27 յունիսէն 9 յուլիս, Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան, նկատի առնուած իրաւարարներուն կարգին է Հայաստանէն Քրիստինէ Գրիգորեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8 խումբեր, որոնք բաժնուած են երկու խմբակի:
Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Չեխիա, Իտալիա, Սպանիա եւ Ֆրանսա (ախոյեան):
Իսկ Բ. խմբակին մէջ են Շուէտ, Նորվեկիա, Անգլիա եւ Գերմանիա: