Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էկեմեն Պաղըշ` Ցեղասպանութեան Ժխտման Թուրքիոյ Նախարարը

February 27, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

Թէեւ Թուրքիոյ պետական բոլոր այրերը սովորաբար կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, սակայն յատկապէս մէկ նախարարի պարագային Ցեղասպանութեան ժխտումը դարձած է անոր հիմնական զբաղմունքը: Զարմանալիօրէն, Էկեմեն Պաղըշ, ըլլալով Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար աւելի շատ վնաս հասցուցած է Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան հեռա-նկարներուն, քան` Թուրքիոյ որեւէ այլ հակառակորդ:

Թէեւ Պաղըշ երկու տարիէ ի վեր, նախարարի պաշտօնի վրայ նշանակուելէն սկսեալ, միշտ հանդէս կու գայ անհեթեթ յայտարարութիւններով, Ցիւրիխի մէջ անոր վերջին կոպիտ սխալը ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւեց: Թուր-քիոյ նախարարը ինքնավստահօրէն ձեռնոց նետեց Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն, որ ձերբակալեն զինք, պարծենալով, թէ «1915-ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն չէր»: Զուիցերիա որդեգրած է ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք մը, որ կը նմանի Ֆրանսայի օրինագիծին: Զուիցերիոյ դատախազը կը ստուգէ Պաղըշի խօսքերը եւ անոր դիւանագիտական կարգավիճակը` տեսնելու համար, թէ արդեօք կրնա՞յ պատժամիջոցներ կիրարկել անոր նկատմամբ` Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար:

Ի հարկէ քաջագործութիւն չէ դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան քողին տակ թաքնուիլը եւ տոնքիշոթեան յայտարարութիւններ ընելը` ձեռնոց նետելով այլ երկիրներու օրէնքներուն: Եթէ նախարար Պաղըշ ըլլար իրական «մաչօ» մը, նախ կը հրաժարէր իր անձեռն- մխելիութենէն, ապա կ՛երթա՛ր Զուիցե-րիա` հրապարակաւ հերքելու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այնուամենայնիւ, պարզ կը դառնայ, որ այս կտրիճ թուրք նախարարը իսկակա՛ն վախկոտին մէկն է: Գլուխ գովելէ ետք, թէ ինք մեծ սիրով կը վերադառնայ Զուիցերիա եւ կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ան սրամտօրէն յայտարարեց, թէ պիտի չվերադառնայ Զուիցերիա, քանի որ զուիցերիական դրամատուներուն մէջ դրամ չունի: Նախարարի ցանկութեան այս փոփոխութեան պատճառը իրականութեան մէջ իր ձերբակալման վախն է, եթէ յանկարծ զուիցերիացի դատախազը որոշում կայացնէ, որ անոր դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւնը չի պաշտպաներ զայն Ցեղասպանութիւնը ժխտելու յանցագործութենէն:

Որքա՞ն ժամանակ տակաւին վարչապետ Էրտողան պիտի կրնայ հանդուրժել պարոն Պաղըշի խեղկատակի վարքագիծը, որ Թուրքիան ամբողջ աշխարհի աչքերուն մէջ կը դարձնէ գռեհիկ պետութիւն մը: Հիացած ըլլալով Պաղըշի անգլերէնի իմացութեամբ` վարչապետը բարձրաստիճան նախարարական աթոռ մը առաջարկեց այս 41-ամեայ Նիւ Եորքի քոլեճի նախկին ուսանողին` առանց գիտակցելու, թէ ո՛ւր կրնայ հասցնել իրենց այդ դիւանագէտը, որուն «լեզուն ոսկոր չունի»:

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս նախագահ Ճորճ Պուշի անիմաստ յայտարարութիւնները յայտնի դարձան որպէս «պուշիզմ», աշխարհը այժմ ունի «պաղըշիզմ»-ի հարուստ հաւաքածոյ: Ահա անոր անտրամաբանական խօսքերէն քանի մը օրինակ.

– «1915-ին կատարուածը չի կրնար որակուիլ որպէս ցեղասպանութիւն, որքա՛ն ես գիտեմ… սակայն ես այնտեղ չեմ եղած 1915-ին»:

– «Ես քաղաքագէտ եմ: Իմ աշխատանքս ապագան որոշելն է, այլ ոչ թէ անցեալը»:

– «Վերջին տարիներուն բոլորը կը տեսնեն, որ թիւով աւելի շատ եւրոպացիներ կը տեղափոխուին Թուրքիա, քան` հակառակը»:

– Քաթարի մէջ վերջերս տեղի ունեցած համաժողովի մը ընթացքին նախարար Պաղըշ դարձաւ հանդիսատեսներու ծաղրանքի առարկան, երբ հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ «Եւրոպան» թրքերէն բառ է… Քաթարի մէջ յոյն դեսպանը ջղագրգռուած պատասխանեց. «Բոլորը գիտեն, թէ ըստ յունական դիցաբանութեան` Եւրոպան Զեւսի սիրուհիներէն մէկն էր»:

– Կը թուի, թէ նախարար Պաղըշ չի հասկնար, որ կը հակասէ ինքզինք, երբ կը խնդրէ այլ երկիրներէն բանալ իրենց արխիւները եւ տեսնել, թէ արդեօք Հայոց ցեղասպանութիւն եղա՞ծ է, մինչ ի՛նք կ՛եզրակացնէ՛, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած: Գոնէ ան պէտք է ազնուութիւնը ունենայ բերանը փակ պահելու, մինչեւ ամբողջութեամբ բացուին Օսմանեան կայսրութէան արխիւները: Մինչդեռ միւս երկիրներուն արխիւները բաց են արդէն տասնամեակներէ ի վեր:

– Մէկ շունչով արտասանելով ամերիկեան սրամիտ արտայայտութիւններ, զօրս սորված է Նիւ Եորքի փողոցները, ինչպիսին է` «a day late and a dollar short», Պաղըշ «Էուրօնիուզ»-ին յայտնեց. «Ասիկա մահապատիժ է` առանց դատավարութեան… 1915-ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն կոչելը` հիմնուելով սոսկ տեղեկութիւններու վրայ, որոնք ունինք ներկայիս, կը կատարուի լոպիի մը կողմէ, որ նենգամիտ ատելութիւն կը սերմանէ»:

– «Գերմանիա հայերուն հզօր դաշնակիցը եղած է 1915-ին, ուստի գերմանացիները պէտք է բանան իրենց արխիւները եւ փաստաթուղթեր տրամադրեն պատմաբաններուն, ուսումնասիրութիւններու համար», ըստ «Հիւրրիյէթ» թերթին` ըսած է Պաղըշ Եւրոմիութեան Ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Սթեֆըն Ֆիւլին: Պաղըշ երկու սխալ գործած է մէկ նախադասութեան մէջ: Գերմանիան ոչ թէ հայերուն, այլ` Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցն էր, իսկ գերմանական արխիւները բաց են արդէն երկար տարիներէ ի վեր:

– «Չկայ որեւէ ուժ, որ կրնայ ձերբակալել թուրք նախարար մը», հպարտութեամբ ըսած է Պաղըշ լրագրողներուն: Ապա ինչո՞ւ ան կը վախնայ եւ չի հրաժարիր դիւանագիտական իր անձեռնմխելիութենէն, ու յետոյ միայն չ՛ուրանար Հայոց ցեղասպանութիւնը Զուիցերիոյ մէջ:

– Պաղըշ կը շարունակէ կրկնել այն ստայօդ տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը «քաջութիւնը չէ ունեցած պատասխանելու վարչապետ Էրտողանի այն նամակին, որով ան կը պահանջէր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ուսումնասիրելու նպատակով պատմաբաններու յանձնախումբ մը կազմել»: Իրականութեան մէջ, նախագահ Քոչարեան պատասխանած է (այդ նամակին)` առաջարկելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրները լուծել կառավարութիւններու մակարդակով: Թուրքիոյ վարչապետն էր, որ չպատասխանեց Հայաստանի նախագահին:

Մինչ նախարար Պաղըշ կ՛օգտուի դիւանագիտական անձեռնմխելիութենէն, Թուրքիոյ մնացած բնակչութիւնը չունի նման արտօնութիւն: Լաւ կ՛ըլլայ, որ անձեռնմխելիութիւն շնորհուի բոլոր` 72 միլիոն թուրքերուն. բան մը, որ պիտի պաշտպանէ զանոնք հետապնդուելէ` «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը Թուրքիոյ մէջ արտասանելու պարագային:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

Ամանորի Նուէրս` «Սիփան-Կոմիտաս» Երգչախումբի Անտիպներու Խտասալիկը Ղեկավար` Կարպիս Ափրիկեան

Յաջորդը

Վոլիպոլ. Արաբական Ակումբներու 30-Րդ Ախոյեանութիւն. Մաշաալ Պաժայա Տիրացաւ Տիտղոսին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.