«Սկզբունքային հարցով հրաժարական տալը այդքան ալ յատկանշական չէ մեր հասարակութեան մէջ»:
Հարոլտ Փինթըր (1930-2008, բրիտանացի թատերագիր
եւ Նոպէլեան մրցանակակիր)
Կիրակի, յունուար 23-ի երեկոյեան կատարած իր բաւական երկար եւ ամբողջական յայտարարութեամբ, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան կը բացատրէր եւ կը բացայայտէր իր հրաժարականի որոշումին դրդապատճառները, որոնք ըստ բաւականին հասկնալի էին հայորդիին համար:
Անհասկնալին այն էր, որ գրեթէ չորս տարիէ ի վեր պաշտօնի վրայ ըլլալով` արդեօք չէ՞ր անդրադարձած, թէ ինք առաւելաբար պարզ, փրոթոգոլային ներկայութիւն մըն էր, գլխաւորաբար ստորագրելով եւ վաւերացնելով վարչապետարանէն եկած տասնեակներով հրամանագրերը: Անոնց շարքին կային թղթածրարներ, որոնք կրնար արդարօրէն եւ իրաւացիօրէն չստորագրել եւ կացութիւն ստեղծել` գահավիժումը արգելակող ճակատումի դուռ բանալով:
Հաւանաբար շատեր կրկնեցին բազմիցս գործածուած` «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք» խօսքը, աւելցնելով, որ ի վերջոյ նախագահ Սարգսեան տեղի տուած էր եւ որոշած` հրաժեշտ առնել:
Դժուար է նոյնիսկ այս յապաղումը վերլուծել: Նախագահը քաջատեղեակ էր, որ կրնար շատ աւելի առաջ ընդհատել իր հլու կամակատարի գործը եւ դուրս գալ քառակուսի անիւի վերածուած միջավայրէն:
Նախագահ Սարգսեան օրին յայտարարեց, որ տեղեակ չէր 9 նոյեմբեր, 2020-ին ստորագրուած եւ 44-օրեայ պատերազմը պարտութեամբ կնքած տխրահռչակ համաձայնագրէն: Հաւանաբար կիսատ-պռատ տեղեկութիւններ հասած էին, որ կացութիւնը լաւ վիճակ չէր պարզեր: Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստեղծուած ողբալի կացութենէն եւս հպանցիկ տեղեկութիւններ հասած էին նախագահին: Տակաւին, (ան)պաշտպանութեան նախարութեան եւ բանակի մէջ տեղի ունեցած հետեւողական եւ անտեղի փոփոխութիւններէն ալ քիչ թէ շատ տեղեակ էր: Ան այդ բոլորին դիմաց մնաց լուռ ու կրաւորական հանդիսատես:
Շատեր նկատի ունենալով Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեանց բացումը եւ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած պայթուցիկ կացութիւնը` այն եզրակացութեան հասան, որ այս դժնդակ պայմաններուն մէջ նախագահը հեռացած է իր պաշտօնէն յաւելեալ ճնշումի տակ չիյնալու եւ քանդիչ նոր փաստաթուղթեր չստորագրելու համար:
Այսուամենայնիւ, մանրամասն բացայայտումներով ներկայացուած նախագահին յայտարարութէնէն հազիւ 48 ժամ ետք, այլ յայտարարութիւն մը եկաւ նոր հարցադրումներու դուռ բանալու: Արդարեւ, երեքշաբթի, յունուար 25-ին ՀՀ նախագահի աշխատակազմը յայտարարութիւն մը եւս լոյս ընծայեց` այս անգամ շեշտելով, որ նախագահ Սարգսեանի հասցէին ամբաստանութիւններ կատարուած են` զայն այպանելով, որ` խախտած է ՀՀ նախագահութեան կանոնները` պահելով այլ երկրի մը քաղաքացիութիւնը:
Յայտարարութիւնը ցաւ կը յայտնէ, որ նմանօրինակ տեղեկութիւններու հրապարակումով եւ սփռումով փորձ կը կատարուի հանրութեան ուշադրութիւնը կրկին շեղելու կեղծ օրակարգով:
Յայտարարութիւնը կ՛եզրակացնէ. «Ուստի, անգամ մը եւս կը վերահաստատենք, որ պահու գնահատականը եւ նախագահին հրաժարականին բուն պատճառները յստակ եւ ամբողջական ներկայացուած են հրաժարականի յայտարարութեան մէջ»:
Նմանօրինակ յաւելեալ միջամտութիւն եւ շեշտակի վերյիշեցում կրնայ հակառակ ազդեցութիւնը ունենալ եւ այլ եզրակացութիւններու դուռ բանալ, այսինքն` եթէ ի վերջոյ ի յայտ գայ, որ իսկապէս երկրորդ քաղաքացիութեան մը մասին տեղեկութիւնները ճիշդ են, թնճուկը կրնայ այլ հարցադրումներու դուռ բանալ: Այս բոլորը, սակայն, երկիրը պարզապէս կը նետեն բիւզանդական վէճերու գիրկը, որմէ ազգը շատ շահելիք չունի եւ անոր ուշադրութիւնը պիտի հեռանայ ճակատագրական հարցերէ®
Հայրենիքի ճակատագիրն ու ապագան գերադասելով անհատներէ` տեղին է ահազանգել, թէ ի՛նչ պիտի կարենայ ընել նախագահի պաշտօնը առժամապէս ստանձնած խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը: Նոյնքան կարեւոր հարցում մըն ալ այն է, թէ նոյնինքն Սիմոնեանի ղեկավարութեամբ ու սահմադրութեան (հաւանական) փոփոխութիւններու կեղծիքով, ո՞վ պիտի ըլլայ Ազգային ժողովին ընտրելիք յաջորդ նախագահը: Հրապարակ նետուած անունները այլ ողբերգութիւններու նախերգանքները կը հնչեցնեն: Հարցադրումներ են, որոնք կը խորացնեն առեղծուածը եւ հետզհետէ աւելի կը շեշտեն անկայուն վիճակը:
Կրկնենք. Հայաստան-Արցախն ու ամբողջ ազգը աւելի քան տարիէ մը ի վեր մատնուած են անկումային վիճակի: Որքան ալ որ կարեւոր եւ, ըստ օրինի, անխուսափելի ըլլան նախագահի հրաժարականին յաջորդելիք փուլերը, հայորդին իրաւունք չունի իր աչքերուն դիմաց քող ու մշուշ տարածելու եւ անտեսելու երկրին փրկութեան հրամայականը, մարտահրաւէր` որ ծանօթ պայմաններուն բերումով ուղղուած է ազգը կազմող բոլոր խմբաւորումներուն, իւրաքանչիւր հայորդիի: