Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդական Պրիսմակ. Խոջալուն Ընդդէ՞մ Սումկայիթի (Փետրուար 26-28)

February 28, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

1988-1990 տարիներուն հայութիւնը ապրեցաւ  իր նոր ժամանակներու արհաւիրքը` հաւաքական սպանդի ենթարկուելու գեհենային ծրագիրով, այս անգամ ջարդարար թուրքին հարազատ ժառանգորդ` ազերի վոհմակներու ձեռամբ, Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ այլ հայահոծ շրջաններու մէջ:

Ժամանակակից պատմագրութիւնը վաւերագրեց բարբարոս թշնամիին գործադրած նախճիրները հայ խաղաղասէր հասարակութեան դէմ, այսպէս ասած քաղաքակիրթ մարդկութեան դիմաց եւ անոնց լուռ ու անտարբեր վերաբերումին ի տես:

Պետականօրէն մտադրուած եւ գործադրուած զազրելի ոճիրները կը նպատակադրէին առաջին հերթին դառն պատասխան տալ Արցախի քաջ ժողովուրդի պոռթկումին եւ պահանջատիրական կեցուածքին, նաեւ` բարոյալքել ամբողջ հայութիւնը եւ կասեցնել ազատագրական պայքարի նորաբորբոք արշաւը:

Փաստօրէն, Պաքուի մէջ ապրող աւելի քան երկու հարիւր հազար հայութիւնը ենթարկուելով անմարդկային չարչարանքներու եւ անասելի նախատինքներու` պարտադրաբար պիտի լքէր օճախը եւ բռնէր գաղթականութեան ճամբան, իր ետին ձգելով հարազատներու դիակներն ու մոխրացած կառոյցները:

Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ արցախահայութեան ազատագրական պայքարը տարուէ տարի պիտի արձանագրէր յաղթանակներու ամէնէն փայլուն օրագրութիւնները, այսուամենայնիւ, Սումկայիթի թէ այլ շրջաններու մէջ կատարուած սպանդները` հայ զանգուածներու դէմ, պատուհաս պիտի դառնային հայութեան` բազմահազար գաղթականներու, վիրաւորներու թէ ընկերային-տնտեսական դժուարին կացութիւններու դէմ յանդիման դնելով զայն:

Ատենին հայրենի ժողովուրդը փորձեց իր կարելին ցուցաբերել օժանդակելու եւ նեցուկ կանգնելու անոնց, սակայն, ստեղծուած ահաւոր կացութիւնը առաւել եւս կը ճնշէր հայութիւնը, ազատագրական իր պայքարին թէ վերանկախանալու գործընթացին ամբողջ ծանրութիւնը տանելու հարկադրութեամբ:

Այսուհանդերձ, հայ ժողովուրդը շնորհիւ իր անկոտրում կամքին, մարտունակ կերպարին եւ հայրենասէրի կոչումին, կրցաւ շրջանցել ամէնէն դաժան պայմաններն ու արգելքներն անգամ եւ ամրապնդել իր կորովը` սպառազինուիլ նախնեաց ոգեկան բարձրութեամբ, սեղմել ատամները, պրկել հոգիները եւ նետուիլ սրբազան մարտի դաշտեր ազատագրելու համար հայրենի դարաւոր տարածքներն ու բարձր պահել ազգային արժանապատուութիւնը:

Տարիներու թաւալքին հետ արցախեան գոյապայքարը նուաճեց բարձունքներ եւ վերահաստատեց ազգի դարաւոր երազանքը` ազատ ու անկախ ապրիլ հայրենի հողին վրայ, բարօր եւ անկաշկանդ կեանք մը վարելու հաստատակամ որոշումով եւ սքանչելի կեցուածքով:

Ստեղծուած զինուորական նորովի կացութիւններու եւ քաղաքական սթաթիւս քօ-ի դէմ յանդիման` անգին զոհողութիւններու ու թափուած սուրբ արեան գնով հայոց ճակատամարտը այս անգամ կը փոխադրուէր դիւանագիտական դաշտ` ապահովելու Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, Պաքուի, Սումկայիթի եւ Կիրովապատի ջարդերուն ահաւորութիւնը համայն աշխարհին ներկայացնելու հրամայական պահանջը,  հայրենիքի վերակառուցման լծուելու պատրաստակամութիւնն ու ազգակերտ առաջադրանքներու կենսաւորումը:

Թէեւ հայութիւնը քսան տարուան ընթացքին գօտեպնդեց ինքզինք, ամրագրեց պետական մտածողութեան որոշակի պատուարներ, այսուամենայնիւ, թուրք-ազերի հորդաներու կողմէ տարուէ տարի սաստկացող դիւանագիտական եւ ռազմակոչերու սպառնալիքները ձեւով մը զգաստութեան պէտք է հրաւիրէին հայ քաղաքական մտքի ու պետական կառոյցներու ղեկավարութիւնը, աւելի զգօն, խոհուն, ապագայատես, աշխուժ, դիւանագիտական ոլորտներու մէջ աւելի յարձակողապաշտ եւ միջազգայնօրէն իրենց ներկայութիւնը  ապահովելու տեսակէտէ` որդեգրէին յանդուգն եւ միշտ հակազդողի մարտավարական գործընթացներ:

Փաստօրէն, բարբարոս թուրք-ազերին վերջին տարիներուն կրցաւ այսպէս ասած «առաւել»-ներ ապահովել միջազգային քաղաքական բեմահարթակներու վրայ, կրցաւ համոզել եւ կեցուածքներ պարտադրել կարգ մը պետութիւններու, որոնք շահակցական խենեշ քաղաքականութեան մը պաստառին ներքեւ եւ կուրօրէն` յառաջ  կը քշեն թրքութեան վայել ստապատիր եւ շինծու պատումներ:

Ի դէպ, այդ հեքիաթներու շարքին կը հանդիսանայ այսպէս ասած Խոջալուի «ցեղասպանութիւն»  յերիւրանքը, որ, ըստ երեւոյթին, հետագայ տարիներուն պիտի օգտագործուի իբրեւ ճնշումի միջոցներ:

Հայոց ազատագրական պայքարի արդի ժամանակներու ամէնէն վսեմ արարքներուն մաս կը կազմէ Խոջալուի ազատագրումը, որովհետեւ այդ քաղաքէն թշնամին կը պատուհասէր հայրենի մայրաքաղաքին` մահ ու աւեր սփռելով ամէնուրեք:

Տղաքը իրենց քաջարի ու ասպետական կեցուածքով ոչ մէկ ատեն թիրախ դարձուցին թշնամի անզէն հասարակութիւնը, անոնք քանի մը ազդանշաններէն ետք կրցան դուրս շպրտել բարբարոս հորդաները:

Թէեւ ժամանակագրականօրէն եւ իրենց բնոյթով Սումկայիթի հայոց ցեղասպանութիւնն ու Խոջալուի ազատագրական կռիւները կը տարբերին իրարմէ, սակայն, թշնամին կրցաւ անոնց միջեւ ստեղծել հասարակ յայտարար մը` հայութիւնը ներկայացնելով իբրեւ ջարդարարներ:

Հայոց զոյգ պետութիւններու դիւանագիտական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները, իրենց թիկունքին ունենալով սփիւռքահայ ներուժի եւ կարողականութիւններու ամբողջ պաշարը, անմիջապէս պէտք է ի գործ դնեն եւ առանց վարանումի լծուին հակաքարոզչական ազդու արշաւներու, յատկապէս իսլամ երկիրներու մէջ  ձեւաւորելու օտար հասարակական միջավայր եւ մտածողութիւն` յանուն ճշմարտութեան եւ իրաւաքաղաքական գործընթացներու ապահովումին:

Այնքան ատեն որ հայ քաղաքական ու դիւանագիտական մտքի հզօրանքին ազդուութիւնը պահպանողական վարքագծերու ենթակայ է, թշնամին պիտի օգտագործէ այդ բացթողումը եւ շարունակէ իր սադայէլական ծրագիրներու հետապնդումը:

Այսօր միջազգային որոշակի շրջանակներու մօտ արդէն իսկ կը տարուին հակահայ քարոզարշաւներ, որոնց դէմ կանգնելու պարտադրանքին տակ կը գտնուի հայ պետական մտածողութիւնը:

Սումկայիթի հայոց ցեղասպանութիւնը փաստավաւերագրուած է: Պաքուի հայութիւնը ջարդուած եւ տեղահանուած կը սպասէ իր դատին, իրաւունքի վերահաստատման եւ միջազգայնօրէն դատապարտումին:

Դժբախտաբար, հայութեան մօտ Սումկայիթեան ոճիրներուն դէմ պարզապէս յիշատակութեան ու յարգանքի մատուցումէն անդին անցնելու աշխուժ վարքագիծեր տեսանելի չեն` ի բացառեալ կարգ մը հասարակական կազմակերպութիւններէ, որոնց ճիգերը գնահատելի կը մնան:

Հաւաքաբար լծուինք շրջելու ձեւով մը թշնամիին կողմէ պարտադրուած դիւանագիտական խաղերը, եւ հատու հարուած տանք`  դիւանագիտական-քարոզչական աշխատանքներուն նորովի թափ եւ ներուժ յանձանձելով:

Այսինքն` հայութեան ըմբոստացումի եւ իրաւատէրի առանձնայատկութիւնը խարսխենք նաե՛ւ այս բնագաւառին մէջ:

 

Նախորդը

«Առաքելական Եւ Ազատ Եկեղեցիները Այսօր» Խորագրով Դասախօսութիւն` Դպրեվանքին Մէջ

Յաջորդը

Ի՞Նչ Ենք Պահանջում Թուրքիայից. «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Ճանաչումից Հատուցում» Խորհրդաժողովի Ուղերձը Եւ Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.