ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անի Տէր Արթինեան
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Ժանի Տէր Արթինեան եւ զաւակները` Սինդիա եւ Սելին
Տէր եւ տիկին Արշակ եւ Լենա Ամպարճեան եւ զաւակները` Յարութ, Շանթ եւ Միհրան
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Դալար Քէօշկերեան եւ զաւակները` Ալիսիա եւ Հրակ
Արժ. Տ. Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Աշխէն Տէր Արթինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Լենա Տէր Արթինեան եւ զաւակունք (Հալէպ)
Տիկին Արուս Հալլաճեան եւ զաւակունք (Հալէպ)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Անահիտ Հաճեան եւ զաւակունք (Հալէպ)
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Զեփիւռ Ասատուրեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիկին Ժանեթ Ամպարճեան եւ զաւակունք (Հալէպ)
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Սեդա Գաբրիէլեան եւ ընտանիք
Տէր Արթինեան եւ Ամպարճեան ընտանիքներ
Քէօշկերեան եւ Հալլաճեան ընտանիքներ
Չափարեան եւ Համալեան ընտանիքներ
Հաճեան եւ Ասատուրեան ընտանիքներ
Գաբրիէլեան եւ Տանայեան ընտանիքներ
Յովհաննէսեան եւ Շառոյեան ընտանիքներ
Սարեան եւ Քէքէճեան ընտանիքներ
Առաքելեան եւ Ակոբեան ընտանիքներ
Պալքճի եւ Տիկպիկեան ընտանիքներ
Չափրազեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`
ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ԱՐԹԻՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Հալէպ, 1948-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 11 յուլիս 2022-ին, Երեւան-Հայաստան:
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 16 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 13:30-ին, Կոնդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, Երեւան-Հայաստան:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Յետ թաղման արարողութեան ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին «Տէրեան» ճաշարանին մէջ, Բիւզանդի 1/3:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՐԱՆԴ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 17 յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ»
Հեղինակ` ԹԱԴԵՒՈՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Գլխաւոր խմբագիր` ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Խմբագիրներ` ՅԱՐՈՒԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Հրատարակութիւն` «Հորիզոն» հրատարակչութեան
Մոնրէալ, 2021
***
«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ»
Հեղինակ` ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Պէյրութ, 2022
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան
Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութիւն
2020-2021 տարեշրջանը`
«ԱԼԻՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ»
Սերունդի շրջանաւարտներու ընդունելութիւնը եւ յիշատակի երեկոն տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 14 յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ, Մզհեր:
Կնքամայր` Տիկին Մարալ Մկրտիչեան-Գալայճեան
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ 2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին բոլոր դասարաններու` մանկապարտէզէն ԺԲ. կարգերու, իրենց զոյգ մասնագիտութիւններով` Life Science եւ Socio-Economics, առաւել` BT վարչագիտութիւն (Administration) 5-էն 26 յուլիս, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը` առաւօտեան ժամը 9:00-12:00:
Պուրճ Համուտի եւ Ֆանարի շրջաններու աշակերտութեան համար փոխադրակառքերը անվճար են:
Նորութիւն. տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ նաեւ, թէ պատրաստ է ընդունելու 2 տարեկանէն սկսեալ փոքրիկներ մանկապարտէզի Ծիլ դասարան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել քարտուղարութեան կամ հեռաձայնել 01-241541 թիւին:
Դէպի լուսաւոր ապագայի միակ հասցէն` Ազգային միացեալ վարժարան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիք ունի մոմի վրայ աշխատող օրիորդի մը:
Դիմել` հեռ. 03-882792:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Իրենց հօր եւ մօր` Հրանդ Արսլանեանի մահուան քառասունքին եւ Ռոզին Արսլանեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթներով`
Արսլանեան, Պալեօզեան եւ Լուսարարեան ընտանիքներ կը կատարեն հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– ՀԲԸՄ-ի վարժարաններուն 2.000.000 լ. ո.
– ՀԵԸ-ի սկաուտական խումբին 2.000.000 լ. ո.
– «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին 2.000.000 լ. ո.
– «Զարթօնք» օրաթերթին 2.000.000 լ. ո.
– «Արարատ» օրաթերթին 2.000.000 լ. ո.