Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ ՋԱՀ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ Լիբանան գտնուող արցախցի պատանիները կը շարունակեն իրենց տաղանդով, դրական ներկայութեամբ ոգեշնչել լիբանանեան առօրեան, յատկապէս լիբանանահայ դպրոցներ տուած իրենց այցելութիւններով ու իրենց հասակակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումներով:
Արդարեւ, Այնճարի մէջ իրենց շրջագայութենէն, հոն տուած իրենց ելոյթէն ետք, երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2022-ին արցախցի պատանիները ելոյթները ունեցան Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ եւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Վահան Թէքէեան եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարաններու աշակերտներուն համար:
Նոյն օրուան երեկոյեան անոնք այցելեցին Հարիսա եւ Զմմառու վանքը:
Երեշքաբթի, 5 ապրիլ 2022-ին անոնք ելոյթներ ունեցան` Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի եւ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի սրահներուն մէջ:
Հարկ է նշել, որ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի մէջ պատանիները նախաճաշի հիւր եղան եւ, աւարտին, 12-րդ դասարանի աշակերտութեան հետ միասնաբար երգեցին «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգը:
Չորեքշաբթի, 6 ապրիլին պատանիները ելոյթներ ունեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարաններու մէջ: _


