Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 15 յուլիսին Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Նոր Զելանտայի դէմ, արձանագրեց բաւական կարեւոր եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը` 86-72 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան ո՛չ միայն գրաւեց Դ. խմբակին պարագլուխի դիրքը, այլեւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ Լիբանանի խմբակին մէջ են նաեւ` Ֆիլիփեան կղզիներ եւ Հնդկաստան:
Ա. հանգրուանի իր կատարելիք վերջին մրցումին, վաղը` կիրակի, 17 յուլիսին առաւօտեան ժամը 7:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հնդկաստան:
Վերադառնալով երէկուան մրցումին, Լիբանան, որ միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 54-րդ, յաղթեց 27-րդ դասուած Նոր Զելանտային:
Առաջին քորթըրին մրցակից կազմը յաղթեց 22-17 արդիւնքով, սակայն կիսախաղի դադարին Լիբանան յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել (39-36):
Երրորդ քորթըրին Լիբանան դարձեալ իշխեց իր մրցակիցին վրայ (58-53), մինչեւ որ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 14 կէտի տարբերութեամբ (86-72):
Մարզիչ Ժատ հաժի գլխաւորած կազմէն Ուաէլ Արաքժի նշանակեց 25 կէտ, մինչ Հայկ Կէօքճեան` 19 կէտ:
Լիբանանի արձանագրած այս յաղթանակէն անմիջապէս ետք, նախագահական պալատի բանբերը յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորանքի իր խօսքը ուղղած է ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ժողովուրդին` արձանագրուած այս կարեւոր նուաճումին համար: