Խրուաթիոյ Փորեք քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ժիւտոյի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի խումբը բաւարարուեցաւ երկու մետալով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային հաւաքականի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ինչպէս ծանօթ է, Գոռ Կարապետեան 81 քկ դասակարգին մէջ տիրացած էր արծաթ մետալի:
Իսկ 55 քկ դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Վահէ Աղասեան: