Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 28 եւ 29 փետրուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք երկու մրցումներուն ժամերը յստակացած են:
28 փետրուարին Սերպիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումը պիտի սկսի ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), իսկ օր մը ետք Քանատայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումը` ժամը 19:00-ին, (դարձեալ Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան Լիմասոլի մէջ (Կիպրոս) գտնուող Ցիրիոն մարզադաշտին վրայ:
Ըստ Armsport.am-ի, Հայաստան – Սերպիա մրցումին իրաւարարը արդէն իսկ նշանակուած է. ան պիտի ըլլայ կիպրացի Լէոնթիոս Թրաթու: 38 տարեկան իրաւարարը նախապէս երկու առիթներով եղած է գլխաւոր իրաւարար Հայաստանի կատարած մրցումներուն: Առաջինը 2009-ին, երբ Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ երիտասարդական հաւաքականները ճակատեցան իրարու դէմ, իսկ երկրորդը դարձեալ նոյն տարին` Աւստրիա – Հայաստան մրցումին (17 տարեկանէն վար):
Ինչ կը վերաբերի հայրենի կազմին հագնելիք մարզաշապիկին, մարզիկները դարձեալ պիտի կրեն Hummel վաճառանիշը կրող իրենց շապիկները:
Հակառակ անոր որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը համաձայնագիր մը կնքած է Adidas-ի հետ, սակայն նոր շապիկները ազգային հաւաքականին տրամադրութեան տակ պիտի ըլլան ապրիլին:
Նշենք, որ երէկ` կիրակի, 26 փետրուարին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Կիպրոս` ընդլայնուած կազմով մը:


