Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արթուր Մկրտչեանի 63-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս Ստեփանակերտի Մէջ
Փետրուար 21-ին Արցախի պետական պատմական երկրագիտական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, ՀՅԴ-ի անդամ Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան 63-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացումը:
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանը, Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամներ, Արթուր Մկրտչեանի հարազատները, կուսակցական եւ մարտական ընկերներ:
Արցախի պատմական երկրագիտական թանգարանի տնօրէն Ժաննա Առստամեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ցուցադրութիւնը կազմակերպուեցաւ թանգարանի պահեստանոցներու մէջ առկայ ցուցանմուշներով` Արթուր Մկրտչեանի վերաբերող լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ անձնական իրեր: «Ցուցանմուշները մենք ժամանակին հաւաքագրած ենք եւ խնամքով պահած ենք թանգարանի ֆոնտապահոցներուն մէջ: Արթուր Մկրտչեանի վերաբերող ցուցանմուշներուն մեծ մասը պահուած էր Հադրութի պատմական երկրագիտական թանգարանին մէջ», յայտնեց Ժ. Առստամեան:
Նախարար Անահիտ Յակոբեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց Արթուր Մկրտչեանի աւանդը` Արցախի պատմութեան ճակատագրական ժամանակաշրջանին. «Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեան կրցաւ Արցախի Հանրապետութեան կերտման ճանապարհին ունենալ եզակի աւանդ: Մեր ազգապահպանութեան, մեր արեան գնով այս փոքրիկ երկրամասի պահպանման համար մենք պարտական ենք իրեն պէս գործիչներու», նշեց ան:
Արթուր Մկրտչեանի կինը` Գոհար Մկրտչեան, իր խօսքին սկիզբը զարմանք յայտնեց այն փաստին համար, որ 2020 թուականի պատերազմէն քանի մը օր առաջ Արթուր Մկրտչեանին Արցախի հերոսի կոչում շնորհուեցաւ: Ըստ անոր, բաւական ժամանակ անցած էր, եւ դժուար էր մտածել, որ այդքան երկար ժամանակ անհրաժեշտ էր գիտակցելու համար անոր գործին արժէքը: «Արթուր Մկրտչեան այնքան լուսաւոր եւ պայծառ անհատ էր, որ մօտէն չճանչցողներուն մօտ կրնայ ստեղծուիլ այն տպաւորութիւնը, թէ հեքիաթներ կը պատմենք», նշեց Գոհար Մկրտչեան` կիսուելով Արթուր Մկրտչեանի մասին յիշողութիւնները:
Արցախի նախագահի խորհրդական Արմէն Սարգսեանի համաձայն, թէեւ Արթուր Մկրտչեան մօտաւորապէս 100 օր ղեկավարեց, բայց այդ ընթացքին ան պատմութեան մէջ մտաւ` իբրեւ հայոց պատմութեան լաւագոյն ղեկավարներէն մէկը. «Արթուր Մկրտչեան բնականօրէն ընդունուեցաւ ժողովուրդին կողմէ, որովհետեւ ինքը քաղաքական խաղերով կամ դուրսէն չեկաւ իբրեւ ղեկավար: Արթուր Մկրտչեան Արցախի ազգային-ազատագրական շարժումի առաջնորդներէն էր` յատկապէս Հադրութի շրջանին մէջ: Ինքը ժողովուրդին հետ միասին պայքարեցաւ, ժողովուրդին հետ միասին ապրեցաւ նոյն ցաւերով եւ բնական ընթացքին եղաւ պետութեան գլուխ»: Արմէն Սարգսեան նշեց, որ Արթուր Մկրտչեան ձեռնոց նետեց այն ժամանակուան աշխարհաքաղաքական խաղերուն եւ` իբրեւ այս փոքրիկ պետութեան ղեկավարը, փորձեց նոր օրէնքներ սահմանել: «Ինքը բիրտ քաղաքականութեան մէջ փորձեց բերել բարոյականութիւն», ըսաւ Արմէն Սարգսեան` աւելցնելով, որ Մկրտչեանի դերը կ՛որոշուի ոչ թէ ղեկավարած օրերուն քանակով, այլ` կատարած աշխատանքով:
Ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեան անդրադարձաւ գիտնական, ազգագրագէտ Արթուր Մկրտչեանի գործունէութեան: «Հադրութի շրջանային թերթերէն մինչեւ Մոսկուայի տարբեր գիտաժողովներու ժողովածուներու մէջ ան այնպիսի համարձակ նիւթերու մասին կը գրէր, որ Խորհրդային Միութեան ժամանակ կարծես թէ պէտք է գրաքննութեան ենթարկուէր: Այդ ամէնը Արթուր Մկրտչեան իրականացուցած է գիտական բարեխղճութեամբ: Արթուր Մկրտչեանի աշխատանքը Արցախի գիւղական կեանքի իւրօրինակ հանրագիտարան է: Ան ոչ միայն անդրադարձ կատարեց արցախահայութեան հասարակական կենցաղին, այլ նաեւ ամենատարբեր ոլորտներուն` ազգագրական-ժողովրդագրական գործընթացներէն մինչեւ անհատի դեր, ընկերութեան Խորհրդային Միութեան ժամանակ միջազգայնականութեան բովով դաստիարակուող ժողովուրդներուն կ՛ըսէին, որ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդները իրարու հետ բարեկամութիւն կ՛ընեն: Այդ բարեկամութեան իրական պատկերը տուած է նոյնինքը Արթուր Մկրտչեանը», իր խօսքին մէջ մանրամասնեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Շարունակելով ընկերութիւն ընելու նիւթը` Գոհար Մկրտչեան նշեց, որ Արթուր Մկրտչեան հարց բարձրացուցած է, թէ ինչո՞ւ այստեղի հայութիւնը ընկերութիւն կ՛ընէ ազրպէյճանցիներու հետ, իսկ այլ տեղերու մէջ` ոչ: Այս կ՛ապացուցէր միայն հայերուն խոցելի անվտանգութիւնը ազրպէյճանցիներու դրացութեամբ:
Աւելցնենք, որ Արթուր Մկրտչեանի նուիրուած ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ անոր մահուան օրը` ապրիլ 14:
«Մայրենիի Ուսումնասիրութեան Եւ Ուսուցման Արդի Հարցեր» Նիւթով Գիտաժողով
1999 թուականին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր համաժողովի նստաշրջանի որոշումով ընդունուած Մայրենի լեզուի միջազգային օրը, որ աշխարհի մէջ կը նշուի իբրեւ մայրենի լեզուներու իրաւունքներու ճանաչման եւ գործածութեան աջակցութեան օր, Հայաստանի մէջ նշուելու սկսաւ 2005 թուականէն:
Հայոց լեզուի հիմնական հարցերուն նուիրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի եւ Գաւառի պետական համալսարանի նախաձեռնած «Մայրենիի ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման արդի հարցեր» խորագիրով միջազգային առցանց գիտաժողովը, որ կայացաւ Մայրենի լեզուի միջազգային օրը` փետրուար 21-ին: Գիտաժողովին մասնակցեցան ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի, այլ նաեւ աշխարհի մէկ տասնեակէ աւելի երկիրներու լեզուաբան-հայագէտներ եւ գործիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի ԳԱԱ-ի Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վիքթոր Կատուալեան:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով օրհնութեան խօսք արտասանեց Շահան արք. Սարգիսեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի ԳԱԱ-ի հայագիտութեան եւ մարդասիրական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը, պետական-քաղաքական գործիչ, Հայաստանի սփիւռքի նախկին նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան Լեզուի կոմիտէի նախագահ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Դաւիթ Կիւրճինեանը, Գաւառի պետական համալսարանի նախագահ, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Ռուզաննա Յակոբեանը:
Սորպոնի համալսարանի արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու պետական հիմնարկի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր, Հայաստանի ԳԱԱ-ի արտասահմանեան անդամ Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսը (Ֆրանսա) իր խօսքին մէջ յատկապէս տեղեկացուց, թէ հիմնարկին մէջ կրնան հիմնել «Հայագիտութիւն» մասնագիտութեամբ մագիստրոսական դրամաշնորհային ծրագիր, որուն դասաւանդման ցանկը կը ներառէ արեւմտահայերէնը, հայ գրականութիւնը, սփիւռքագիտութիւնը:
Միլանի համալսարանի փրոֆեսէօր Անտրէա Սկալան (Իտալիա) ներկայացուց Ֆլորենսիայի բարբառը` իբրեւ ժամանակակից իտալերէնի կազմաւորման հիմք, անդրադարձաւ բարբառներու գերակայութեան, գրական լեզու-բարբառ առնչութիւններուն` մանրամասն դիտարկելով մարզային իտալերէն եւ բնօրինակ իտալերէն յարաբերակցութիւնները:
Սանթ Փեթերսպուրկի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի ամպիոնի աւագ դասախօս, «Մեր գործը» դաշնային թերթի խմբագիր Տոնարա Մկրտչեան (Ռուսիա) խօսեցաւ Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ գրաբարի, հայ գրականութեան դասաւանդման, հայագիտական եւ հայերէնագիտական միջազգային գիտաժողովներու կազմակերպման մասին` իբրեւ հայ ինքնութեան պահպանման գրաւականներ, նաեւ առաջարկեց յօդուածներ ներկայացնել իր խմբագրած թերթին:
«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան (Լիբանան) իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց այսպիսի հանդիպումները` հայագիտութեան ոլորտի տարաբնոյթ հարցերը վերհանելու եւ համահայկական ներուժը համախմբելու տեսանկիւնէն:
Արցախի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի նախագահ Լուսինէ Մարգարեան անդրադարձաւ լեզուաքաղաքականութեան արդիական հարցերուն:
Լուսին Ապաճեան (Սուրիա) նշեց, որ Սուրիոյ հայ համայնքի կրթական-մշակութային հարցերը էապէս կը տարբերին միւս համայնքներու հարցերէն. հայկական դպրոցներու գործունէութեան կազմակերպումը տեղի կ՛ունենայ հայկական եկեղեցիներու, ազգային կուսակցութիւններու, հասարակական, մշակութային, հայրենակցական, բարեսիրական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու միջոցներով ու ջանքերով: Ան շեշտեց, որ կրթական կեանքի կարեւոր հարցերէն են դասագիրքերը, ուսուցիչներու վերապատրաստումն ու սերնդափոխութիւնը, ծրագիրները, մեթոտական ուղեցոյցները:
Արին Պուլուզեան (Լիբանան) ներկայացուց Լիբանանի մէջ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ գործող դպրոցներէն մէկուն հարցերը, ծրագիրները: Ան նշեց, որ հիմնական հարցը հայերէնի ուսուցիչ գտնելն է, որովհետեւ աշխատավարձը չնչին է: Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ դասագիրքերու եւ ուսումնական ծրագիրներու, մանկական նոր գրականութեան անբաւարար ըլլալու վերաբերող հարցերուն: Տեղեկացուց, որ փորձած են ստեղծել մայրենիի առցանց դպրոց` 3-99 տարեկաններու համար, կը դասաւանդեն հայերէնի քերականութիւն, գրականութիւն, պատմութիւն, մշակոյթ:
Աւօ Պագգալեան (Քանատա) խօսեցաւ Մոնրէալի մէջ հայերէնի ուսուցման հարցերուն մասին: Ան դիտել տուաւ, որ երկրին մէջ 40 հազար հայ կայ, սակայն հայկական դպրոց կը յաճախեն ընդամէնը 3 հազար երեխաներ, քանատահայ երիտասարդութեան լեզուամտածողութիւնը ցաւալիօրէն արդէն հայերէն չէ:
Կտանսքի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկէն Հրայր Մաղաքեան (Լեհաստան) նշեց, որ լեհահայ համայնքին մէջ հարցերը գրեթէ նոյնն են, ինչպէս սփիւռքի միւս գաղութներուն: Մայրենին նահանջ կ՛ապրի, ամէնօրեայ դպրոցներ չկան, կան միայն միօրեայ դպրոցներ: Ընտանիքներու մէջ եւս մայրենին կը նահանջէ, որովհետեւ ծնողները իրենք ալ կը խօսին օտար լեզուով:
