Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը Պիտի Խստացուի

July 14, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքահայերուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը պիտի խստացուի:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Իրաւական աքթերու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքին վրայ ներկայացուց «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու վերաբերող օրինագիծը, որով կ՛առաջարկուի ազգութեամբ հայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող անձին կողմէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու համար իբրեւ պարտադիր պահանջ սահմանել Հայաստանի մէջ վերջին երկու տարուան ընթացքին առնուազն 60 օր օրինական հիմքով բնակելու կամ գտնուելու հանգամանքը:

Նախագիծին մէջ կը նշուի, որ Սահմանադրութեան համաձայն, ազգութեամբ հայերը Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելու պահէն ունին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու իրաւունք, սակայն «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքով սահմանուած չէ, թէ ո՛ր պահէն անձը կը նկատուի Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած:

«Մասնաւորապէս, Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող 18 տարին լրացած, գործունակ, օտարերկրեայ պետութեան մէջ բնակող կամ Հայաստանի մէջ օրինական հիմքով բնակող (գտնուող) իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի դիմելու Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար, եթէ օրէնքով սահմանուած կարգով վերջին երեք տարին մշտապէս բնակած  է Հայաստանի մէջ: Կը սահմանուի, որ Հայաստանի մէջ քաղաքացիութիւն չունեցող ազգութեամբ հայ անձը, որուն խնամակալը Հայաստանի քաղաքացի է, կրնայ ստանալ քաղաքացիութիւն առանց վերոյիշեալ պահանջներու պահպանման: Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացին մէջ օրէնքը աւելի մեծ կարելիութիւն սահմանած է ազգութեամբ հայերու համար, քան ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ», կը նշուի հիմնաւորման մէջ:

Գործող օրէնքին նպատակը, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, հայրենադարձութիւնը խթանելն է, սակայն ծառայութեան կողմէ վերջին տարիներուն կատարուած ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ ազգութեամբ հայ ըլլալու հանգամանքով պայմանաւորուած Հայաստանի քաղաքացիութիւն հայցող անձերու ստուար զանգուածը, յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու` Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի քաղաքացիները, երբեւէ չեն այցելած Հայաստան կամ ժամանած են հազուադէպ` 4-5 տարին մէկ անգամ:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Վճռականօրէն Կ՛աջակցին Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Պիտի Քուէարկէ Հայ Դատի Յանձնախումբի Հովանաւորած Չորս Բանաձեւերու Վերաբերեալ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.