Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հիմքերը Պէտք Է Ըլլան 2020-ի Վերջաւորութեան Եւ 2021-ի Ընթացքին Ձեռք Բերուած Եռակողմ Համաձայնութիւնները»

April 15, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմքերը պէտք է ըլլան Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւնները: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան:

«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հիմքերը պէտք է ըլլան Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու` 2020 թուականի վերջաւորութեան եւ 2021 թուականի ընթացքին ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւնները», ըսած է ան:

Զախարովան յիշեցուցած է, որ Փութին Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ քննարկած է այդ համաձայնութիւններու իրականացման առնչուած հարցերու ամբողջ շրջանակը, ատիկա քննարկուած է նաեւ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին:

Քննարկուած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրին առնչուող հարցեր: «Ռուսիան պիտի շարունակէ բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման», ըսած է Զախարովա:

Զախարովա, պատասխանելով հայ պատգամաւորներու Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի մուտք գործելու արտօնութեան առնչուած վերջին խնդիրին, յայտնեց.«Կը կարծենք, որ յայտարարութիւնները ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններուն մասին, որոնք իբրեւ թէ կը հակասեն 9 նոյեմբեր 2020¬ի յայտարարութեան կէտերուն, իրականութեան չեն համապատասխաներ: Մենք կ՛ակնկալենք, որ հաշուի առնելով թէ՛ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, թէ՛ ալ հայ-ազրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներու մէջ տեղի ունեցած միջադէպերը, երկու կողմերն ալ ձեռնպահ պիտի մնան շրջանին մէջ կացութեան լրացուցիչ սրող քայլերէն»:

Յայտնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած էր, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինուորները Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խումբ մը պատգամաւորներու չէին արտօնած մուտք գործել Արցախ, եւ յայտնած, որ ատիկա կը հակասէ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան:

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար 13 ապրիլին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին այսօր Ազգային ժողովի մէջ կարեւոր եւ հեռատես խօսքը: Բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը մնան համապարփակ լուծման ճամբուն վրայ, սակայն կարեւոր է յառաջ շարժիլ: Հայաստանը ունի Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը արդար խաղաղութեան որոնման համար»:

 

Նախորդը

«Կը Հաւատամ, Որ Եթէ Կարողացանք Իբրեւ Պետութիւն Օգտուիլ Դրական Զարգացումներէն, Կրնանք Լիբանանի Համար Աւելի Լաւ Ապագայ Մը Կերտել» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Պէտք Չէ Մեզ Վախցնել Պատերազմով, Ատիկա Մեզի Պիտի Չպարտադրէ Հրաժարիլ Մեր Որդեգրած Պայքարէն»

RelatedPosts

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է  Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը
Հայկական

Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը

March 6, 2026
Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է  Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը
Հայկական

Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.