Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Շարժական Տարրալուծարաններ` Արցախի Բոլոր Դպրոցներուն
«Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամը վերջերս յայտարարեց «Շարժական տարրալուծարաններ Արցախի բոլոր դպրոցներուն համար» խորագիրով նուիրահաւաքի մեկնարկին մասին:
Ամբողջ աշխարհին մէջ մանկավարժները կը գիտակցին տարրալուծական հետազօտութեան կարեւորութեան` իբրեւ գիտելիք ստանալու արդիւնաւէտ ձեւ: Տարրալուծարանի փորձը, որ ընդգրկուած է ուսումնական ծրագրին մէջ, կրնայ զգալիօրէն բարձրացնել աշակերտներուն ուսուցման որակը:
Ցաւօք սրտի, Արցախի մէջ դպրոցներու մեծ մասը ընդհանրապէս չունին տարրալուծարանի սարքաւորումներ, եւ աշակերտները կարելիութիւնը չունին սորվելու փորձի միջոցով:
Այս հարցին անդրադառնալու համար անցեալ աշնան «Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամը Մարտունի շրջանի բոլոր` 29 դպրոցներուն նուիրեց կենսաբանութեան տարրալուծարանի հաւաքածուներ, որոնք յատուկ պատրաստուած էին 7-րդ դասարանի կենսաբանութեան ուսումնական ծրագրին համապատասխան:
Հաւաքածուները կը ներառէին մանրադիտակներ, նմուշներով սլայտներ, դատարկ սլայտներ, Պետրի ափսէներ, քիմիական սրուակներ եւ այլ նիւթեր: Անոնք կը ներառէին ո՛չ միայն դասարանի համար նախատեսուած սարքաւորումներ, այլ նաեւ դասարանէն դուրս օգտագործելու համար:
Մարտունի շրջանի դպրոցներուն տնօրէններու արձագանգները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու անմիջական արձագանգները չափազանց դրական եղած են: Այս կարծիքներուն հիման վրայ «Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամը որոշած է աւելի ընդլայնել դպրոցական գիտական տարրալուծարանի նախաձեռնութիւնը` աշխարհագրական եւ առարկայական առումով:
Ծրագիրը հետեւեալն է`
1.- Հիմնուիլ անցեալ տարուան յաջողութիւններուն վրայ եւ ընդլայնել Արցախի մնացեալ 77 դպրոցներուն մէջ կենսաբանութեան տարրալուծարանի սարքաւորումներուն բաշխման ծրագիրը: Անոնց մէջ կան 23 մեծ դպրոցներ, որոնք ունին մէկէ աւելի 7-րդ դասարաններ` կենսաբանութեան տարրալուծարաններու ընդհանուր թիւը պիտի հասնի 120-ի:
2.- Ներառել քիմիաբանութեան տարրալուծարան հաւաքածուներ, որոնք կրնան օգտագործուիլ 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտներուն կողմէ: Ինչպէս կենսաբանութեան տարրալուծարան հաւաքածուները, նոյնպէս այս հաւաքածուները նախագծուած են դասարանի ուսումնական ծրագրին աջակցելու համար: Արցախի բոլոր` 106 դպրոցներուն հասնելու համար կը պահանջուի 153 քիմիաբանութեան տարրալուծարան հաւաքածու:
Տարրալուծարանները դպրոցներուն պիտի յանձնուին 2022-2023 ուսումնական տարուան սկիզբը:
Արցախի մնացեալ դպրոցները (այսինքն` Ստեփանակերտի, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի, Ասկերանի եւ Շուշիի շրջաններու դպրոցները) կենսաբանութեան տարրալուծարան սարքաւորումներով 7-րդ դասարանցիներուն համար պիտի կազմէ շուրջ 17 հազար 7 հարիւր տոլար: 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու ուսումնական ծրագիրներուն աջակցելու համար Արցախի բոլոր դպրոցները քիմիաբանութեան տարրալուծարան սարքաւորումներով յագեցնելու արժէքը պիտի կազմէ շուրջ 18 հազար 8 հարիւր տոլար: Երկու նախաձեռնութիւններուն ընդհանուր արժէքը պիտի կազմէ շուրջ 36 հազար 5 հարիւր տոլար:
Այս ծրագիրը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ, որ Արցախի աշակերտները զարգացնեն այն, ինչ կը սորվին դասարանին մէջ իրական, տեսանելի փորձով, նաեւ պիտի նպաստէ աշակերտներուն մէջ գիտութիւններու նկատմամբ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու:
«Կրթական առաւելութիւններէն բացի, այս ծրագիրը պիտի հասնի Արցախի իւրաքանչիւր համայնքի` զանոնք անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ առանձին չեն, եւ որ Արցախէն դուրս գտնուող հայերը պիտի շարունակեն իրենց կողքին գտնուիլ այս դժուարին ժամանակներուն մէջ», ըսաւ «Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամի հասարակական կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան:
Նուիրատուութիւն կատարելով հետաքրքրուողները կրնան այցելել` https://rearmenia.com/hy/fundraisers/science-labs-for-every-school-in-artsakh կայքը:
Հադրութցի Նկարիչ Արծիւ Լալայեանի Աշխատանքները Ապրելու Մասին Են
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ «Դիզակ արթ» կեդրոնի հետ համագործակցութեամբ, կայացաւ հադրութցի նկարիչ Արծիւ Լալայեանի աշխատանքներուն ցուցահանդէս-վաճառքը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, որ նշեց. «Այս ցուցահանդէսը ապրելու մասին է, որովհետեւ նկարիչ Արծիւ Լալայեան, մասնակցելով երեք պատերազմներու, կորսնցուց իր երկու եղբայրները, կորսնցուց ծննդավայրը, երազները եւ նպատակները, բայց եւ այնպէս, նորէն ու նորէն, ի հեճուկս պատերազմին, իր մէջ ուժ եւ կամք գտաւ հայրենի հողին վրայ ամուր կանգնելու եւ վերստին ստեղծագործելու: Ուրեմն այս ստեղծագործութիւնները ապրելու մասին են, ուրեմն այս ցուցահանդէսը այդ իրողութեան լաւագոյն առհաւատչեան է», շեշտեց Հերմինէ Աւագեան:
Արծիւ Լալայեան յայտնեց, որ իր բոլոր ստեղծագործութիւնները մնացած են իր հայրենի Մեծ Թաղեր գիւղը` Հադրութ, եւ քանի մը կտաւներ միայն կարելի եղած է փրկել, որովհետեւ այդ կտաւները Ստեփանակերտ ցուցադրութեան դրուած էին:
Ցուցահանդէսին հանդէս եկաւ նաեւ «Դիզակ արթ» կեդրոնի սաներու խումբը:
Յայտնենք, որ «Դիզակ արթ» կեդրոնը իր շուրջ համախմբած է հադրութցի տեղահանուած պատանիները, որոնք կեդրոնին մէջ կը հետեւին գեղարուեստական տարբեր ուսուցումներու:
Արծիւ Լալայեան իր կնոջ եւ հինգ զաւակներուն հետ այժմ հաստատուած է Ստեփանակերտ ու հոն կը ստեղծագործէ եւ կերպարուեստի դասընթացքներ կը փոխանցէ նորահաս մատղաշ սերունդին:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսին ներկայ էին Համազգայինի Թ. պատգամաւորական ժողովի մասնակիցներ եւ արուեստագէտին հադրութցի բարեկամներն ու զինակիցները:
Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նորընտիր ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, «Դիզակ արթ» կեդրոնի ներկայացուցիչը եւ արուեստագէտը, ինչպէս նաեւ օրհնութեան խօսք փոխանցեց Տէր Գրիգոր Յովհաննիսեանը, իսկ ցուցահանդէս-վաճառքի առաջին նկարը գնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:
Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յունիս 10:
Համազգայինի Արցախի Գրասենեակը Յայտարարած Է Գրական–Ստեղծագործական Մրցոյթ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը յայտարարած է գրական-ստեղծագործական մրցոյթ մը` Արցախի մէջ բնակող երիտասարդներուն համար:
Հետաքրքրականը այն է, որ մրցոյթին համար սահմանուած են տարբեր անուանակարգեր` բանաստեղծական եւ արձակ ժանրերու մէջ: Իսկ մրցոյթին նպատակն է ճանչնալ, բացայայտել, ներկայացնել Արցախի երիտասարդ ստեղծագործողները, նպաստել անոնց գրական աշխատանքներու տպագրութեան` սփիւռքի գրական թերթերու մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայացնել զանոնք հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ:
Մրցոյթին նիւթերու եւ տեսակներու ընտրութիւնը պիտի ըլլայ ազատ, իսկ տարիքը` 18-30 տարեկան երիտասարդներ:
Հաղորդենք, որ գրական տարբեր անուանակարգերու մէջ յաղթողները պիտի արժանանան պատուոյ գիրերու եւ մրցանակներու, իսկ մրցոյթին արդիւնքները պիտի ամփոփուին յունիս 26-է յուլիս 2-ի միջեւ` Արցախի մէջ կայանալիք գրական-մշակութային օրերու ընթացքին:
Պատերազմի Օրերուն Խրամատներու Մէջ Քաջերու Ստեղծած Արուեստի Գործերը Ցուցադրուեցան Երեւանի Մէջ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Խրամատային գեղարուեստ» խորագրով հանրապետական ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան արցախեան երեք պատերազմներուն մարտեր մղած եւ անգամ խրամատներու մէջ ստեղծագործած քաջերու գործերը:
Ստեղծագործութիւններուն մէջ միախառնուած են հայու ազատ ապրելու ձգտումը, քաջութիւնն ու ստեղծագործ մտքի թռիչքը: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր «Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան մտայղացումով: Ներկայացուեցան ստեղծագործութիւններ մօտաւորապէս 30 հեղինակներու, որոնցմէ ողջ մնացած են միայն երեքը:
«Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գրիգոր Գրիգորեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, թէ պիտի ջանան գտնել նոր հեղինակներ: Անոնցմէ ոմանք մասնագէտներ եղած են, ոմանք` սիրողական նկարողներ, որոնք, սակայն` ոչ պակաս տաղանդաւոր: Գրիգոր Գրիգորեան վստահեցուց ըսելով, որ այսպիսի ցուցահանդէսներ շարունակական պիտի ըլլան, որովհետեւ այս մէկը միջոց մըն է մեր քաջերուն անունն ու յիշատակը վառ պահելու, ինչպէս նաեւ այդ ստեղծագործութիւններուն մէջ կ՛արտացոլան մեր քաջերուն յոյսերն ու ապրումները, չէ՞ որ անոնք արարուած են խրամատներու մէջ, մեր պայքարի ու մաքառումի օրերուն:
Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան Ստեղծագործական Կեդրոնի Հաշուետու Համերգ
Յունիս 3-ին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի 2021-2022 ուսումնական տարուան հաշուետու համերգը:
Կեդրոնը ստեղծուած է 1993 թուականին` արցախեան առաջին պատերազմի ամենածանր ժամանակահատուածին: Այսօր հաստատութեան մէջ կը գործեն 106 անվճար հիմունքներով խմբակներ, որոնց կը դասաւանդեն բանիմաց, իրենց գործին նուիրուած 82 հմուտ մանկավարժներ, եւ հոն կ՛ուսանին 1500 սաներ:
«Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոն» կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահ Լիւդմիլա Բարսեղեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ 2020 թուականի պատերազմէն ետք շատ դժուար էր առաջին անգամ կազմակերպել հաշուետու համերգ:
«Յետպատերազմական շրջանին երեխաները քիչ մը ընկճուած էին, այնպէս չէին երգեր, ինչպէս մինչեւ 2020 թուական: Բայց այս հաշուետու համերգը կը տարբերէր մինչեւ պատերազմը կազմակերպուած մնացեալ համերգներէն անով, որ առաջին անգամ բեմ կը բարձրանան մեր փոքրերու առաջին խումբերը: Խումբերուն մէջ ընդգրկուած են երեսունէ քառասուն սաներ, եւ թէ՛ մանկավարժներուն, թէ՛ մեզի համար շատ դժուար էր, բայց, այնուամենայնիւ` յաջողեցանք: Նաեւ առաջին անգամն է, որ մեր կեդրոնի սաները կը վարեն ամբողջ համերգը եւ վոկալ խումբերու սաները առաջին անգամն է, որ բեմ կը բարձրանան», տեղեկացուց Լ. Բարսեղեան:
Կեդրոնի թատերական խմբակի սան Աստղիկ Սարգսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ արդէն հինգերորդ տարին է, որ կը յաճախէ Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոն եւ կը պատրաստուի այս տարի աւարտելէ ետք շարունակել ուսումը այդ ուղղութեամբ, որովհետեւ կեդրոնի թատերական խմբակը մեծ ու նոր գիտելիքներ տուաւ իրեն:
Իսկ Աննա Յովհաննիսեանը արդէն վեց տարի է, որ կը յաճախէ կեդրոնի պարարուեստի խմբակ: «Շնորհակալ եմ իմ պարուսոյցներուս Գարի Աւանեսեանին եւ Տաթեւիկ Բաբայեանին` ինծի գիտելիքներով զինելնուն համար: Պարը դարձած է կենսակերպս, առանց որուն չեմ պատկերացներ առօրեան», նշեց Աննան:
Ստեփանակերտի Քաղաքապետարանին Կողմէ Կազմակերպուեցաւ Համերգ` Նուիրուած Երեխաներու Օրուան
Յունիս 1-ին Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին կողմէ Ստեփան Շահումեանի անուան Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ կազմակերպուեցաւ տօնական միջոցառում` նուիրուած Երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան:
Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան բաժինի վարիչ Տաթեւիկ Բալայեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ յետպատերազմեան շրջանին առաջին անգամն է, որ նման նախաձեռնութիւն կ՛իրականանայ, նաեւ շեշտեց, որ շատ դժուար է կազմակերպել այսպիսի միջոցառում:
«Այս միջոցառումները, որոնք այսօր կը կազմակերպուին մեր երեխաներուն համար, բաւարար չեն: Կը փափաքէինք աւելին կատարել անոնց համար, որովհետեւ անոնք արժանի են», նշեց Տ. Բալայեան:
11 տարեկան Իւրա Պաղտասարեան, որ մեծ ուրախութեամբ մասնակցեցաւ ձեռնարկին, նկատել տուաւ, որ քաղաքին մէջ երեխաները շատ են, եւ բոլորին մօտ ալ տօնական տրամադրութիւն կայ:
«Իմ հասակակիցներուս կը մաղթեմ, որ մեծնան ուժեղ, ըլլան երջանիկ եւ մեր հայրենիքին պաշտպանը դառնան», հաղորդեց Իւ. Պաղտասարեան:
Նշենք, որ ծրագիրը յագեցած էր երգ ու պարով, խաղերով` մասնակցութեամբ մանկական գծանկարներու հերոսներուն: Միջոցառման ընթացքին երեխաները նկարեցին իրենց երազած հայրենիքը, Արցախի արեւն ու բնութիւնը: