բ. խմբակի մրցումներուն, որ տեղի կ՛ունենայ Ալպանիոյ մէջ, Հայաստան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 61-43 արդիւնքով յաղթած էր Մոլտովային, իր կատարած երկրորդ մրցումին թէեւ Կիպրոսէն կրեց 62-53 արդիւնքով պարտութիւն մը, սակայն վերջինին հետ միասին ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Արեգ Վաթեանի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, այսպիսով պիտի մասնակցի քառորդ աւարտականին, մինչ Կիպրոս` կիսաւարտականին:


