Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2022 Յունիս Ամսուան Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

July 2, 2022
| Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ յունիս 2022-ին ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդուած սակը 13.556 լիբ. ոսկի է:

Միւս կողմէ, Պուրճ Համուտի տարբեր թաղամասերու ելեկտրական հոսանքի ընդհատումի միջինը, որուն ընթացքին ելեկտրածին շարժակները բանեցան, յունիս 2022-ին 422 ժամ էր:

Ուստի կը յայտարարենք.

Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2022-ի յունիս ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.

* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 640 հազար լ. ո. (վեց հարիւր քառասուն հազար լիբ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 1 միլիոն 920 հազար լ. ո. (մէկ միլիոն ինը հարիւր քսան հազար լիբ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերին համար գանձել 3 միլիոն 200 հազար լ. ո. (երեք միլիոն երկու հարիւր լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:

Նկատի ունենալով, որ շարժակներու մասնակցութեան սակը բաւական բարձր է, եւ անոր բարձրացումը կարելի եղածին չափ հակակշիռի տակ առնելու նպատակով, ելեկտրածին շարժակներուն կողմէ ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերու ընդհատումը պիտի ըլլայ 7-8 ժամով` հետեւեալ ձեւով.

Շաբթուան բոլոր օրերը, բացի կիրակի օրերէն.

– կէս գիշերուան ժամը 12:00-էն 6:00
– առաւօտեան ժամը 7:30-էն 9:30
– յետմիջօրէի ժամը 2:00-էն 4:00

Կիրակի օրերը.

– առաւօտեան ժամը 2:00-էն 7:00
– կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-էն 11:00
– յետմիջօրէի ժամը 2:00-էն 4:00

Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէրէ կը պահանջուի այս հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհատման ժամերը լիովին յարգել` քաղաքացիներու շահերուն պահպանման համար: Քաղաքապետութիւնը ներող պիտի չըլլայ եւ համապատասխան օրինական քայլերուն պիտի դիմէ, եթէ ոեւէ սեփականատէր չյարգէ սակերը եւ ճշդուած ժամերէն աւելի երկար ժամեր անջատէ ելեկտրականութիւնը, կամ ոեւէ բնակիչի ելեկտրականութիւնը ամբողջովին ընդհատէ` օգտագործելով առկայ տագնապալի վիճակը:

Գ) Քաղաքացիները բաժնեգիները պիտի վճարեն լիբանանեան թղթոսկիով` Ա. կէտով ճշդուած սակերուն հիման վրայ:

Դ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային, որպէսզի համապատասխան բողոք ներկայացնեն, իսկ քաղաքապետարանը պիտի հետապնդէ այդ բողոքները եւ համապատասխան քայլերուն պիտի դիմէ որոշումները խախտողներուն հաշուոյն:

Ծանօթ.- Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` հաշուիչ մեքենաներ ունեցող բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.

5 ամփեր` 100 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփեր` 220 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփերը գերազանցողներուն պարագային, իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար 120 հազար լիբ. ոսկի պիտի աւելնայ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:

 

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ձեռամբ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն

Յաջորդը

«Շուէտը Մեզի Խոստացաւ 73 Ահաբեկիչներ Արտայանձնել» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (2 Փետրուար 2026)

February 2, 2026
Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (31 Յունուար 2026)

January 31, 2026
Աղեղնաբառ – 234
Այլազան

Աղեղնաբառ – 234

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.