ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու Եւրոպական խորհուրդի նախագահի հովանիին տակ հանդիպումը եւ խաղաղութեան հաւանական համաձայնագիրի հոլովոյթի մեկնարկը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը նշուի ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Նախագահութիւնը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու բոլոր ջանքերուն` ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ խաղաղ միջավայրի ապահովման», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


