Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Վերաբերող Փաշինեանի Գաղափարները Ընդվզում Կը Յառաջացնեն Արցախի Մէջ

Դեկտեմբեր 28, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 դեկտեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տուաւ առցանց ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի բանակցային գործընթացին, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն: Անոր արտայայտած միտքերուն եւ կեցուածքներուն մէջ արձանագրուեցան այնպիսի ոչ ազգային տեսակէտներ, որոնք ընդվզումի ալիք յառաջացուցին Արցախի նախագահին եւ Ազգային ժողովին կողմէ, որոնք հանդէս եկան համապատասխան յայտարարութիւններով:

Արդարեւ, ան դիտել տուաւ, որ բանակցային ամբողջ հոլովոյթին ընթացքին ոչ մէկ իշխանութեան ու բանակցողի կողմէ վիճարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրած ազրպէյճանցիներու իրաւունքներուն հարցը: «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը բանակցային հոլովոյթին մէջ երբեք չէ դիտարկուած իբրեւ զուտ եւ միայն հայկական միաւորում, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ ապրած են նաեւ ազրպէյճանցիներ, որոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եղած է բանակցային նիւթ»: Ըստ անոր, հայկական կողմը երբեք չէ ժխտած, որ հանրաքուէին պիտի մասնակցին Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանցի բնակիչները, հիմա երբ ինքնորոշման իրաւունքը կ՛օգտագործուի, Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանցիները, իրենց հերթին, կրնան բարձրացնել իրենց ինքնորոշման խնդիրը:

Ըստ անոր, 2016 թուականին բանակցութիւններուն ներկայացուած են առաջարկներու 3 ծրարներ, ուր 2011 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով չէ ներառուած նախադասութիւն այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը ստանայ միջանկեալ կարգավիճակ: Ան դիտել տուաւ, որ 1993 թուականին ՄԱԿ-ի մէջ որդեգրուած է բանաձեւ, ուր կ՛ըսուի, թէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի տարածաշրջան է` այդպիսով ճանչնալով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Փաշինեան նշեց, որ բանակցային ամբողջ հոլովոյթին հայկական կողմի դիրքորոշումը եղած է` ամէն ինչ ընել, որպէսզի հարցի վերջնական լուծումը ըլլայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան տիրոյթին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ 2016-ին, ըստ էութեան, հարցի լուծման չափորոշիչները տեղափոխուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ, որ Արցախը նկատած է Ազրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջան, ճանչցած Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անխախտելիութիւնը: «Այս աղէտը տեղի ունեցաւ 2016 թուականին բանակցային հոլովոյթին: Ասիկա կարեւոր է այն պատճառով, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի այդ կարգավիճակը կ՛արձանագրուի, կը նշանակէ, որ անոր վերջնական կարգավիճակի ճշգրտումը պէտք է տեղի ունենար Ազրպէյճանի սահմանադրութեան համաձայն»:

Փաշինեան խօսեցաւ այն մասին, որ այսօր արդեօք կարելի՞ է Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել` շեշտելով, որ Հայաստան հետաքրքրուած է անով: «Եւ վերջերս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներն ալ առաջարկեցին բանակցային օրակարգ, որուն կէտերէն մէկը ինքնին համապարփակ եւ խաղաղ կարգաւորման խնդիրն էր: Խաղաղութեան համաձայնագիրը մեր կարեւոր նպատակներէն մէկն է, համապարփակ լուծումը համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրով», յայտնեց ան:

Ան նշեց, որ նախորդ տարուան նոյեմբերէն ինք յայտարարեց, որ հաղորդակցութեան կապերու բացման մասին խօսած է արդէն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած` աւելցնելով, որ Պրիւքսելի մէջ շօշափուեցան տուեալներ, որոնք կրնան միջին լուծումներու հիմք հանդիսանալ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարութեամբ մը պատասխանեց Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտած կարծիքներուն եւ տեսակէտներուն` շեշտելով, որ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ վերապահութեան ու զիջման ենթակայ չէ:

Ան շեշտը դրաւ քանի մը կէտերու վրայ.

«1.- Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ վերապահութեան ու զիջման ենթակայ չէ, եւ այդ հարցի բացառիկ տէրը ինքնին արցախահայութիւնն է: Ուստի, միայն Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները լիազօրուած են խօսելու Արցախի բնակչութեան անունով:

«2.- Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման նպատակը մեր հիմնական ուղենիշն է, եւ անկէ որեւէ զիջում ինքնիրեն չ՛արտօներ ոեւէ իշխանութիւն: Ուստի, Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները երբեւէ ու որեւէ կերպով պիտի չընդունին Ազրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ` մինչեւ մեր նպատակի իրականացում:

«3.- Ո՛չ միայն կարգավիճակի, այլ նաեւ ժողովրդագրական առումով կարելի չէ անցեալին վերադառնալ: Ի՞նչ համատեղ բնակութեան մասին է խօսքը, եթէ Ազրպէյճան կը շարունակէ իր հասարակութիւնը սնուցել հայատեացութեամբ եւ պատրաստել ոչ թէ խաղաղութեան, այլ` Արցախի հայաթափման: Ի հարկէ, մենք կողմ ենք հակամարտութեան խաղաղ լուծման եւ պատրաստ ենք այդ ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու, սակայն մեր ժողովուրդին կենսական իրաւունքները, շահերն ու պահանջները սակարկելի չեն:

«4.- Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի առնուազն այն տարածքներուն մէջ, ուր 1991-ին հռչակուած է Արցախի Հանրապետութիւնը: Ուստի, մեր բռնազաւթուած տարածքները պէտք է ապաբռնազաւթուին, եւ իրենց բնակիչները պէտք է կարենան վերադառնալ իրենց հայրենի տուներ:

«5.- Ինչ կը վերաբերի Արցախի անվտանգութեան, ապա մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը պաշտպանութեան բանակի կարողութիւններու ամրացման ուղղութեամբ, իսկ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը պէտք է մնայ Արցախի մէջ կայուն ու անժամկէտ կերպով` մինչեւ հակամարտութեան վերջնական ու արդարացի լուծումը եւ անվտանգութեան միջազգային լրացուցիչ երաշխիքներու տրամադրումը:

«6.-  Չանդրադառնալով անցեալին բանակցային գործընթացի մանրամասնութիւններուն` պարզապէս պէտք է արձանագրել, որ հիմա պահը շատ աւելի պատասխանատու եւ վճռական է, քան` երբեւէ: Հետեւաբար, իրաւունք չունինք սխալներ թոյլ տալու, այլապէս այդ սխալները կրնան ճակատագրական ըլլալ Արցախի ու Մայր Հայաստանի համար:

«7.- Եթէ ոեւէ հայ կ՛ուզէ աջակցիլ Արցախին, ապա պարտաւոր է հաշուի նստիլ արցախահայութեան կամքին ու նպատակներուն հետ, այլապէս` պէտք է պարզապէս չխանգարել:

«8.- Բոլոր իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, սակայն մեր նպատակներն ու դիրքորոշումները պէտք է պահպանուին ամուր ու անշեղ կերպով: Մեր ազգային արժէքներուն ու նպատակներուն շուրջ միասնականութիւնը կարեւոր է, իսկ, ինչպէս նշեցի, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ իւրաքանչիւր հայու ու իշխանութեան ուղենիշը պէտք է ըլլայ արցախահայութեան կամքն ու նպատակները:

«Արցախը հազարամեակներ շարունակ եղած է հայկական ու պիտի մնայ հայկական, եւ արցախահայութիւնը ունի բաւարար կամք ու ռազմավարական համբերութիւն այդ պայքարը շարունակելու: Անկախ ոեւէ մէկուն կամքէն ու կարծիքէն, վստահ եմ, արցախահայութիւնը պիտի շարունակէ իր արդար պայքարը յանուն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ հայրենիքի պաշտպանութեան», կը նշուի Արցախի նախագահի յայտարարութեան մէջ:

Հայ–Թրքական Բանակցութիւններէն Հայաստան Կ՛ակնկալէ Յարաբերութիւններու Կարգաւորում, Բայց Խնդիրը Բարդ Է Եւ Զգայուն

Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ  Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ քննարկումներուն ու բանակցութիւններուն մասին` նշելով, որ այս գծով պէտք չէ արտայայտել չհիմնաւորուած լաւատեսութիւն, քանի որ այդ լաւատեսութեան հիմքը չկայ, սակայն կողմերը կը դրսեւորեն ցանկութիւն` քննարկելու, խօսելու, փորձելու լաւատեսութեան համար հիմք ստեղծել: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան պատրաստ է այդ ուղղութեամբ քալելու` յոյս յայտնելով, թէ երկու երկիրներու յատուկ բանագնացներուն առաջին հանդիպումը չ՛ուշանար, որովհետեւ հոլովոյթը բաւական երկար է:

Ան շեշտեց, որ ասիկա չի նշանակեր, թէ Հայաստան համաձայն է Թուրքիոյ նախապայմաններուն` «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առնչութեամբ: «Հայաստանը միջանցքային տրամաբանութեան որեւէ հարց չէ քննարկած, չի քննարկեր եւ պիտի չքննարկէ: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն առումով, եթէ հարցը դնենք հաղորդակցութեան կապերու տրամաբանութեան մէջ, մեզի համար կարեւոր է տարանցիկ ուղիներ ստեղծելու, կառուցելու, ձեւաւորելու օրակարգը, եւ եթէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ պարզուի, որ հաւանական բացուող, ստեղծուող փոխադրութեան կապերը աւելի ընդարձակ շրջանային նշանակութիւն կրնան ունենալ, ատիկա մեր օրակարգի կարեւորագոյն հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ, օրինակ` սահմանի եւ հայ-թրքական երկաթուղիի բացումը: Մեր ակնկալութիւնը յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, բայց պէտք է հասկնանք, որ գործ ունինք բարդ խնդիրի հետ, որ ունի բազմաթիւ նրբութիւններ եւ զգայնութիւններ», ընդգծեց վարչապետը:

Փաշինեանի համաձայն, Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները ըսած են, որ պատրաստ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման` առանց նախապայմաններու, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմաններու բացման նախապայման չէ եղած: Իսկ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութիւնը, ըստ վարչապետին, իր դիրքորոշումը յստակօրէն ձեւակերպած է:

Հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչի` Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպման կարելիութեան վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան` Փաշինեան նշեց, որ Էրտողանի հետ հանդիպման գաղափար, պայմանաւորուածութիւն չկայ: «Եթէ Ռուբինեանի բանակցային հոլովոյթը թուրք գործընկերոջ հետ յաջող ընթանայ, եւ հոլովոյթը հասուննայ մինչեւ այդ կէտը, բնականաբար պէտք է անոր յաջորդեն նաեւ բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակով հանդիպումներ», նշեց ան:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցով Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչներու Առաջին Հանդիպումը` Մոսկուայի Մէջ»

Յաջորդը

Արցախի Ազգային Ժողովը` Արցախի Ինքնիշխանութեան Եւ Ենթակայ Կողմ Ըլլալուն Սպառնացող Վտանգներուն Եւ Մարտահրաւէրներուն Մասին

RelatedPosts

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?