Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խօսած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մասին եւ նշած, որ օրակարգի վրայ են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման քայլերը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հիւրրիեթ»-ը:
«Նպատակը լիարժէք կարգաւորումն է: Հայերը նոյնպէս ատկէ շատ գոհ են, լիարժէք կարգաւորման տանող հոլովոյթին մէջ, բացի թռիչքներու մեկնարկէն եւ յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումէն, պիտի ուսումնասիրուին, թէ յաւելեալ ի՛նչ քայլերու կարելի է ձեռնարկել», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ յաջորդին յատուկ ներկայացուցիչները պիտի քննարկեն վստահութեան ամրապնդման քայլերը:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Հայաստան եւս հրաւիրուած է 11-13 մարտին տեղի ունենալիք Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումին:
«Մինչեւ հիմա իրենց մասնակցութիւնը հաստատած արտաքին գործոց նախարարներու թիւը 39 է: Մենք աշխարհի տարբեր ծայրերէն բոլորը կը հրաւիրենք, հիւրեր հրաւիրած ենք նաեւ մեր շրջանէն` Հայաստանէն, Յունաստանէն եւ նոյնիսկ Կիպրոսի յունական կողմէն, Եգիպտոսէն եւ Իսրայէլէն: Այստեղ բոլորին ձայնը լսելի պիտի ըլլայ, ատիկա (Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումը, «Ա.») դարձած է ազատ հարթակ», ըսած է Չաւուշօղլու: