Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլեան Ոգեկոչում` ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ

April 20, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, 4 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչում:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազնիւ Միքայէլեան, որ ներկայացուց ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին գործունէութիւնը. «Յանձնախումբը կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ` նպատակ ունենալով տէր կանգնիլ մեր արժէքներուն, մեր մշակոյթին, զարգացնելով հայ կնոջ միտքը` քաղաքականացնել զայն, որպէսզի ունենանք առողջ եւ ազգին իրաւունքները պաշտպանող ու պահանջատէր նոր սերունդ»:

Ապա ան կատարեց Ցեղասպանութեան պատմականը եւ ըսաւ. «Հայ ազատագրական շարժումը իր կազմին մէջ խեղդելու եւ Հայկական հարցը թաղելու նպատակով Օսմանեան կայսրութեան կանխամտածուած, ծրագրուած եւ ի գործ դրուած հայաջինջ քաղաքականութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ 1894-1896 տարիներուն: Հայերու կոտորածն ու տեղահանութիւնը գործադրուեցաւ աստիճանաբար: Նախ մտաւորականութիւնը եւ ղեկավար դասը բնաջնջուեցան, ապա անտէր ժողովուրդը 1915-ին ապրիլէն  հոկտեմբեր:

Ան շեշտեց, որ հակառակ այս բոլորին` թուրքին երազը չիրականացաւ, որովհետեւ հայութիւնը ունեցաւ ազատ, անկախ հայրենիք, որ մեր գոյութեան կիզակէտը դարձաւ:

Ապա ան ներկայացուց օրուան դասախօսը` Եղիկ Թաշճեան, տարածաշրջանային վերլուծաբան եւ հետազօտող, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական եւ անվտանգութեան զարգացումներու  վերաբերեալ:

Դասախօսը խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մասին, լուսարձակի տակ առաւ այն բոլոր կորուստները, որոնք դժուար է վերականգնել, նոյնիսկ եթէ Թուրքիա օր մը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը. արդարեւ, դժուար է ետ բերել նահատակները, կալուածները, եկեղեցիները, որոնք մզկիթի վերածուած են կամ` բոլորովին քանդուած:

Եղիկ Թաշճեան լուսարձակի տակ առաւ Ցեղասպանութեան հինգ հիմնական հետեւանքներ.

Առաջին` հայրենազրկում. արդարեւ, մենք չենք կրնար հայրենիք վերադառնալ, եւ Թուրքիան չ՛ուզեր հայկական հողերը վերադարձնել:

Երկրորդ` մարդկային կորուստներ, որոնց մէջ պէտք է նկատի ունենալ ոչ միայն մէկուկէս միլիոն նահատակուածները, այլ նաեւ` ջարդին իբրեւ հետեւանք իսլամացածները:

Երրորդը մշակոյթային ժառանգութեան կորուստն է. արդարեւ, մենք կորսնցուցինք մեր եկեղեցիները, դպրոցները եւ մտաւորական դասը: Այս ծիրին մէջ դասախօսը խօսեցաւ նաեւ ճերմակ ցեղասպանութեան մասին:

Ցեղասպանութեան չորրորդ հետեւանքը նիւթական կորուստն է: Հայերու կորուստը շատ մեծ է, որովհետեւ անոնք ունեցուածքներ պահք դրած էին դրամատուներուն եւ ապահովագրական ընկերութիւններուն մէջ:

Իսկ հինգերորդը հոգեկան խեղումներն ու հոգեբանական բարդութիւններն են, որոնք մեր ծիներուն մէջ մուտք գործած են, սերունդներու հոգեխոց պատճառած են, ու կը շարունակուի այս հոգեկան տագնապը, այնքան ատեն որ Թուքիան կը մերժէ եւ կը դրժէ Ցեղասպանութիւնը, եւ ուրեմն մենք ունինք վախի ու անապահովութեան զգացումը: Հետեւաբար դժուար է այսօր Թուրքիոյ հետ հաշտութիւն կնքել, դիտել տուաւ Ե. Թաշճեան:

Շինիչ եւ հետաքրքրական դասախօսութենէն ետք ուղղուեցան հարցումներ, որոնց սպառիչ պատասխան տուաւ դասախօսը:

Նախորդը

Պուրճ Համուտէն… Բարի Զատիկ

Յաջորդը

«Քրիստոսի Յարութիւնը Հիմնաքարն Է Քրիստոնէական Մեր Հաւատքին», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.