Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս . «Մենք Ուժեղ Ենք Ու Պիտի Յաղթենք, Որովհետեւ Իրականութիւնը Մեր Ձեռքն Է» Ըսաւ Ցվեթանա Փասքալեւա

February 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ցվեթանա Փասքալեւա եւ Կարօ Քեպապճեան

«Ղարաբաղի վէրքերը» վաւերագրական ժապաւէնի հեղինակ, արցախեան ազատագրական պայքարը գետնի վրայ ապրած, ղարաբաղցիին ցաւն ու ուրախութիւնը բաժնած եւ անոր հետ տագնապած, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման իսկական հաւատացող պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւա երէկ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` իր փորձառութիւնը կիսելով լրագրողներուն հետ:

Իր սրտի խօսքին մէջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան ողջունեց Ցվեթանա Փասքալեւայի Պէյրութ այցելութիւնը` զայն նկատելով արցախեան ազատագրական պայքարը մղած այն հերոսուհին, որ զէնքի փոխարէն քամերա ունէր իր ձեռքը եւ այսօր անոր ընդմէջէն աշխարհին կը ներկայացնէ մեր պայքարը: Ան շեշտը դրաւ Ղարաբաղեան պայքարին մէջ քարոզչութեան անհրաժեշտութեան վրայ` հաստատելով, որ պուլկարացի լրագրողը այս իմաստով մեծ ու աննախընթաց ներդրում ունի:

Ապա խօսք առաւ Ցվեթանա Փասքալեւա, որ ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան գտնուելուն համար` հաստատելով, որ իր նպատակն է արցախեան հարցին իսկութիւնը ցոյց տալ համայն աշխարհին, այդ պատճառով ալ ժապաւէնը պատրաստած է 7 լեզուներով, զայն հասցէագրած է նաեւ քաղաքական շրջանակներու, որպէսզի անոնք  իրենց աչքերով տեսնեն իրականութիւնը եւ ապա որոշումներ կայացնեն: Ան հաստատեց, որ Ղարաբաղի մէջ պատերազմի տարիներուն մարդկային ամէն տեսակ իրաւունք եւ տարրական պայմաններ կը բացակայէին, սակայն կար կամքը եւ հաւատքը` յաղթանակ ապահովելու: Փասքալեւա նշեց, որ միջազգային օրէնքով ղարաբաղցին այսօր իրաւունք ունի իր հողերուն վրայ ապրելու ապահով եւ բարօր կեանք մը, մանաւանդ որ ողբերգական ամէնէն վատ օրերուն այդ ժողովուրդը միջազգային ընտանիքին դիմեց, սակայն ոչ մէկ անդրադարձ ստանալով ինք իր ձեռքով ազատագրեց իր գրաւեալ հողերը եւ յաղթանակ կերտեց, կառչեցաւ իր հողին ու գոյատեւեց` հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու: Ան հաստատեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի ղարաբաղցիին ճակատագիրը ճշդելու, այնքան ատեն որ այս իրողութիւնները չի գիտեր:

Ցվեթանա Փասքալեւա հաստատեց, որ ինք պարզ նկարահանումներ կատարելէ շատ անդին գացած է` ղարաբաղեան դատը իրը դարձնելով ու խոստանալով բոլոր ղարաբաղցիներուն իրենց պայքարը փոխադրել աշխարհով մէկ, ապա անոնց հետ տեսնելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը:

Պուլկարացի լրագրողը դիտել տուաւ, որ Պուլկարիայէն սկսած իր շրջագայութիւնը` «Ղարաբաղի վէրքերը» ներկայացնելու, բաւական երկար եւ ամբողջական ուղի պիտի ունենայ` աշխարհը արձանագրուած դէպքերուն եւ իրողութիւններուն իրազեկ դարձնելու համար: Ան խոր հաւատք յայտնեց այն մասին, որ յաղթանակը Ղարաբաղի կը պատկանի, որովհետեւ անոր ձեռքն է նաեւ ճշմարտութիւնը:

Ապա ան խօսեցաւ այսօրուան Ղարաբաղի իրավիճակին մասին` շեշտելով, որ անիկա կ՛ընթանայ զարգացման եւ ժողովրդավարութեան ուղիով: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան` օժանդակելու Ղարաբաղի հզօրացման եւ անոր դատի լուծման` հաստատելով, որ ղարաբաղցին կրցաւ յաղթանակ ապահովել ամէնէն դժուար օրերուն ու անտանելի պայմաններու տակ, ուրեմն այսօր եւս կրնայ իր վերջնական յաղթանակը կերտել:

Աւարտին ան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:

Նախորդը

Փասքալեւայի Այցելութիւնները Լիբանանահայ Զանազան Կառոյցներուն

Յաջորդը

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակ. Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Եկեղեցական Կալուածներու Օրակարգին Մասին Զեկուցեց Քեն Խաչիկեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.