Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ «Պէյրութ` Լոյսի Օրրան» Ցուցահանդէսի Բացում

Յուլիս 7, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ միւռոնօրհնէքի առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, շաբաթ, 2 յուլիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Պէյրութ` լոյսի օրրան» խորագիրով ցուցահանդէսին: Ներկայ էին միւռոնօրհնէքին առիթով Լիբանան հասած հիւրեր, լիբանանահայ արուեստագէտներ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ:

Այս ցուցահանդէսը կը համախմբէ անցնող քանի մը տարիներուն առողջապահական ճգնաժամի ընթացքին եւ այլապէս իրենց մահկանացուն կնքած լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտներու` Կիւվտէրի, Ռոզվարդ Սիսեռեանի, Զաւէն Խտըշեանի  եւ ցուցասրահի բարերար Լիւսի Թիւթիւնճեանի գործերէն հաւաքածոյ մը: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ լիբանանահայ կերպարուեստի վաստակաշատ ու տաղանդաշատ ներկայացուցիչներ Հրայր, Միսաք Թերզեան, Գրիգոր Ակոբեան, Ժաքլին Օհանեան, Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեան, Րաֆֆի Թոքաթլեան եւ Միրէյ Կոկիկեան:

Ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ այս ցուցահանդէսի նպատակին եւ յայտնեց, որ անցնող տարիներուն Լիբանանի ապրած ընկերային-տնտեսական ու առողջապահական ճգնաժամէն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ու անոր պատճառած ահաւոր աղէտէն ետք, ահաւասիկ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը վերանորոգ թափով եւ կամքով կը վերսկսի ցուցահանդէսներու կազմակերպման եւ յոյսով է, որ նոր աշխուժութիւն եւ կենսունակութիւն կը ներդրէ լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ:

Հաւաթեան իր խօսքը շարունակեց հաստատելով, որ ամբողջ հայաշխարհը անցնող երեք տարիներուն մասնակից դարձաւ լիբանանահայութեան վերականգնումի հաստատակամ ճիգին, եւ այսօ՛ր արտասահմանէն ժամանած այս ցուցահանդէսի հիւրերուն ներկայութեան, թարգմանը հանդիսանալով լիբանանահայու ապրումին, շնորհակալութիւն կը յայտնէ, ի շարս այլ զօրակցական նախաձեռնութիւններու, կրթական եւ մշակութային բնագաւառին մէջ նաեւ ցուցաբերուած անվերապահ աջակցութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հայորդիներուն, որոնք ներդրում ունեցան լիբանանահայութեան վերականգնումի հոլովոյթին մէջ:

Ապա Հաւաթեան հրաւիրեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչ- արուեստագէտներ Մկրտիչ Միքայէլեանը եւ Գէորգ Քէշիշեանը, որոնք հանդէս եկան նուագի գեղեցիկ կատարումով մը:

Այս առիթով Հաւաթեան անդրադարձաւ նաեւ Համազգայինի Լիբանանի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին եւ ընդհանրապէս գեղարուեստի դպրոցներուն ծաւալած կարեւոր աշխատանքին` նորահաս սերունդներու մշակութային կազմաւորման առաքելութեան առումով:

Բացման հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան իր ուրախութիւնը արտայայտեց այս ցուցահանդէսի կազմակերպման առիթով` հաստատելով, որ լիբանանահայ կեանքի հանգրուանային բնականոնացման հոլովոյթին մէջ, ահաւասիկ արուեստի այս օղակը նաեւ  մասնակից է այդ հաւաքական ճիգին ու կը վերադառնայ իր աշխուժ գործունէութեան: Ան ողջունեց արտասահմանի հիւրերու ներկայութիւնը` վստահեցնելով, որ մշակոյթի այս հարազատ օճախը պիտի շարունակէ իր ճառագայթումը: Անդրադառնալով կեանքին հրաժեշտ տուած լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտներուն` առաջնորդ սրբազանը իր խօսքի աւարտին կարեւոր նկատեց այսպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք կը յաւերժացնեն անոնց մեծ վաստակը եւ յիշատակը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 յուլիս:

Նախորդը

Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Գաղութային

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Լրատուութեան Ճշգրտութեան Բանալիներէն Մէկուն

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In