Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առ Յաւէտ Կը Մեկնի Ազգային Մը Եւս…(Կարապետ Բարսեղեանի Անմար Յիշատակին)

February 25, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մահուան սեւ ուրուականը անգամ մը եւս իր ճիրանները սրելով` մեզմէ վերջնականօրէն խլեց մեր բոլորին սիրելի «դեղագործ Կարոն»: Ազգասէր, մշակութասէր, կենսուրախ եւ նուիրեալ հայորդին այս աշխարհէն մեկնեցաւ` իր հարազատներուն ու շրջապատին ձգելով անմոռանալի յուշեր` մերթ քաղցր, մերթ դառն, բայց յստակ ու տիրական է այն, որ ան բարի համբաւ, ազգային ու միութենական գնահատելի ու յիշարժան վաստակ ձգեց իր շրջապատին մէջ:

16 յունուար 2012-ին իր լրումին հասաւ Կարապետ Բարսեղեանի կեանքը: Աշխատասէր, տիպար ամուսինը, օրինակելի հայրը եւ անմոռանալի մեծ հայրը մեզի հետ չէ այլեւս: Չկայ ժպտերես, համեստ, ընկերասէր ու ազնիւ ընկեր Կարոն, որուն համար լաւագոյնս կը համընկնի այս երգը.

«Բարի գեղեցիկ առաքինի ընկերը մարդուն,
Որ փայլեցնէ արեւի պէս պատկերը մարդուն
Ինչ մարդ ունենայ իւր մօտը հաւատարիմ ընկեր,
Ցերեկի նման անցնում է մութ գիշերը մարդուն»:

Աշուղ Չիւանի

Կարապետ Բարսեղեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին իր գիտելիքներն ու կեանքի փորձառութիւններ մէկտեղելով` բծախնդիր հոգատարութեամբ ոչ մէկ ճիգ խնայեց իր նպաստը բերելու միութենական թէ հասարակական, դպրոցական թէ ընկերային կեանքին: Ան չմերժեց որեւէ առաջարկ, այլ սիրով ընդառաջեց ամէն տեսակ խնդրանքի` քաջ գիտնալով, որ այն ինչ որ կը զոհաբերէ, յօգուտ ազգին է:

Ի տես այս երեւոյթին Կարապետ Բարսեղեան տարիներ շարունակ մաս կազմած է Ազգային Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձութեան որպէս ատենապետ, իր գործունէութիւնը շարունակած է որպէս հաւատարիմ անդամ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերուն մէջ: ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման»-ի ընդմիշտ հաւատարիմ ընկեր էր` դաշնակցական մտածողութեամբ եւ այս «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսով համակուած:

Հանգուցեալը անսահման սէր ունէր հայոց լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ, որոնց քաջատեղեակ էր շնորհիւ իր ընթերցասիրութեան: Անոր կեանքի հիմնական ձգտումներէն մէկն էր հարստացնել իր գիտելիքներու պաշարը միեւնոյն ժամանակ շրջապատի ուշադրութեան յանձնել նոր բառակազմութիւն մը կամ նոր հրատարակուած հայ գիրք մը, որուն նպատակն էր սէր սերմանել մայրենի լեզուին հանդէպ.

Գիրքը անոր անբաժան ընկերն էր:

Այո՛, դիւրին չէ ընդունիլ այն դառն իրականութիւնը, թէ ինք մեզի հետ չէ այսօր: Մեզմէ վերջնականօրէն բաժնուած է մարդը մը, որ օժտուած էր ոչ միայն բազմակողմանի տաղանդով, այլ նաեւ մարդկային կարեւոր առաքինութիւններով, սակայն անոր բարի գործերն ու հայրենասէր տիպարը, իր համեստ բնաւորութիւնը վառ պիտի մնան մեր յիշողութեան մէջ:

«Միայն անմահ գործն է խօսում
լաւ ու վատ,
Ա՜խ երանի ով մարդ կը գայ
Ու մարդ կ՛երթայ անարատ»:

Յ. Թումանեան

 

Բիւր յարգանք իր յիշատակին:

ՍԿԱԳԻՐ

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ական Եղբայր Պետիկ Սարգիսեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Ոչինչէն Շատ Բան Կերտեցիր Եւ Բարի Յիշատակներով Հեռացար(Ճոնի Պոյի Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.