Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Պրէօվէի Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնք Ապահոված Աշակերտներու Պարգեւատրում

February 25, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` Ալեքս Կիւրիւնեանի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 24 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2010-2011 տարեշրջանի պրէօվէի պետական քննութիւններուն գերազանց արդիւնք ապահոված աշակերտներու պաշտօնական պարգեւատրում:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ԼԵՄ-ի անունով ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Փաթիլ Գալուստեան, որ ներկաներուն յիշեցուց Գարեգին Նժդեհի հեռատես պատգամը` «Ուզո՞ւմ ես գուշակել, տեսնել, մի ժողովուրդի ապագան, նայի՛ր նրա երիտասարդութեան»:

Ան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները եւ շեշտեց, որ հայ դպրոցը, ուսուցիչը, ընտանիքն ու եկեղեցին մեծ նպաստ ունին այս յաջողութիւններուն հասնելու աշխատանքին մէջ:

Գալուստեան աւելցուց. «Մեր հաւաքական կեանքին մէջ իւրաքանչիւր հայ կրթական, քաղաքական, մշակութային, կրօնական, մարզական կամ այլ կազմակերպութիւն, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներն ու մամուլը զօրաւոր ազդակներ են, որոնք կը կերտեն հայ մարդը եւ հայապահպանման կը նպաստեն սփիւռքի մէջ, ուր համաշխարհայնացման փոթորիկը պատրաստ է կլանելու ազգային արժէքները արհամարհող բոլոր անգիտակից ու անպատասխանատու անհատները»:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժնով Քրիսթին Սրապոնեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Լուսաբաց»-ը, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան պատգամախօսը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան:

Վերջինս անդրադարձաւ սերունդներու դաստիարակութեան հարցին` զգուշացնելով ներկաները եւ նշելով, թէ «վայ այն ազգին, որուն երիտասարդութիւնը չէ զինուած ուսումով եւ գիտութեամբ»:

Պատգամախօսը յիշեցուց, որ տարագրութեան դժնդակ օրերուն իսկ մեր գաղթօճախներուն մէջ բացուեցան հայկական դպրոցներ, որովհետեւ անոնք հիմնական դեր ունին` ազգապահպանման ու հայակերտման հոլովոյթին մէջ: Ան միաժամանակ անդրադարձաւ հայ դպրոցին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն` «համակարգիչի կոճակներու դարուն» եւ համաշխարհայնացման հոսանքի սպառնալիքներուն դիմաց:

Զոհրապ Ղազարեան նաեւ խօսեցաւ օտար վարժարան յաճախելու հոսանքին մասին, որ յաճախ կ՛արդարացուի ոչ արդարացի պատճառներով` անտեսելով անոր հեռաւոր աւերները:

Ղազարեան աշակերտները հայկական վարժարան ուղարկելը սեպեց պարտաւորութիւն:

Անդրադառնալով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի որակաւոր եւ մասնագիտացած մարդուժ պատրաստելու աշխատանքին` Ղազարեան նշեց, որ «քաջալերելի է տեսնել, որ ԼԵՄ-ը Հայ դատը ծանօթացնելու առումով քարոզչական ձեռնարկներու կազմակերպումով չի սահմանափակուիր, այլ երիտասարդական եւ ուսանողական կեանքի տագնապներուն իրազեկ ըլլալով, տարբեր ձեռնարկներով կը քաջալերէ երիտասարդները, որպէսզի շարունակեն իրենց ուսումը: Ի վերջոյ Հայ դատի երկարաշունչ ու ծանր աշխատանքներուն մէկ մասը կը ծանրանայ կենսալից ուսանող-երիտասարդներուն ուսերուն»:

Խօսելով ձեռնարկին մասին` Զոհրապ Ղազարեան ըսաւ. «Ազգօգուտ այս նախաձեռնութիւնը այսօր կը համախմբէ մեզ` պատուելու համար հայ վարժարանի հայ աշակերտը, որ իսկապէս ալ պատիւն է հայ ազգին` հայրենիքի եւ մանաւանդ սփիւռքի մէջ»:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան «Կարապալա» քառանդամ խումբին անդամները` Ալին Նագգաշեան (երգչուհի), Հրակ Գարագաշեան (կիթառ/երգիչ), Հրակ Տեմիրճեան (ջութակ) եւ Արամ Փափազեան (հարուածային), որոնք նուագեցին շարք մը հայկական սիրուած երգեր` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն եւ ողջոյններուն:

Ապա կարդացուեցաւ պարգեւատրուող աշակերտներուն անուանացանկը. անոնք ստացան ԼԵՄ-ի կողմէ տրամադրուած նուէրներ եւ յուշանօթ մը:

Նշենք, որ «Գերազանց» արդիւնք ապահովող աշակերտներուն թիւը աճ արձանագրած է, ինչ որ անգամ մը եւս կու գայ փաստելու հայկական վարժարաններու ուսման մակարդակը:

Իսկ «Շատ լաւ» յիշատակութիւն արձանագրող աշակերտները նոյնպէս արժանացան նիւթական պարգեւատրումներու: Անոնց անուններն են.

Հռիփսիմեանց վարժարանէն` Թաշճեան Անի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն` Էքմեքճեան Սարին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն` Չարըքեան Մեղրի, Թէքէեան վարժարանէն` Թորոսեան Մարալ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն` Պալապանեան Բալիկ եւ Հայ աւետարանական քոլեճէն` Տեմիրճեան Արազ:

Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը հայկական վարժարաններու 9-րդ կարգի բոլոր յաջողող աշակերտներուն անխտիր պիտի նուիրէ Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» գիրքը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. Դասախօսութիւն` Քրոնիկ Հիւանդութեանց Հետ Կապ Ունեցող Ընկճուածութեան Դարմանումին Մասին

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ 2013-Ին Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման» Կ՛Ըսէ Քլինթըն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.