ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու յանձնակատարի Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը «Քորոնա» ժահրի դէմ «Ֆայզըր»-ով պատուաստումի արշաւ մը կը կատարէ Պուրճ Համուտի մէջ:
Պատուաստուիլ փափաքողներէն կը խնդրուի ներկայանալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին կից կառատունը, երեքշաբթի 14 յունիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00, ստանալու համար պատուաստը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