Կրասնոտարի Յովհաննէս Թումանեանի անուան հայկական մշակութային-լուսաւորչական կեդրոնի տնօրէն Երազիկ Յարութիւնեան (Ռուսիա) խօսեցաւ աշխարհի ամէնէն ստուար հայ համայնքի` Կրասնոտարի մօտ մէկ միլիոննոց համայնքին մասին, ուր, այդուհանդերձ, ամէնօրեայ դպրոցներ գրեթէ չկան` կա՛մ միօրեայ են, կա՛մ երկօրեայ: Կան մշակութային միութիւններ, որոնք կը փորձեն պահել հայկականութիւնը: Հիմնական հարցը դասագիրքերն են: Անհրաժեշտութիւն կայ ստեղծելու այնպիսի գիրքեր, որոնք ռուսախօս երեխային համար խրթին չըլլան եւ նպաստեն անոր` երբեւէ հայրենիք վերադառնալուն:
Շահեկան ելոյթներ ունեցան նաեւ Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի նախագահ Աշոտ Գալստեանը, Գաւառի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի նախագահ Թաթուլ Ասոյեանը, Ֆրանսայի Լը Ռենսի Դպրոցասէր վարժարանի ուսուցչուհի Նորա Պարուճեանը, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Յովհաննէս Զաքարեանը («Տաթեւ» գիտական կրթական համալիր) եւ ուրիշներ:
Աւելի քան չորս ժամ տեւած առցանց գիտաժողովին խօսք արտասանողներուն եւ մասնակիցներուն ներկայանալի կազմը կարեւոր եւ նուիրական հարցի մը շուրջ համախմբուեցաւ թէ՛ մայր հայրենիքի, թէ՛ Արցախի, եւ թէ սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի ուսուցման եւ անոր հետ սերտօրէն շաղկապուած հայապահպանութեան հարցը:
Իրենց ամփոփիչ խօսքերուն մէջ Եու. Սուվարեան, Հ. Յակոբեան եւ Վ. Կատուալեան գոհունակութիւն յայտնեցին համաժողովի ընթացքին հնչած դիտարկումներուն, ներկայացուած առաջարկներուն եւ ծրագիրներուն մասին, նաեւ արձանագրեցին, որ համաժողովը հեռանկարներ բացաւ համահայկական նոր միջոցառումներու կայացման, ծրագիրներու իրականացման եւ արդիւնաւէտ գործակցութեան համար: Ընդգծուեցաւ, որ միտքերու փոխանակութեամբ յագեցած համաժողովը Մայրենիի օրը իսկապէս վերածեց տօնի:
Արտակ Բեգլարեան Մարտունիի Մէջ Մասնակցեցաւ Առաջին Ընկերային–Հոգեբանական Աջակցութեան Կեդրոնի Բացման Արարողութեան
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ բացման արարողութեան ընկերային-հոգեբանական աջակցութեան առաջին կեդրոնին, ուր բնակիչներուն ընկերային խոցելի խումբերը կը ստանան ընկերային եւ հոգեբանական ծառայութիւններ: Այս մասին Արտակ Բեգլարեան գրած է «Թելեկրամ»-ի իր էջին վրայ:
Հաղորդենք, որ ան յայտնած է նաեւ, թէ ծրագիրը իրականացուած է կառավարութեան եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ջանքերով:
Հայաստանի Մէջ Օդանաւ Մը Անուանակոչուեցաւ Նահատակ ՀՄԸՄ-ական Գրիգոր Ղազարեանի Անունով
«Արմենիա» օդանաւի ընկերութեան օդանաւերէն մէկը անուանակոչուեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած ՀՄԸՄ-ական Գրիգոր Ղազարեանի անունով: Այս մասին տեղեկացուցին «Արմենիա» օդանաւի ընկերութեան Դիմատետրի էջէն: «Գրիգոր ազգային մշակոյթի կրողն ու քարոզիչներէն մէկն էր, ինչպէս նաեւ` ձիարշաւի մեծ սիրահար եւ սկաուտական շարժումի աշխուժ մասնակից»:
Անոր համակարգիչին մէջ գտնուեցան բազմաթիւ ազգային ոճով նկարներ, հայ ազատամարտիկներու նուիրուած նիւթեր, իսկ ամէնէն կարեւորը` այս երկտողը. «Բոլոր սիրոյ դրսեւորումները, որոնց մենք կրցանք հանդիպիլ մեր կեանքին մէջ` միայն հայրենիքինն է, որ մարդ կրնայ կրել իր մէջ», հերոսը նշած է իր գրառման մէջ: