Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 13 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ իր չորրորդ մրցումը, երբ կը մրցի Սաֆա Շուիթի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի ամէն գնով առաւելագոյն երեք կէտը խլել իրենց մրցակիցէն:


