Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՈՒԽՏԱՒՈՐԱԲԱՐ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՒԱՐԱՅՐԻ ԴԱՇՏ

February 23, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային առաջնորդարան, Թաւրիզ-Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ չորեքշաբթի 15 եւ հինգշաբթի 16 փետրուար 2012-ին տեղի ունեցան ժողովրդային հանդիսութիւններ` աշակերտական եւ երգչախմբային ելոյթներով: Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» իրենց կեանքը նուիրաբերած սուրբ քաջամարտիկներու յիշատակին:

Վարդանանց տօնակատարութեան ծիրէն ներս Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան ուղղուեցաւ դէպի Աւարայրի դաշտը` յարգանքի տուրք ընծայելու 451 թուականին նահատակուած քաջարի սպարապետ Սուրբ Վարդանին եւ անոր նահատակակից 9 նախարարներուն եւ 1036 վկաներուն:

Աթոռանիստ Թաւրիզ քաղաքէն ցամաքի ճամբով 2.30 ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Աւարայրի դաշտը հասնելու համար հայր սուրբին ինքնաշարժը սուրաց ու անցաւ պատմական Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներէն (այժմու` Խոյ եւ Զերւա քաղաքներ) եւ հասաւ Տղմուտ (այժմու` Աղչայ) գետի ափին բացուած դաշտը, ուր արի արանց բանակը 66 հազար քաջերով մարտնչեցաւ պարսից 300 հազար հաշուող բանակին դէմ: Դաշտին մէջ հսկայ տարբեր ժայռերու եւ անշարժ քարերու վրայ քանդակուած կային խաչանշաններ, որոնք իրենց հնութեամբ կ՛երթան մինչեւ Վարդանանց օրերը, երբ հաւանաբար հայ բանակի զինուորներ, իբրեւ իրենց հաւատքի վերջին արտայայտութիւն, դրոշմած էին զանոնք այնտեղ:

Աւարայրի դաշտին վրայ, կաթողիկոսական փոխանորդի գլխաւորութեամբ, երգուեցան Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց նուիրուած շարականներ եւ ազգային վարդանաշունչ երգեր` «Նորահրաշ պսակաւոր», «Արեգակն արդարութեան», «Թէ հայրենեաց պսակադիր», «Հիմի՞ էլ լռենք եղբարք», «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան», «Ո՜հ դու բարեկամ», «Լռեց, ամպերը», եւ այլ երգեր:

Իր սրտի խօսքը ուղղելով` կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբը ըսաւ. «Մանուկ տարիքէս այս բոլոր երգերը երգած եմ, մանկապարտէզի տարիներուս Քաջ Վարդանի թոռը ըլլալս հաստատած եմ խանդավառ ասմունքով, սակայն այս պահը ինծի համար Աւարայրի խորհուրդով հայօրէն վերստի՛ն ծնելու եւ Տղմուտ ալիքներով ազգային ոգիիս յուզելու խորունկ նշանակութիւն ունի: Վարդան Զօրավարի եւ միւս բոլոր նահատակներուն բոսոր սուրբ արիւնը ըմպած այս հողը նուիրական է իւրաքանչիւր հայու համար, որ իր երակներուն մէջ դեռ կը զգայ արիւնը Վարդան Սպարապետի, Խորէն Խորխորունիի, Գարեգին Սրուանձտեանցի, Հմայեակ Դիմաքսեանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ միւս բոլոր նահատակ զինուորներուն: Հողէն ուժ առած` կը վերադառնամ մեր ազգի նահատակութեան այս բագինէն, աւելի՛ զօրացած քրիստոնէական հաւատքիս ու ազգային ծառայութեան ուխտիս մէջ: Դեռ բիւրաւոր սերունդներ պիտի դաստիարակուին Աւարայրի յաւերժական խորհուրդով: Խորհուրդ` որ այսօր շօշափելի իրականութիւն դարձաւ ինծի համար»,  եզրափակեց հայր սուրբը:

Նախորդը

ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆԴ ԲԱԺԱԿԸ ԹՈՂ ՉՅՈՐԴԻ՛

Յաջորդը

ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ. ՇԱԽՏԻՈՐ – ԱՆԺԻ` 3-1

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.