«Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան մեկնարկէն շաբաթ մը առաջ, Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը («ՖԻԱ») իր պայմանագրութիւնը միակողմանիօրէն խզեց «Ֆորմիւլա-1»-ի կրան փրիները ուղղակիօրէն պատկերասփռող ռուսական ընկերութեան հետ:
Արգիլուեցաւ նաեւ Ռուսիա մուտքը «ԷՖ.- Թի. Վի. Փրօ» առցանց պատկերասփռումին:
Ասիկա բնականաբար արդիւնք է Ռուսիոյ զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժումին:
Նշենք, որ «Ֆորմիւլա-1»-ը Ռուսիոյ մէջ ուղղակիօրէն անդադար կը պատկերասփռուի 1990-ական թուականներէն ի վեր:


