Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԼԱՔ. ՕՊԱՄԱ-ՔԼԻՆԹԸՆ ԶՈՒԳԵՐԳ` ԼԻՊԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

April 1, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ նախագահ Օպամա երկուշաբթի, 28 մարտի յետմիջօրէին չյայտարարէր, որ Լիպիոյ նախագահին դէմ ամերիկեան եւ ՕԹԱՆ-եան միջամտութիւնը լիպիացիներու կեանքը փրկելու, զանոնք ջարդերէ զերծ պահելու համար է, աշխարհը մոլորութեան մէջ պիտի իյնար եւ սկսէր հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն ընել Լիպիոյ մէջ (եւ այլուր) Արեւմուտքի զինակիցներուն շահադիտական հաշիւներուն մասին:

Սպիտակ տան պետը ճակատաբաց եւ խղճի ամենայն հանդարտութեամբ յայտարարեց (եւ իր արտաքին գործոց նախարարը` Հիլըրի Քլինթըն երեքշաբթի օր միացաւ զուգերգին), որ ամերիկեան միջամտութիւնը լիպիացիները ջարդերէ փրկելու համար է, թէ` կարելի չէ սպասել, որ զանգուածային գերեզմաններ գոյանային, որպէսզի միջամտութիւն կատարուէր: Միջամտութիւնը, ուրեմն, կանխարգելիչ էր: Լիպիացիք նախ պէտք է փառք տան Օպամայի, Քլինթընի եւ զինակիցներուն, յետոյ, եթէ ուզեն` քիչ մըն ալ Աստուծոյ, որ նման փրկարարներ ղրկած է աշխարհ:

Ուաշինկթընի ու զինակիցներուն փրկարար միջամտութիւնները արդէն նոր աշխարհի պատմութիւնը կը կերտեն վառ գոյներով (մի՛ մոռնաք, որ արիւնի կարմիրը գոյներուն ամէնէն վառն է…): Աշխարհը եւ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը պէտք է երախտապարտ ըլլան այս պատմութեան կերտումին համար: Չէ՞ որ նոյն փրկարար գործը կը տեսնուի Իրաքի՛ մէջ, Աֆղանիստանի՛ մէջ, Փաքիստանի՛ մէջ: Աշխարհը տեսաւ, որ Սուտանի մէջ ու այլուր ինչպիսի՜ վիճակներ ստեղծուեցան միջամտութեան պակասի հետեւանքով…: Իսկ երբ անմեղներ կը սպաննուին ՕԹԱՆ-ի յարձակումներուն պատճառով, կամ` ամերիկացի զինուորներ սպանեալներու դիակներուն ու մնացորդներուն կողքին կանգնած` հերոսաբար կը լուսանկարուին, զինուորական պատասխանատուներ կը փութան ներողութիւն խնդրել ու քանի մը տոլարի «արեան գին» վճարել… փրկարար նպատակներով:

Եւ որպէսզի մարդիկ անդրադառնան, որ Ուաշինկթըն ինքնագլուխ չի գործեր, կամ` առանձին չէ փրկարար գործին մէջ, Օպամա յայտարարեց, թէ արաբական աշխարհն ու եւրոպացի դաշնակիցները բաժնեկից են այս պատասխանատուութեան:

Հայկական առածը կ՛ըսէ. «Աղուէսէն փաստ ուզեր են, պոչը ցոյց տուեր է…»

… Ի վերջոյ, փրկութեան ամէնէն զուլալ իմաստը` կեանքի դառնութիւններէն վերջնական ձերբազատումն է` դէպի լաւագոյն աշխարհ ուղեւորութեամբ: Ահա թէ ինչպէ՛ս պէտք է հասկնալ օպամայական ու քլինթընեան զուգերգը, որուն բաղաձայնօրէն կը մասնակցին զինակիցները:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Նախորդը

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաջորդը

ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆ Է 25 ՏԱՐԵԿԱՆ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»ԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.